Լիբանանահայութեան Միասնականութիւնը Խորթ Կը Թուի Այլոց, Իսկ Դաշնակցութիւնը Պառակտելու Փորձերուն Ձախողութիւնը Կը Նեղացնէ Բոլորը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ էլ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք կարեւոր են` կազմելու համար նոր խորհրդարանը եւ ամրապնդելու երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը:
Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքն է, որ քաղաքական ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին մղած է կազմելու անտրամաբանական դաշինքներ, որոնք բացայայտօրէն կը կոչուին ոչ քաղաքական եւ զուտ ընտրական շահերու վրայ հիմնուած դաշինքներ:
Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գոյացուցած դաշինքին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի դաշինքները քաղաքական են: «Լիբանանի անկախութենէն ի վեր ՀՅԴ-ն կը վարէ իշխանութեան զօրակցելու քաղաքականութիւն, իսկ երկրին իշխանութեան խորհրդանիշն է հանրապետութեան նախագահը: Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք այդ խորհրդանիշը կը ներկայացնեն հանրապետութեան, խորհրդարանի եւ նախարարաց խորհուրդի նախագահները, որոնք նաեւ կը ներկայացնեն երկրին օրինականութիւնը, եւ մենք երկրին օրինականութեան նեցուկ կը կանգնինք: Այսօր երկրին օրինականութեան հիմքերն ենք Ազգային ազատ հոսանքի նախկին ղեկավար` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, վարչապետը` Սաատ Հարիրին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Իրականութիւնը այսօր այն է, որ Ամալ շարժումին հետ ՀՅԴ միացեալ ընտրաշրջաններ չունի: Այս պատճառով մենք կը հաստատենք, որ ՀՅԴ-ն լայն ընտրական դաշինք ունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ: Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կայ քուէարկողներու որոշ թիւ մը, որ կը պատկանի սիւննի համայնքին: Մուսթաքպալ հոսանքը Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կը զօրակցի Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուին` երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, հետեւաբար սիւննի համայնքի այդ քուէները պիտի յատկացուին Ս. Գալփաքեանին: Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պարագային` ՀՅԴ-ն արդէն իսկ անոր քաղաքական դաշնակիցն է եւ կը շարունակէ մնալ այդպէս: Հիւսիսային Մեթնի պարագային, չորս ամիս շարունակ աշխատեցանք միացեալ ցանկ մը գոյացնելու երեսփոխան Միշել Մըրի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ղովմի կուսակցութեան միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլար ապահովել մեծագոյն անցման համեմատութիւնը եւ Մեթնին խնայել սուր ընտրապայքար: Սակայն այս իմաստով ՀՅԴ-ի փորձերը անյաջող դուրս եկան: Իսկ աւելի ուշ երեսփոխան Մըրի հետ սերտելէ ետք Մեթնի մէջ նոյն ընտրացանկով ներկայանալու կարելիութիւնը, պարզուեցաւ, որ անիկա ո՛չ Մըրի եւ ո՛չ ալ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուին ի նպաստ պիտի ըլլայ, հետեւաբար համաձայնեցանք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ընտրացանկով ներկայանայ: Իսկ օրէնքն ու նախընտրութեան քուէի դրութիւնը չեն արտօներ, որ մէկը ի նպաստ միւսին քուէարկէ: Ուրեմն բնականաբար իւրաքանչիւր ընտրազանգուած իր թեկնածուն պիտի ընտրէ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն` իբրեւ Լիբանանի օրինականութեան զօրակից կուսակցութիւն, նպատակադրած է վերակազմել Հայկական երեսփոխանական պլոքը:
Զահլէի մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Զահլէի հայ թեկնածուներէն Ճորճ Փուչիկեան դաշնակցական չէ` աւելցնելով, որ ան Զահլէի մէջ երեք – չորս տարիէ ի վեր կը գործէ եւ կրցած է իր անձին շուրջ ստեղծել երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուի համակրանք:
«Ճորճ Փուչիկեան Զահլէի, անոր շրջակայ գիւղաքաղաքներուն եւ Այնճարի մէջ սիրուած անձնաւորութիւն մըն է: Զահլէի պարագային հայ քուէարկողներուն քուէները անբաւարար են թեկնածուի մը ընտրութեան համար: Կայ յստակ մէկ իրականութիւն, որ այդ աթոռը 1992-ին սուրիական վարչակարգին կողմէ աւելցուած աթոռ է` երբ խորհրդարանի անդամներուն թիւը 108-էն բարձրացաւ 128-ի, եւ օրին Ապտել Հալիմ Խատտամի հաստատումով մեզի ըսուած է, թէ այդ աթոռը հայութեան չի պատկանիր: Այս բոլորը իմանալով հանդերձ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն Մուսթաքպալ հոսանքին առաջարկեց իր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ նկատի ունենալ Ճ. Փուչիկեանը, սակայն անոր շուրջ կարելի չեղաւ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնել, հետեւաբար ան ընտրեց միանալ Միրիամ Սքաֆի ցանկին` նկատի ունենալով, որ ան կուսակցական չէ եւ կարելի չէր ստիպել, որ ան իր թեկնածութիւնը յետս կոչէ: Իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ որոշուեցաւ նկատի ունենալ հայ կին թեկնածու մը, որ ՀՅԴ-ի թեկնածուն չէ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Այնճարի ու Զահլէի մէջ մտայնութիւնը եւ յարաբերութիւնները տարբեր են ու կարելի չէ դիւրաւ քուէներ ապահովել Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկին, որովհետեւ վերջին հաշուով ժողովուրդը իր քուէն ազատ կամքով կու տայ եւ կարելի չէ անոր վրայ ճնշում բանեցնել կամ կարծիք պարտադրել:
Արտերկրի լիբանանահայերուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այցելած է Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ, ուր արձանագրուած լիբանանահայեր կան, ինչպէս նաեւ կան անոնք, որոնք տրամադիր են գալու Լիբանան եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ապրող լիբանանահայերը եւս տրամադիր են գալու եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, թէ ՀՅԴ-ի տեսակէտը այն է, որ խորհրդարանին մէջ հայութեան ներկայացուցիչները պէտք է ըլլան հայկական կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուները, որոնք հայկական իրականութեան հետ առնչուած են եւ ոչ թէ յանկարծ յիշած իրենց հայկականութիւնը:
Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ հարցով Դաշնակցութեան դէմ մեծ արշաւ կայ` աւելցնելով, որ այդ արշաւը կազմակերպող կողմերը կը մոռնան, որ աղբի տագնապի լուծման իմաստով ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ: «Իսկ ինչո՞ւ միշտ կը խօսուի Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրին եւ ոչ թէ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին մասին, որովհետեւ նպատակը Պուրճ Համուտը չէ, այլ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, որ կառավարութեան հետ խորհրդակցաբար աղբի տագնապի լուծման շրջագիծին մէջ որդեգրեց թափօններու թաղման վայրի ստեղծման դրութիւնը եւ ստացաւ համապատասխան միջոցները, որոնց միջոցով պիտի կարենայ բարգաւաճեցնել Պուրճ Համուտը եւ Մեթնի ծովեզերեայ շրջանները: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այս որոշումով կարելի եղաւ օժանդակել աղբի տագնապի լուծման», հաստատեց ան:
Պուրճ Համուտը պատող գարշահոտութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ հոտերը տիրական էին նախքան թափօններու թաղման վայրի ստեղծումը` աւելցնելով, որ գարշելի այդ հոտերը կոյուղիներու հոտեր են` նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտը իր դիրքով ծովէն աւելի ցած է: Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի միջեւ կը բաժնէ գետ մը, որուն մէջ ինչե՜ր կը թափուին, հետեւաբար բոլորը կրնան երթալ եւ տեսնել հոն տիրող վիճակը: «Մենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը պայքարինք այս իրավիճակին դէմ, սակայն Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ առանձինն հերոսութիւն կատարել` նկատի ունենալով քաղաքական այն կողմերը, որոնք զիրար կը ծածկեն ու կը հովանաւորեն եւ այդ ապականումը կը պատճառեն: Հետեւաբար այդ մասին հարցումները ուղղակիօրէն պէտք է ուղղել փտածութեան պատասխանատու կողմերուն եւ ոչ թէ Դաշնակցութեան», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը` իբրեւ երկրին եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը, ունի իր իւրայատկութիւնները եւ տեղական մակարդակի վրայ դժբախտաբար տիրական կը մնայ այդ համայնքը եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը չկարենալ պառակտելու ցաւը: «Լիբանանահայութեան միասնականութիւնը խորթ պարագայ կը նկատուի լիբանանեան իրականութեան մէջ, եւ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի միակ կուսակցութիւնն է, որ չէ բաժնուած` հակառակ բոլոր փորձերուն եւ դաւադրութիւններուն: Աւելի՛ն. լիբանանեան մակարդակի վրայ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը խորթ կը թուի, որովհետեւ ան արտաքին հեղինակութիւն չունի, այլ խօսքով` Լիբանանի մէջ այս կամ այն մեծ պետութեան գործիքը չէ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումը զուտ լիբանանեան է: Ո՛վ որ չի գիտեր ՀՅԴ-ի ծրագիրին մասին, պէտք է գիտնայ, սակայն նախքան այդ` պէտք է հայերէն սորվի, որպէսզի կարենայ կարդալ այդ ծրագիրը:
«Ի միջի այլոց, 6 մայիսը Լիբանանի Նահատակաց տօնն է: Երանի լիբանանեան պետութիւնը մտածէր այդ մասին եւ այդ օրը իբրեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու օր նշանակելու փոխարէն, ոգեկոչէր Լիբանանի նահատակներուն յիշատակը եւ ծաղկեպսակ զետեղէր Նահատակաց յուշարձանին», հաստատեց ան:
aztagdaily.com