1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991. ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ ազ­գա­յին- ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րու ար­մա­տա­ւոր­ման հրա­մա­յա­կա­նը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991. ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ ազ­գա­յին- ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րու ար­մա­տա­ւոր­ման հրա­մա­յա­կա­նը

1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991. ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ ազ­գա­յին- ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րու ար­մա­տա­ւոր­ման հրա­մա­յա­կա­նը

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման տօ­նը` 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի դա­րա­կազ­միկ Ան­կա­խու­թեան Հան­րա­քո­ւէին տա­րե­դար­ձը ա­հա՛ ան­գամ մը եւս կը դի­մա­ւո­րենք ազ­գո­վին՝ պե­տա­կան-կրօ­նա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան-միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեանց լայն շրջա­նա­կով հա­ւա­քո­ւած քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Սեպ­տեմ­բեր 21 է դար­ձեալ եւ ա­հա՛ 26րդ ­տա­րին ըլ­լա­լով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան փաստն ու խոր­հուր­դը ազ­գա­յին հպար­տու­թեան խո­րա­գոյն ապ­րում­նե­րով կը հա­մա­կեն հայ մար­դոց միտքն ու սիր­տը, ա­մէ­նու­րե՛ք։

Աշ­խար­հով մէկ՝ քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն ու հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ սփիւռ­քի մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր հա­յօ­ճախ­նե­րը, հայ մար­դը այս օ­րե­րուն կը վեր­յի­շէ ու կը տօ­նէ 1991 թո­ւի ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէի Օ­րը, երբ այդ ժա­մա­նակ պաշ­տօ­նա­պէս տա­կա­ւին ­Խորհր­դա­յին հա­մա­րո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն 99 տո­կո­սը՝ միա­հա­մուռ ձայ­նով՝ «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց ­Հա­յաս­տա­նը ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն դուրս բե­րե­լու եւ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւն հռչա­կե­լու ­Հան­րա­քո­ւէի միակ հար­ցու­մին։

Բա­ռա­ցիօ­րէն այդ­պի­սի՛ն էր բա­նա­ձե­ւու­մը 21 ­Սեպ­տեմ­բե­րի հան­րա­քո­ւէով հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին դա­տաս­տա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Մեծ ­Հար­ցին եւ, ի փառս Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը իր 99 տո­կո­սով՝ գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան միա­ձայ­նու­թեամբ ընտ­րեց ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման ու­ղին։

Միայն պատ­մա­կան ճշգրտու­թեան սի­րոյն չի կա­տա­րո­ւիր ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի Հան­րա­քո­ւէին քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կի­զա­կէ­տին վե­րա­բե­րեալ այս յստա­կա­ցում-յի­շե­ցու­մը։ Կ’ա­ռա­ջադ­րէ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան լիար­ժէք ըն­կա­լումն ու նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ի խնդիր հայ­րե­նի հա­յու­թեան, նաեւ՝ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի կա­տա­րած ընտ­րան­քին՝ Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հան­րա­քո­ւէի ար­ժէ­քին ու պատ­գա­մին։

Չ­մոռ­նա՛նք, որ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն ան­ջա­տո­ւե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան շատ ծանր, նաեւ ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու ան­հար­կի՛ տուրք տա­լով հա­սանք ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի Հան­րա­քո­ւէի յաղ­թա­նա­կին. ­Մա­յիս 1990ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րով եւ ա­նոնց հե­տե­ւած իշ­խա­նա­փո­խու­թեամբ պե­տա­կան ղե­կի հա­սած նո­րա­յայտ ու­ժե­րը չու­զե­ցին ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ եւ, հա­կա­ռա­կը, փաս­տօ­րէն պար­տադ­րե­ցին ­Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն ան­ջա­տո­ւե­լու ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հաս­նե­լու միակ ու­ղի…

Չ­մոռ­նա՛նք, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եր­թը ղե­կա­վա­րող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը՝ Հ.Հ.Շ.ա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­տե­սե­ցին, որ զի­րենք իշ­խա­նու­թեան գլուխ հասց­նող խորհր­դա­րա­նը (խորհր­դա­յին բա­ռամ­թեր­քով՝ ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դը), 23 Օ­գոս­տոս 1990ին հաս­տա­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կագ­րով, ո­րո­շած էր քա­լել 28 ­Մա­յիս 1918ին նո­ւա­ճո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ա­նոր ծնունդ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւան­դոյ­թը վե­րա­կանգ­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան հու­նով։

