Ռուսաստանը պէտք է մեղադրել եւ աւելի՛ն
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Ռուսաստանը պէտք է մեղադրել եւ աւելի՛ն

Ռուսաստանը պէտք է մեղադրել եւ աւելի՛ն

ՀՀ Նախագահին խօսքերը շատ յստակ էին, երբ ան կը յայտարարէր, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ամենէն ցաւոտ խնդիրը ռուսական զէնքի շարունակուող վաճառքն է Ազրպէյճանին։ Մեծարգոյ Նախագահը առանց բառերը ծամծմելու մտահոգութիւն կը յայտնէր այս անհեթեթ իրականութեան ի տես։ Ուրիշ ի՞նչ ձևով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը իր առարկութիւնը պիտի բարձրաձայնէր Ռուսաստանի կառավարութեան այս անբացատրելի վերաբերմունքին դիմաց։ Այսօր, Հայաստանի ուխտեալ թշնամին բացէ ի բաց կ՚ըսպարազինուի ամենէն մահացու ռազմական կարողականութեամբ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը համարուող Ռուսաստանի Դաշնութեան իսկ կողմէ և Մոսկուա այլ պատճառաբանութիւն չունի տալիք քան այն, որ եթէ Ռուսաստանը մերժէ մտնել այս գործառքին մէջ, Ազրպէյճան կրնայ դիւրաւ մատակարարուիլ այլոց կողմէ…

ՀՀ Նախագահին խօսքերը յստակօրէն մեղադրական էին Մոսկուայի նկատմամբ, թէև՝ հրապարակային խօսքի ընդունուած նորմերով։ Անոնք յստակ պատգամ մը կը յղէին ռուս իշխանութեանց։ Յայտնօրէն, անոնք կ՚ընդգծէին խախուտ նկարագիրը Ռուսաստանի այս երկակի քաղաքականութեան։ Եւ հասկնալի ճկունութեամբ և բարեկամ երկրի մեր դիրքերէն անոնք այնուամենայնիւ կը յիշեցնէին ստեղծուած ներկայ բացը ռազմամատակարարման յարաբերութիւններու մարզին մէջ։ Այս մեղադրանքը պէ՛տք էր յղէր Պր. Նախագահը և կասկած չունինք, որ ան յաջողապէս հասաւ իր հասցէին։ Անհասկնալին Պր. Շարմազանովին մեկնաբանութիւններն են։ Եւ այն գերազանցօրէն պարզմիտ հաստատու՛մը՝ թէ «Ռուսաստանին կարող ենք մեղադրել այն ժամանակ, երբ Ադրբեջանին մատակարարուած զէնքն ուղիղ վնաս է հասցնում մեզ»…Եթէ լրագրական վրէպի մը զոհը չենք, ընդունեցէք, որ իսկապէս ցնցիչ է այս մտայնութիւնը։

Յիշեցնե՞լ արդեօք՝ թէ երբ այդ աղիտալի վնասը արդէն հասած է երկրին, այսինքն երբ նախայարձակը արդէն մտած է ռազմական գործողութիւններու բովին մէջ և երկիրը կը դիմագրաւէ իր մեծ ճգնաժամը, այդ կէտին վրայ, մեղարդրելու արարքը մեր աններելի սնանկութիւնն իսկ է։ Պր. Նախագահի արտայայտած մտահոգութիւնը «նոր» մեկնաբանութեան չի կարօտիր։ Ան եթէներու հետ կապ չունի։ Կ՚ակնկալենք, որ այդ ելոյթին յաջորդեն դիւանագիտական շօշափելի քայլեր Ռուսաստանի իշխանութեանց հետ հաշուի նստելու (թէկուզ անվիճելի մեր բարեկամութեան դիրքերէն)։ Նոր և անկեղծ և անվերապահ խօսակցութիւ՛ն մը ռազմավարական դաշնակիցներու միջև՝ որոնք ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ կը դիմագրաւեն Կովկասի և ամբողջ տարածաշրջանի ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ դարձնող ներկայի մեծ մարտահրաւէրները և իսկապէս լուսանցքը չունին այսպիսի վտանգաւոր և անմիտ րիսքերով ծանրաբեռնելու արդէն իսկ բեռնաւորուած քաղաքական գործընթացը տարածաշրջանին մէջ։

Կարօ Արմենեան

Յուլիս 21, 2017
Երևան

1