Հանդիպում Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Խորհրդականին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները Ուրբաթ, 29 Մարտին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յատուկ խորհրդական Արտակ Բշտիկեանի հետ, որուն կ՛ընկերանար հիւպատոսի խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեանը։
ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան, Կեդրոնական կոմիտէի համատենապետներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Քարմէն Օհանեան, ինչպէս նաեւ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան։
Բշտիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց կուսակցութեան եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին կողմէ Հայայստանի զինուորական ուժերուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար՝ շեշետելով, որ այդ աջակցութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ջանքերուն մէջ։
Խորհրդականը աւելցուց, թէ խաղաղ իշխանափոխութեան առաջնորդած անցեալ տարուան ժողովրդային շարժումէն ետք, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ յատկանշական բարեփոխումներ տեղի ունեցած են, շեշտելով, որ գլխաւոր բարեփոխումը կը նկատէ նախարարութեան սկզբունքային այն կեցուածքը, թէ Հայաստանի զինուորական ուժերուն գերագոյն նպատակը դարձած է պաշտպանել Հայաստանի ազգային շահերը, բարելաւելով զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն պայմանները։
Բշտիկեան շեշտեց, թէ մեծ աղմուկ բարձրացուցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի վերջին յայտարարութիւնը եւ կարգ մը ծրագիրներու բացայայտումը ցոյց կու տան, թէ Երեւան լրջութեամբ կը մօտենայ երկրին պաշտպանութեան կարելիութիւնները ամրապնդելու առաջնահերթութեան։
Ան տեղեկացուց, թէ նախարարութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է բանակային արդիական հիւանդանոցի մը կառուցումը՝ նշելով, որ 24 միլիոն տոլար արժող այս ծրագիրին ամբողջացման շնորհիւ, հիւանդանոցէն պիտի կարենան օգտուիլ ոչ միայն զինուորները, այլ նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաները։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ սփիւռքահայութեան, որ գործնական ներդրում ունենան Հայաստանի զինուորական ուժերուն մէջ սպասարկողներուն ապրուստի եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման ջանքերուն մէջ, բացատրելով, որ նման աջակցութիւններ դիւրացնելու համակարգը արդէն իսկ սկսած է գործելու։
Իրենց կարգին, ՀՅԴի ներկայացուցիչները խոստացան աջակցիլ պաշտպանութեան նախարարութեան գործունէութեան, շեշտելով, որ կուսակցութիւնը միշտ առաջին ճակատի վրայ եղած է հայրենիքի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն մէջ։
asbarez.com