Չ­մոռ­նա՛նք, վեր­ջա­պէս, որ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան այդ ան­տե­սու­մին հե­տե­ւե­ցաւ սաստ­կա­ցու­մը հա­կա­խոր­հդա­յին ան­ջա­տո­ղա­կան պայ­քա­րին, ո­րուն ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ծանր գին վճա­րե­ցին Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­րո­ւած­նե­րուն կող­քին նաեւ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց պատ­ժա­կան հա­կա­դար­ձու­թեանց տակ իյ­նա­լով։
Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հան­րա­քո­ւէին 26րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ վե­րա­նո­րոգ մեր հպար­տու­թեան զե­ղու­մին մէջ ան­գամ, կը վեր­յի­շենք ազ­գո­վին մեր կտրած ու­ղիին այդ փշոտ անց­քե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ 1918ի ­Մա­յիս 28ին հռչա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին-ժո­ղովրդա­վա­րա­կան ա­ւան­դոյ­թի վե­րա­կանգն­ման ­Մեծ ­Քայ­լի իր ի­մաս­տով, ար­ժէ­քով եւ փառ­քով տօ­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դին 99 տո­կո­սի միա­հա­մուռ «Ա­յո՛»ն՝ ի սպաս ­Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման եր­թին։

Ի վեր­ջոյ սե­մին ենք ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին, ո­րուն ըն­դա­ռաջ՝ 1918ի ­Մա­յիս 28ի եւ 1991 թո­ւի ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի Ան­կա­խու­թեան տօ­նե­րը ի մի բե­րե­լու, ա­նոնց ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան պոր­տա­կա­պը ամ­րագ­րե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը կը դի­մագ­րա­ւենք ազ­գո­վին։

Օ­դի եւ ջու­րի պէս կեն­սա­կան կա­րի­քը ու­նինք այդ պոր­տա­կա­պով վե­րա­նո­րո­գուե­լու, որ­պէս­զի կա­րե­նանք մեր այ­սօ­րո­ւան քայ­լե­րուն եւ վա­ղո­ւան ընտ­րանք­նե­րուն մօ­տե­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան կեն­սա­փոր­ձին եւ սոր­ված դա­սե­րուն ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով՝ յատ­կա­պէ՛ս։։

Որ­պէս­զի բնաւ մտա­հան չը­նենք, որ՝

— ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը, յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան, պատ­րաստ է ա­մէն զո­հա­բե­րու­թեան, ան­գամ գե­րա­գոյ­նին։ ­Նոյ­նիսկ երբ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը ծանր զրկան­քի եւ ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տաց­ման մատ­նե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին, «խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու կա­րօ­տախտ» դրսե­ւո­րե­լով հան­դերձ, դար­ձեալ ազ­գո­վին մենք կառ­չած մնա­ցինք ան­կա­խու­թեան եր­թը ա­մէն գնով յա­ռաջ մղե­լու հա­ւա­քա­կան ուխ­տին ու յանձ­նա­ռու­թեան։

— Ե­թէ ա­ւե­լի քան մի­լիոն հա­յե­րու ար­տա­գաղթ տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ զգա­լա­պէս դա­տար­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նը, պատ­ճա­ռը միայն սովն ու ա­նա­պա­հո­վու­թիւ­նը չէին, այ­լեւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ընդվ­զումն էր՝ ա­րա­գօ­րէն եւ վայ­րա­գօ­րէն պար­տադ­րո­ւող պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման մա­կա­բոյծ հա­մա­կար­գին դէմ, զայն ա­մէն գնով մեր ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րե­լու ե­կած, հայ մար­դուն ստեղ­ծած բա­րիք­նե­րը ա­նոր ձեռ­քէն խլող եւ ցե­ցի պէս յղփա­ցող իշ­խա­նա­ւոր վեր­նա­խա­ւին ու ա­նոր բռնիշ­խա­նա­կան վար­քա­գի­ծին ա­նար­դա­րու­թեան դէմ։
Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով՝ հա­մա­հայ­կա­կան մեր լի­նե­լու­թեան մեծ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ու հրա­մա­յա­կան­նե­րուն հետ հա­շուե­յար­դար կա­տա­րե­լու օրն է ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման տօ­նը` 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի դա­րա­կազ­միկ Ան­կա­խու­թեան Հան­րա­քո­ւէին տա­րե­դար­ձը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­կաս­կա՛ծ ա­մէն հիմք ու­նի այ­սօր հպար­տու­թեամբ տօ­նե­լու Սեպ­տեմ­բեր 21ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէի տա­րե­դար­ձը։

Հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րու եւ աշ­խար­հաս­փիւռ ողջ հա­յու­թիւ­նը, ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Մեծ Քայ­լով, կրցան նո­ւա­ճել ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­յաց­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման Ու­ղին՝ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին, իբ­րեւ ան­փո­խա­րի­նե­լի վէ­մը հա­յա­հա­ւա­քի եւ հո­ղա­հա­ւա­քի ան­կորն­չե­լի մեր ի­րա­ւուն­քին ար­դար վե­րա­նո­ւա­ճու­մին։

