«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ամենազօրն Ու Ամենակալը
«Թուրքիան կ՛ընթանայ դէպի ժողովրդավարութիւն։ Այս նախագահական համակարգով բարձր կը մնայ մեր երկիրը, քայլ պահելով ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետ», յայտնեց Թուրքիոյ նորընտիր, կամ աւելի ճիշդը՝ վերընտրուած նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը, Յունիս 24-ին տեղի ունեցած ընտրութիւնները հազիւ աւարտած։
Թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս խօսքը, եւ բաղդատել սուլթանամէտ եւ անհատի վրայ կեդրոնացած գործելաձեւը ժողովրդավարութեան հետ․․․։ Այդ մէկը հաւանաբար շատ աւելի մօտէն գործի պիտի լծէ արդէն իսկ բազմազբաղ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները։
Յստակ էր, որ Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները մեծ անակնկալներ պիտի չստեղծէին։ Բոլոր դէտերուն համար սպասելի էր, որ սուլթանամէտ Էրտողանը պիտի տիրանար յաղթանակին, նոյնիսկ առանց երկրորդ հանգրուանի ընտրութեան առիթ տալու։ Անցեալ Ապրիլ 16-ին արդէն իսկ թուրք ժողովուրդը մեծամասնութեամբ «այո՛» քուէարկած էր ի նպաստ նախագահական համակարգին, պարտութեան մատնելով «ո՛չ»ին, այսինքն խորհրդարանական համակարգը, որ անցաւ Թուրքիոյ անցեալի պատմութեան:
Ոչինչ փոխուած է, համեմատած՝ անցեալ Ապրիլի «այո՛» թէ «ո՛չ», այսինքն՝ նախագահակա՞ն, թէ՞ խորհրդարանական համակարգի ընդրապայքարէն։ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը (AKP), իր կողքին ունենալով ազգայնամոլ «Ազգայնական Շարժում» (MHP) կուսակցութիւնը, կը շարունակէ վայելել բաւական մեծ ժողովրդականութիւն՝ ընդդիմադիր «Հանրապետական Ժողովուրդի» կուսակցութեան (CHP) եւ քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութեան (HDP) դէմ յանդիման:
Սակայն, տեղին է նշել թէ այս ընդդիմադիր կուսակցութիւնները սպասուածէն աւելի քուէներ կրցան ապահովել, եւ եթէ գործակցութիւն (ցայսօր անհաւանական) մը կատարուէր, կրնար տարբեր արդիւնքներու յանգիլ։ «Հանրապետական Ժողովուրդի» կուսակցութեան թեկնածու Մուհարէմ Ինճէն երեսուն առ հարիւրէն աւելի քուէ ապահովեց, իսկ գրեթէ երկու տարիէ ի վեր արգելափակուած Սալահետին Տեմիրթաշը, բանտէն պայքար մղելով, ապահովեց ութ առ հարիւրէն աւելի համեմատութիւն մը, իսկ դեռ աւելին՝ իր կուսակցութիւնը կրցաւ տաս առ հարիւրը գերազանցել, խորհրդարան մուտք գործելով։
Հուսկ, այս ընտրարշաւին համար էրտողանի քարոզչական մեքենան աւելի քան 180 ժամ տրամադրեց, մինչդեռ Մուհարէմ Ինճէ՝ 15 ժամ, իսկ Սալահետին Տեմիրթաշ՝ միայն երեսուն վայրկեան․․․։
hairenikweekly.com