Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

26 յունուարին կը լրանայ մահուան 61-րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ հսկաներէն Շաւարշ Միսաքեանի:

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեան տոհմի այս արժանաւոր ծնունդը:

Գրական¬գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի ու խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ` Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթերցողը, դարձաւ անոր ուղին առաջնորդող դրօշակիրը: Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի` ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական Մեծ ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ հայ ժողովուրդը դատապարտուեցաւ աշխարհացրիւ տարագրութեան:

Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան «Յառաջ» թերթով` Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց դաշնակցական ամէնօրեայ ուրոյն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային-քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ:

Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային Երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի վերիվայրումներուն` ընկրկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին:

Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով չմաշեցուց ներկան, այլ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ` անդուլ յորդորելով մեր սերունդներուն.-

«Երիտասարդութիւն հայոց, աչքերդ ուղղէ դէպի հայրենի տուն:

Ո՛չ թէ անոր չորս պատերուն մէջ կծկուելու, այլ նոր հորիզոն փնտռելու եւ պարպուած դիրքերը գրաւելու համար:

«Եաթաղան»-ը արեան գետեր հոսեցուց, բայց հայկազանց ոգին մնաց անեղծ` սաւառնելով հորիզոնէ հորիզոն:

Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օտարութեան գոլորշիները ծծեն այդ ոգին` ձեր ետին ձգելով միայն դարաւոր պատմութեան մը կմախքը:

Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884-ի օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը: 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը: 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ` «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան միանալով:

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908-ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: 1911-1912 ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը: 1913-ին Պոլիս վերադարձաւ` մաս կազմելու համար ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան, ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը «Ազատամարտ» շաբաթաթերթին:

Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ: Փախստական` թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915-ին, երբ ցեղասպանը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ յօշոտման ահաւոր ոճիրը:

Մինչեւ 1916-ի մարտը, Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ, երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ: Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 նոյեմբեր 1918, երբ զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ:

Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը սկսաւ 1918-էն ետք, երբ զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին` ստանձնելով «Ազատամարտ»-ի շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»-ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը: Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել` ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան: Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին:

1922-ին, քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ` 1924-ին, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց «Յառաջ» օրաթերթը:

Աւելի քան երեսուն տարի Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, «Յառաջ»-ի կողքին նաեւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով` իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի կամ ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը: Ռուբէն Զարդարեանի կողքին` Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ: Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդը դարձան իրերայաջորդ սերունդներու` Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի:

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակը` եռագոյնով, զինանշանով եւ «Մեր հայրենիք»-ով, կիզակէտը դարձուց ամբողջ սերունդներու անխառն պաշտամունքին: Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ յատկապէս բուռն եղան Շ. ստորագրութեամբ իր ակնարկները, գաղափարական խարազանումի իր էջերը:

Ահա՛ մէկ նմուշ.-

«ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ ՉԷ

«Տարեկան տեսութեան մը առիթով ուզեցինք իմանալ, թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար:

«Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց` ոչ մէկ ձայն:

Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն:

«Լռութիւնը ոսկի է», կ՛ըսէին, երբ դպրոց կ՛երթայինք:

«Փորձառութիւնը հաստատեց, թէ միշտ ոսկի չէ: Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ` թիթեղ:

«Այս երեքէն որո՞ւ կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը»:

Իրաւամբ հայ հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը եղաւ Շաւարշ Միսաքեան:

Ն.

1