Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի
Գլխավոր » Լրահոս » Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի

Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրինութեամբ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հաստատուեցաւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` նպատակ ունենալով յաւելեալ զարկ տալ Հայ դատի ծանօթացման ու հետապնդման աշխատանքներուն Լիբանանի մէջ:

Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը կու գայ աւելնալու Հայ դատի աշխատանքին նուիրուած աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու շղթային:

Գրասենեակի տնօրէնութիւնը ստանձնած է Սօսի Սարգիսեան, DEA վկայեալ լիբանանեան համալսարանէն, ընկերաբանութիւն-տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքական գիտութեանց մարզերուն մէջ: Ան մագիստրոսի վկայականին արժանացած է «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանէն` ընկերաբանութեան ճիւղին մէջ:

Սօսի Սարգիսեան երկար տարիներ եղած է Հայ դատի եւ քարոզչական յանձնախումբերու անդամ, յօդուածներով եւ հարցազրոյցներով հանդէս եկած է Հայ դատի ծանօթացման աշխատանքներուն: Հրատարակած է «Եւ կեանքը կը շարունակուի» խորագիրով ֆրանսատառ հատոր մը:

1