Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լոնտոնի Կոմիտէի
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լոնտոնի Կոմիտէի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լոնտոնի Կոմիտէի

Սիրելի Հայրենակիցներ՝

Ահա կը մօտենայ Դեկտեմբերի 9։

Օր՝ ուր տեղի պիտի ունենայ մեր հայրենիքի Ազգային Ժողովի նոր ընտրութիւնները։

Խիստ կարեւոր կը գտնենք ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը խորհրդարանական այդ ժողովին։ Ժողով որը պիտի ճշտէ ապագայի քաղաքականութիւնը հանդէպ Արցախի եւ Հայրենիքի անվտանգութեան, պիտի ճշտէ ռազմավարութիւնը Հայաստանի բնակչութեան ընկերային – տնտեսական արդար ու կայուն զարգացումը։

Այսօր ՀՅԴ -ն միակ ուժն է որ՝ հաւատարիմ իր 128 ամեայ պատմութեան ու փորձառութեան, հիմնուելով Հայրենիքի ու սփիւռքի կուսակցական իր լայն զանգուածներուն ու իր որդեգրած զորեղ հաւատքին վրայ կերտելու Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան, կը կարողանայ իրականացնել այն Հայաստանը որը մեր դապաւոր երազանքի մեկնակետն է։ Հայաստան հիմնուած ժողովրդավար սկզբունքներու, մարդու իրաւունքի, կամքի ազատ արտայայտութեան եւ ընկերային արդարութեան վրայ։

Ուստի՝ նկատի ունենալով ընտրութիւններուն մասնակցող զանազան կուսակցութիւններու ու դաշինքներու ներկայացուցած ծրագիրները կը յայտնենք Լոնտոնի մեր կազմակերպութեան լիարժէք զօրակցութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի յայտարարած կարգախօսին «Յանուն Հողին ու Հայրենիքին», անոր որդեգրած ծրագիրներուն ու կատարելիք աշխատանքներուն։

Այս առթիւ Կոմիտէութիւնս կոչ կ՛ուղէ Հայրենի մեր սիրասուն ժողովուրդին ջանք չխնայել Դեկտեմբերի 9-ին ներկայանալու քուէարկութեան կեդրոնները ու կատարել ընտրութիւնը խղճի ու արդարութեան հիմունքներով։

ՀՅԴ Լոնտոնի Կոմիտէ

1