5 Դեկտեմբեր 1921. Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեց Սայիտ Հալիմ Փաշան
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » 5 Դեկտեմբեր 1921. Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեց Սայիտ Հալիմ Փաշան

5 Դեկտեմբեր 1921. Արշաւիր Շիրակեան ահաբեկեց Սայիտ Հալիմ Փաշան

Դեկտեմբեր 5ի այս օրը, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի փողոցներէն մէկուն վրայ, օր – ցերեկով, հայ ժողովուրդը արդար մահապատիժի ենթարկեց աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներու ցեղասպանութեան թրքական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ Փաշան։

Ի տես այդ բոլորին, իր անկախութիւնը նուաճած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը ամրապնդող հայ ժողովուրդը, բնականաբար, չէր կրնար անպատիժ ձգել Հայասպանութեան պատասխանատուները։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական այդ կամքը արտայայտելով՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, որոշեց կեանքի կոչել «Նեմեսիս» Գործողութիւնը եւ անոր յանձնել Հայասպանութեան պատասխանատուները ահաբեկելու համազգային առաքելութեան իրականացումը։

«Նեմեսիս»ի առաքելութեան ամէնէն շռնդալից դրսեւորումներէն մէկը եղաւ Իթթիհատական կառավարութեան վարչապետին՝ Սայիտ Հալիմ Փաշայի ահաբեկումը Արշաւիր Շիրակեանի ձեռամբ։

Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը, որ իր առաքելութեան ազգային-քաղաքական ամբողջական գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ գործեց։ Եւ իր կեանքի վերջալոյսին, 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով լոյս ընծայած իր յուշերը «Կտակն էր Նահատակներուն» կոչելով՝ Արշաւիր Շիրակեան հայոց սերունդներուն փոխանցեց արեւուն տակ խրոխտ քայլերով եւ բաց ճակատով յառաջանալու անսպառ հպարտութիւնը։

Իսկ Սայիտ Հալիմ իթթիհատական պարագլուխներու ամէնէն տարեց անդամն էր, նաեւ՝ ամէնէն մեծահարուստը, որ ի վիճակի էր լաւագոյնս թաքցնելու իր հետքերը։ Բայց «Նեմեսիս»ի յանդուգն հետախոյզները ի վիճակի եղան գտնելու Սայիտ Հալիմ փաշայի թագստոցը եւ Արշաւիր Շիրակեան, 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի փողոցներուն վրայ գետին փռեց ցեղասպան թրքական կառավարութեան ատենի վարչապետը։

Գործողութիւնը «մաքուր» էր եւ հայ ահաբեկիչը առանց հետք ձգելու հեռացաւ արդարահատուցման… բեմէն։

Ահա՛ ցեղասպան թուրքին ահաբեկման նկարագրականը՝ Արշաւիր Շիրակեանի բառերով, «Կտակն էր Նահատակներուն» գործէն.
« Սայիտ Հալիմի վերջին օրը.

«1921, Դեկտեմբերի 5: Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ սենեակէս: Նախորդ գիշերը մաքրած էի ատրճանակս եւ փամփուշտներն ալ համրած:
«Թարմ-թարմ ածիլուած էի եւ լոգանք մը առած, ու ամբողջ կէս սրուակ օ տը քոլոնիայով մարմինս շփած էի: Ճերմակեղէններէս մինչեւ հագուստներս եւ գլխարկս, արթիսթի սեւ գլխարկս, նոփզնոր. ուսանողի կամ արուեստագէտի սեւ փողկապ մը դրած էի. կարծես հարսնիքի երթայի: Վերարկուս վրաս՝ գացի փաշային դղեակին մօտերը, առանց Մ.ին հանդիպելու: Վճռած էի այդ օրն իսկ գործը վերջացնել՝ առանց այլեւս մտածելու հետեւանքներու մասին:

«Ժամը ճիշդ 1ին ինքնաշարժ մը կեցաւ փաշային դրան առջեւ. դուրս ելաւ Թեւֆիք Ազմին եւ պայուսակ մը թեւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փաշային հետ դուրս ելան եւ աճապարանքով մեկնեցան, շատ կարեւոր գործի մը գացող մարդոց երեւոյթով: Չմտահոգւեցայ. այնքան լաւ ուսումնասիրած էի երթեւեկները, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլլար, չէր կրնար հրաժարիլ իր յետմիջօրէի պտոյտէն եւ անպայման պիտի վերադառնար: Տրամաբանօրէն, առնուազն երկու ժամ պիտի ուշանար: Փութացի Վիլլա Բորգեզէ, ուր յաճախ կառքով, երբեմն ալ քալելով կու գար ան: Նոյնիսկ, օր մը, հետապնդումիս ընթացքին տեսայ, որ թիկնապահին գնել տուաւ ափ մը խորոված շագանակ, փողոցի վրայ նստող շագանակավաճառէ մը: Ժամը 12ին ատենները Մ. եկաւ ու հարցուց, թէ ինչո՞ւ ճաշի չէի գացած մեր ուսանողներուն ճաշարանը, ուր կէսօր եւ իրիկուն սովոր էինք հանդիպիլ:

«- Որովհետեւ,- պատասխանեցի,- վճռած եմ այսօր այս գործը գլուխ հանել, ամէն պարագայի տակ եւ ամէն գնով: Ջղայնացած էի փաշային ուշանալէն եւ քիչ մը եւս սպասեցի ու Գրիգորին ըսի.- Ես տան կողմերը կþերթամ: «Այո՛»,- ըսաւ ու դուրս ելանք եւ քանի մը քայլ առի՝ դառնալու համար հանրակառքին փողոցը:

«Հասայ Վիա Նոմենտանա, ուր հանրակառքը կեցաւ. իջայ եւ քալելով մտայ Օստակիօ փողոցը: Յանկարծ դէմս ցցոեցաւ Հելենան: Ոստիկանի մը հանդիպումը այնքան չպիտի նեղէր զիս, որքան այդ սիրուն աղջկան ներկայութիւնը այդ պահուն: Ջղային վիճակի մէջ պաղ վերաբերում մը ցոյց տուի: Մտերիմներ դարձած էինք եւ աղջիկը կը զարմանար իմ անակնկալ պաղ վերաբերումէս: Տարօրինակ նայուածքով կը դիտէր, կարծես առաջին անգամ զիս տեսած ըլլար:

«Անպիտան աղջիկը կատարեալ հարցաքննութեան մը սկսած էր եւ բաժնուելու միտք չունէր: Ժամը 4ին կը մօտենար: Փողոցին վարի կողմը նոր շէնքի մը շինութեան աշխատող բանուորները աշխատանքէ կարձակուէին եւ, սովորաբար, այդ ամայի եղող փողոցին մէջ բազմութիւն կար: Վայրկեանէ վայրկեան փաշան կրնար հասնիլ: Փողոցին խանգարիչ երթեւեկը չբաւէր կարծես, դեռ կար այս յամառ աղջիկը, որ անվերջ կը խօսէր ու կը ցրուէր ուշադրութիւնս:

«Եւ յանկարծ վերէն լսուեցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը հովէն կ’ալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սայիտ Հալիմ փաշան՝ իր թիկնապահին հետ: Փողոցին միւս ծայրը նայեցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վայրկեանապէս «ցտեսութիւն» ըսի Հելենային՝ պատուիրելով, որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կու գար…

«Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս՝ քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած, ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ՝ կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երերացի, բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կþըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերուն խրտչիլը. Սայիտ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ սատրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին, երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ: Կառքը դեռ կ’արշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առաջին շփոթէն սթափած, ատրճանակ մը հանեց ու կը պատրաստւէր կրակել, երբ ատրճանակիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղելով, գոռացի թուրքերէնով.

«- Աթ աշաղա, կեպերտիրիրըմ,- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ…

«Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակիս կոթովը այս անգամ սկսայ հարուածել կառապանին կռնակին՝ պոռալով իտալերէն. «Ասբետա, ասբետա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր՝ ըսել ուզելով,- Տե՛ս, կեցնել կ’ուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:

Կառապանը չյաջողեցաւ կեցնել ձիերը, որոնք վազքը շարունակեցին մինչեւ փաշային տան առջեւ եւ ինքնաբերաբար կանգ առին: Դրան առջեւ խափշիկ ծառան մեքենաբար ձեռքը ճակտին տարաւ՝ «թեմեննահ» ընելու ձեւով, բայց փաշային ինկած գլուխը տեսնելով՝ այդ դիրքին մէջ քարացած մնաց, ապշահար: Առանց կարեւորութիւն տալու ծառային՝ վար ցատկեցի կառքէն եւ ատրճանակս ցցած թեւովս լայն շարժում մը գծեցի շուրջս՝ թէ՛ սարսափ ձգելու եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որոշելու համար»…

Ն.

1