Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ֆրանսացի Լրագրողներուն Դէմ Ազրպէյճանի Յարուցած Դատական Հայցի Անընդունելի Նկատուիլը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ֆրանսացի Լրագրողներուն Դէմ Ազրպէյճանի Յարուցած Դատական Հայցի Անընդունելի Նկատուիլը

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ֆրանսացի Լրագրողներուն Դէմ Ազրպէյճանի Յարուցած Դատական Հայցի Անընդունելի Նկատուիլը

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ֆրանսացի Լրագրողներուն Դէմ Ազրպէյճանի Յարուցած Դատական Հայցի Անընդունելի Նկատուիլը

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց, որ Նանթերի դատարանը անընդունելի նկատած է ֆրանսացի լրագրողներ Էլիզ Լուսեթի եւ Լորան Ռիշարի, ինչպէս նաեւ «Ֆրանս Թելեվիզիոն»-ի դէմ յարուցուած դատական հայցը:

«Ֆրանսական արդարադատութիւնը կը հաստատէ, որ բռնատիրական պետութիւն մը չի կրնար ֆրանսական հողի վրայ անուանարկութեամբ զբաղիլ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Յարութ Մարտիրոսեան յայտարարած է. «Ազրպէյճանը բռնատիրութիւն մըն է, եւ ատիկա ո՛չ միայն կրնանք ըսել, այլ նաեւ յայտարարել, հաստատել ու ըսել առանց ենթարկուելու պարոն Ալիեւի բռնաճնշումին»:

«Անոնք, որոնք, ինչպէս Նիսի արդարադատութեան կաճառին մէջ կամ կարգ մը տնտեսաքաղաքական շրջանակներու մէջ կը շարունակեն զօրակցիլ այս բռնատիրութեան, այժմ իրենց հաւաստիութիւնն ու խիղճերը գրաւի կը դնեն», եզրակացուցած է ան:

1