24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրին ամօթալի ուրացումն ու աններելի լռութիւնը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » 24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրին ամօթալի ուրացումն ու աններելի լռութիւնը

24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրին ամօթալի ուրացումն ու աններելի լռութիւնը

Լօզանի դաշնագրի յունական պատուիրակութիւնը՝ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի առաջնորդութեամբ եւ թրքական պատուիրակութիւնը՝ Իզմէթ Ինոնուի առաջնորդութեամբ 1923 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 24ը կը խորհր­դան­շէ սեւ է­ջե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Դա­տի պատ­մու­թեան։

Յու­լիս 24ի այս օ­րը, 94 տա­րի ա­ռաջ, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Լօ­զան քա­ղա­քին մէջ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գիր մը ­Թուր­քիոյ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ թուր­քեւ­յու­նա­կան խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նա­գիր, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով ­Հա­յաս­տա­նի, հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հայ ­Դա­տի հետ ուղ­ղա­կի ա­ղերս պէտք չէր ու­նե­նար, չէր կրնար ու­նե­նալ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը։

Բայց ո­րով­հե­տեւ ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը ե­կաւ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նե­լու, ա­ւե­լի ճիշդ՝ մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ի­րա­ւա­կան պար­տա­մուր­հակ­նե­րու փո­շե­ծածկ դա­րա­կը նե­տե­լու 10 Օ­գոս­տոս 1920ին կնքո­ւած ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ա­հա ի­նը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը կը նկա­տէ եւ կը դա­տա­պար­տէ իբ­րեւ մե­ծա­պե­տա­կան ա­մօ­թա­լի ու­րաց­ման եւ ան­նե­րե­լի լռու­թեան տխրահռ­չակ փաս­տա­թուղթ մը։

Փաստ է, որ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը ի­րա­ւա­բա­նա­կան դի­տան­կիւ­նէ միայն մաս­նա­կի ջնջու­մի եւ փո­խա­րին­ման են­թար­կեց ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը, այդ ալ ո­րո­շա­պէս ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ ու յոյ­նեւթր­քա­կան միջ¬պե­տա­կան սահ­մա­նագ­ծում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ նոր տրա­մադ­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տագ­րե­լով։

Այ­սու­հան­դերձ՝ ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նագ­ծու­մին վե­րա­բե­րեալ Սեւ­րի դաշ­նագ­րին ամ­րագ­րած Ո­ւիլ­սը­նեան ի­րա­ւա­րա­րու­թեան վրա­յէն «լուռ» ան­ցաւ Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը, ո՛չ ա­նոր ջնջու­մը եւ ոչ ալ վե­րա­հաս­տա­տու­մը կա­տա­րեց, հայ ժո­ղո­վուր­դի հաշ­ւոյն յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­մէ «մեծ ու­րա­ցում»ի ի­րա­ւա­կան քայ­լը հան­դի­սա­ցաւ 24 ­Յու­լիս 1923ին ստո­րագ­րուած մի­ջազ­գա­յին այդ փաս­տա­թուղ­թը։

Պատ­մա­կան ծան­րա­գոյն պայ­ման­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Լօ­զա­նի հաշ­տու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վը։ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ան­դա­մա­հա­տու­մը կա­տա­րած ­Սեւ­րի Դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թե­նէն ետք, ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի թուրք ազ­գայ­նա­մո­լա­կան շար­ժու­մը բուռն կռիւ­ներ մղեց փլու­զո­ւած կայս­րու­թեան թէ՛ ա­րեւ­մուտ­քին եւ թէ ա­րե­ւել­քին…