Ինչ­պէս 26 տա­րի ա­ռաջ, նաեւ այ­սօր՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը ո՛չ մէկ կաս­կած ու­նի, որ 21 Սեպ­տեմ­բեր 1991ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէին ժա­մա­նակ ճիշդ քայլ նե­տեց, երբ միա­ձայ­նու­թեամբ «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն դուրս գա­լու եւ ան­կախ ապ­րե­լու պատ­մա­կան հար­ցադ­րու­մին։

Ան­կա­խու­թեան 26 տա­րի­նե­րը ի­րա­պէս շատ դժո­ւար ե­ղան։ ­Խորհր­դա­յին փլու­զո­ւող կայս­րու­թե­նէն մեր ժո­ղո­վուր­դը ժա­ռան­գեց ան­դա­մա­լոյծ եւ սնան­կա­ցած տնտե­սու­թիւն մը, որ հա­սա­րա­կա­փո­խու­թեան դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ ուղ­ղա­կի ան­տի­րու­թեան, ծայ­րա­յեղ չքա­ւո­րու­թեան եւ ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թեան մատ­նեց հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը։

Ա­ռար­կա­յա­կան այդ դժո­ւա­րու­թեանց վրայ գու­մա­րո­ւե­լու ե­կան նո­րան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռա­վար­ման ղե­կը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն գոր­ծած քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ծանր սխալ­նե­րը, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ա­նար­դա­րու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցաւ մեր կեան­քին մէջ՝ յա­ւե­լեալ թափ տա­լով ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թին, ինչ որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ մեր օ­րե­րը։
Այդ բո­լո­րով հան­դերձ՝ մա­նուկ մեր ան­կա­խու­թիւ­նը ար­դէն 26 տա­րե­կան կը դառ­նայ այ­սօր, Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ­Պե­տա­կան ­Տու­նը ար­դէն տո­կա­ցած է ժա­մա­նա­կի քննու­թեան, հիմ­նա­կան նուա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րած է եւ իր տե­ղը գրա­ւած ազ­գե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան կեն­սու­նա­կու­թեամբ լծո­ւած է ան­ցեա­լի ընկր­կում­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ վա­ղո­ւան պայ­ծառ գա­լի­քը նո­ւա­ճե­լու զօ­րա­շար­ժին։

Ա­ւե­լի՛ն. հայ ժո­ղո­վուր­դը իր զոյգ եւ ան­բա­ժա­նե­լի՝ հայ­րե­նա­կան ու սփիւռ­քեան թե­ւե­րով միաս­նա­բա՛ր կը դի­մագ­րա­ւէ ան­փո­խա­րի­նե­լի մեր ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հզօ­րաց­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

Ինչ­պէս կ­’ը­սեն, պայ­քա­րը դեռ մեր առ­ջեւն է եւ այն­քան ալ հարթ չէ Ա­զատ ու Ան­կախ, մա­նա­ւանդ նաեւ ­Միա­ցեա՛լ ­Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման ու­ղին։

Իսկ վա­ղո­ւան մեր եր­թին յաղ­թա­կան ըն­թաց­քը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ կտրուած ու­ղիին ճիշդ գնա­հա­տու­մը, ան­ցեա­լի դա­սե­րէն օգ­տո­ւե­լու՝ սխալ­նե­րը չկրկնե­լու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը։

Ի վեր­ջոյ մտա­հան չենք կրնար ը­նել յատ­կա­պէս այ­սօ՛ր մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին վրայ սաստ­կա­ցող ար­տա­քին ճնշու­մը՝ իր ա­զա­տու­թե­նէն ու ան­կա­խու­թե­նէն զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լու այս կամ այն Ար­ձա­նագ­րու­թեանց եւ ­Պայ­մա­նա­գիր­նե­րու միա­նա­լու ճամ­բով։

Մա­նա­ւա՛նդ չենք կրնար ան­տե­սել ­Հա­յոց ­Պե­տա­կան ­Տան ղե­կը ստանձ­նած իշ­խա­նա­ւոր ու­ժե­րու դե­դե­ւում­նե­րը՝ ներ­քին թէ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճա­կատ­նե­րուն վրայ, մեր ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան, այ­լեւ մեր սե­րունդ­նե­րու գո­յա­տեւ­ման ու բա­րօ­րու­թեան հետ ուղ­ղա­կիօ­րէն ա­ղերս ու­նե­ցող քայ­լերն ան­գամ, ա­ռանց մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նաց­նե­լու, ըստ կամս յա­ռաջ մղե­լու ի­րենց ան­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մեր ա­ւանդ­նե­րու վե­րա­կանգն­ման ի խնդիր իր մղած 26ա­մեայ բո­լո­րա­նո­ւէր պայ­քա­րով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­մէն հիմք ու­նի այ­սօր հպար­տու­թեամբ տօ­նե­լու ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի Ան­կա­խու­թեան Հան­րա­քուէի Օ­րո­ւան տա­րե­դար­ձը:

1