Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքը Համապարփակ Փաստաթուղթ Է
Գլխավոր » Լրահոս » Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքը Համապարփակ Փաստաթուղթ Է

Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքը Համապարփակ Փաստաթուղթ Է

Ապրիլ 9-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ «Ապրիլեան պատերազմի դասերը եւ մեր ընելիքները» նիւթով կազմակերպուած քննարկումին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին ընդգծած առաջադրանքը անպայման դիտարժան երեւոյթ պէտք է նկատել: Նախարարը անհրաժեշտ նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը:

Ան միաժամանակ նշած է, որ դաշինքը գետնի վրայ անվտանգութեան առումով ուժեղացման գործօնի դեր չէ, որ պիտի կատարէ, եւ անկախ այդ պայմանագիրի կնքումէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ գործել իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը:

Նախարարը առաջադրանքի ընդգծումը հիմնաւորած է անհրաժեշտ այլ փաստարկներով: Շեշտած, որ երկու հանրապետութիւններու յարաբերութիւնները կարգաւորելու խնդիր գոյութիւն ունի, որ անհրաժեշտ է նաեւ իրաւականացնել: Պարզ դարձուցած, որ խնդիրը միայն պատերազմի կամ անվտանգութեան հարցերու չի վերաբերիր, այլեւ բազմաոլորտ է: Յստակացնելով նաեւ, որ երկու հայկական պետութիւնները կը շարունակեն քննարկել փաստաթուղթի կնքման հետ առնչուած բոլոր հարցերը:

Ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումի առաջադրանքը երկար ատենէ ի վեր մաս կը կազմէր Դաշնակցութեան որդեգրած վարքագիծին: Անիկա իբրեւ անհրաժեշտութիւն պաշտօնապէս հրապարակ նետուեցաւ ապրիլեան պատերազմի օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրեց անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ եւ յանձնարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստելու պայմանագիրի նախագիծը:

Աւելի ուշ այս անգամ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը խօսեցաւ պայմանագիրի կնքման անհրաժեշտութեան մասին:

Փաստօրէն, երկկողմանիօրէն դաշինքի կնքումի առաջադրանքին համաձայնութիւնը պաշտօնապէս հնչած է տարբեր առիթներու:

Հիմա, պաշտօնական Ստեփանակերտի ներկայացուցիչը կը խօսի այդ մասին` նշելով համապարփակ փաստաթուղթի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկումի նիւթը` ապրիլեան քառօրեայէն քաղուած դասերը, կը նախանշէ, որ կնքուելիք փաստաթուղթը առաւելաբար պիտի իրաւականացնէ զինուորական աջակցութիւնը, որ Երեւանը կը տրամադրէ Ստեփանակերտին: Այսպէս մտածելու առիթ կու տայ նաեւ թէ՛ օրին` քառօրեայ պատերազմի ընթացքին հրաւիրուած ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին հնչած այս հրամայականը եւ թէ՛ անվտանգութեան հարցերու մասին խօսելով Արցախի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին կատարած յայտարարութիւնը:

Հետեւողներուն մօտ գծելով այն մտապատկերը, որ դաշինքը ըստ էութեան զուտ զինուորական խնդիրներ ունի իբրեւ առանցք եւ շարժառիթ: Դաշինքին բնութագիրը` ռազմաքաղաքական, այդ մէկը կը շեշտէ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին հարցերու գերատեսուչին կատարած ընդգծումները աւելի համապարփակ փաստաթուղթի մասին կը խօսին: Պարզ է, որ Երեւան – Ստեփանակերտ յարաբերութիւնները բազմաոլորտ են: Այդ յարաբերութիւնները ընդհանրապէս իրաւական հարթութեան վրայ դնելու առաջադրանքն է, որ կը շեշտուի այս ձեւով եւ ո՛չ միայն զինուորական համագործակցութիւնը:

Միաժամանակ քաղաքականօրէն գիտակցելի է, որ Երեւանը առանց ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը իրողապէս կ՛իրականացնէ բազմաոլորտ եւ բազմաուղղութիւն միջպետական համագործակցութիւնները:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը պարտադիր յուշումներ կը կատարէ:

Յաչս միջազգային ընտանիքին ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումով անկախացած Արցախը անկախ է ո՛չ միայն Ազրպէյճանէն, այլ նաեւ որեւէ երկրէ: Իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն արարելու եւ այլ երկրի հետ համագործակցելու համար պետութենէ պետութիւն յարաբերելու միջազգային իրաւաչափութիւնները կիրարկելու անհրաժեշտութեան առջեւ է. թէկուզ իր անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորին հետ:

Համագործակցութիւնները սակայն միայն անվտանգութեան հարցերուն չեն վերաբերիր` ֆինանսական, տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ կարեւորագոյն այլ ոլորտներու հետ ամէնօրեայ գործակցութեան դրուածքին մէջ են երկու պետութիւնները. Ճիշդ այս իրականութիւնն է, որ կը շեշտէ արտաքին գործոց նախարարը, երբ կը խօսի համապարփակ եւ բազմաուղղութիւն բովանդակութիւն ներառող փաստաթուղթի նախագծման անհրաժեշտութեան մասին:

Լրատուութեան մէջ կայ կարեւոր բաժին: Առաջադրանքի շեշտումին եւ կնքուելիք փաստաթուղթի բազմաոլորտ բնոյթ ունենալուն մասին պարզաբանում կատարելէ ետք, նախարարը կը հաստատէ, որ երկու պետութիւնները կը շարունակեն այդ ուղղութեամբ քննարկումները: Ուրեմն առաջադրանքը պաշտօնապէս վերաիւրացուած է երկկողմանիօրէն, եւ որուն ուղղութեամբ կ՛ընթանան նախապատրաստական աշխատանքները:

aztagdaily.com

1