Լե­նի­նի ­Ռու­սաս­տա­նին հետ մեղ­սակ­ցա­բար՝ ­Քե­մալ «յա­ջո­ղե­ցաւ» կոր­ծա­նել Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Ֆ­րան­սա­ցի­նե­րու հետ գաղտ­նի գոր­ծար­քով, ­Քե­մալ «կրցաւ» հա­յու­թե­նէ վերջ­նա­կա­նա­պէս պար­պել եւ իր տի­րա­պե­տու­թեան են­թար­կել ա­ռա­ւե­լա­բար հա­յե­րով, յոյ­նե­րով, ա­րաբ­նե­րով եւ ա­սո­րի­նե­րով բնա­կո­ւած ­Կի­լի­կիան։ Քե­մա­լա­կան այդ «նո­ւա­ճում­նե­րուն պսա­կու­մը» ե­ղաւ ­Հոկ­տեմ­բեր 1922ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը՝ հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր յոյն եւ հայ գաղ­թա­կան­նե­րու ի­րենց հայ­րե­նի բնօր­րա­նէն ար­տաք­սու­մով…

Յաղ­թա­կան ­Քե­մա­լի պար­տադ­րած դաշ­նա­գի­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Լօ­զա­նի մէջ ստո­րագ­րո­ւած փաս­տա­թուղ­թը։ ­Լօ­զա­նի հաշ­տու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցո­ւե­ցաւ 20 ­Նո­յեմ­բեր 1922ին եւ ա­ւե­լի քան ութ ա­միս­ներ տե­ւած դժո­ւար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք՝ ­Թուր­քիոյ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ եւ Մ. Նա­հանգ­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ ու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, ի վեր­ջոյ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ 24 Յու­լիս 1923ին։

Բա­նակ­ցու­թեանց մաս­նակ­ցող թրքա­կան կող­մը կը գլխա­ւո­րէր Իս­մէթ Ի­նէօ­նիւ. յու­նա­կան կող­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր Է­լեֆ­թե­րի ­Վե­նի­զե­լոս. անգ­լիա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահն էր լորտ ­Քըր­զըն. իսկ ա­մե­րի­կեան միջ­նոր­դու­թեան ղե­կա­վարն էր ծո­վա­կալ Պ­րիս­թոլ։ ­Դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­ցին, վե­րո­յի­շեալ 4ի կող­քին, Ֆ­րան­սա, Ի­տա­լիա, ­Ռու­մա­նիա, Եու­կոս­լա­ւիա եւ ­Ճա­փոն։

Թէեւ ­Հայ Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ­Պօ­ղոս ­Նու­պա­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի ղե­կա­վա­րած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան բուռն աշ­խա­տանք ծա­ւա­լեց, որ­պէս­զի հա­յեւ­թուրք հար­ցի վե­րա­բե­րեալ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տո­ւին, բայց թրքա­կան կտրուկ մեր­ժու­մին բա­խե­լով՝ դաշ­նա­կից մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը շրջան­ցե­ցին հայ­կա­կան այդ պա­հան­ջը եւ բա­ւա­րա­րո­ւե­ցան ­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րին մէջ մտցնե­լով 16րդ յօ­դո­ւած մը, ուր ­Թուր­քիա կը հրա­ժա­րի իր բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րէն եւ ի­րա­ւա­տի­րու­թե­նէն բո­լոր այն տա­րածք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, ո­րոնք մաս չեն կազ­մեր ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րի քննարկ­ման: ­Յօ­դո­ւա­ծը յստա­կօ­րէն կ­՚ամ­րագ­րէ, նաեւ, թէ՝ «­Ներ­կայ յօ­դո­ւա­ծին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը չեն կան­խեր դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէ բխող ո­րե­ւէ յա­տուկ կար­գա­ւո­րում­ներ, ո­րոնք կա­տա­րո­ւած են կամ կրնան կա­տա­րո­ւիլ ­Թուր­քիոյ եւ ո­րե­ւէ հա­րե­ւան եր­կիր(նե­րու) մի­ջեւ»:

Բա­ցա­յայտ է, որ ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ու­րա­ցան ի­րենց խոս­տում­ներն ու յանձն ա­ռած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­դար լուծ­ման նկատ­մամբ։ ­Բայց պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան սի­րոյն պէտք է ընդգ­ծել, որ ա­նոնք նաեւ ընդ­դի­մա­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան առն­չո­ւող ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին յօ­դո­ւած­ներն ու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը ջնջե­լու եւ զա­նոնք նոր՝ թրքան­պաստ յօ­դո­ւած­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու թրքա­կան կող­մի պնդում­նե­րուն։

Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց «կար­գա­ւոր­ման» հա­մար քա­նի մը տա­րի­ներ ա­ռաջ ստո­րագ­րո­ւած Փ­րո­թո­քո­լի՝ Ար­ձա­նագ­րու­թեանց ա­ռի­թով, թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը տեն­դա­գին աշ­խա­տանք թա­փեց ­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րին տա­լու իր նա­խա­սի­րած մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը եւ պնդե­լու, որ ժա­մա­նակն է վե­րա­նա­յե­լու ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րով նա­խա­տե­սո­ւած ու Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րա­րու­թեամբ ճշդո­ւած սահ­ման­նե­րը…

Բո­լո­րէս ա­ռաջ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ինք շատ լաւ կը գի­տակ­ցի, որ նոյ­նիսկ ­Լօ­զա­նի ու­րա­ցու­մով փաս­տօ­րէն չփո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ Ո­ւիլ­սը­նեան սահ­մա­նագ­ծու­մի մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թը, որ ի սպաս հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան՝ հո­ղա­յին ի­րա­ւա­կան պար­տա­մուր­հա­կի իր ար­ժէքն ու այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել…
Կը մնայ, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ի՛նք վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մղէ՝ ամ­րօ­րէն կառ­չած մնա­լու ­Լօ­զա­նի ա­մօ­թա­լի ­Դաշ­նա­գի­րէն ան­դին անց­նե­լու եւ ­Սեւ­րի պար­տա­մուր­հա­կը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու ազ­գա­յին-պա­հան­ջա­տի­րա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան։ Ի­րա­ւա­տէր ու պա­հան­ջա­տէր կանգ­նե­լու՝ Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րով մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցած ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ ար­դար սահ­մա­նագ­ծու­մին։

Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը նաեւ այ­լա­պէս, ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ իր պարտք դրած ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու յօ­դո­ւած­նե­րով, այժ­մէա­կան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։

Ինչ­պէս քիւր­տե­րու, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու կամ ա­լաո­ւի ա­րաբ­նե­րու, նոյն­պէս եւ հա­յե­րու ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ­Թուր­քիոյ մէջ ամ­րագ­րող ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի պար­տա­մուր­հակ է նաեւ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը։ Մա­նա­ւանդ որ ­Լօ­զա­նէն ետք ալ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց դէմ թրքաց­ման իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, շա­րու­նակ ոտ­նա­կո­խեց նոյ­նինքն Լօ­զա­նի ­Դաշ­նագ­րով վճռո­ւած ազ­գա­յին-փոք­րա­մաս­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը։

Եւ ա­ւե­լի քան ար­դա­րա­ցի էր եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Թուր­քիոյ հա­յոց պատ­րիարք Շ­նորհք Արք. ­Գա­լուս­տեան, որ 20րդ ­դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նագ­րին հի­ման վրայ հա­յոց կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րը եւ կրօ­նա­կան-մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րը հա­լա­ծան­քի եւ ա­ւե­րու­մի դէմ պաշտ­պա­նե­լու մնա­յուն օ­րա­կար­գով։

Լօ­զա­նի ­Դաշ­նագ­րին ստո­րագ­րու­թեան 94րդ ­տա­րե­լիցն է այ­սօր։

Յու­շա­րար օրն է հա­յոց Ազ­գա­յին ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վե­րա­նո­րո­գու­մին՝ նախ ­Հայ Դա­տին շուրջ քա­ռո­ւած ա­մօ­թա­լի ու­րաց­ման Լ­ռու­թեան ­Պա­տը քան­դե­լու, ա­պա եւ զօ­րակ­ցե­լու ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, «քո­ղար­կո­ւած հա­յեր» ըլ­լան ա­նոնք թէ ազ­գա­յին ի­րենց պատ­կա­նե­լու­թիւ­նը աշ­խար­հին բաց ճա­կա­տով ներ­կա­յաց­նող ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­ներ։

Ն.

1