ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ :

ՀՕՄ պատուիրակութեան կազմին մէջ էին փոխատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան, քարտուղարուհի Ռիթա Հինթլեան, գանձապահ Սիլվա Գույումճեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Լիզա Աւագեան, Նելլի Վեքիլեան, Աննա Տէր Յակոբեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, Սոնիա Աքելեան, Ալիսիա Պեճանեան Օժիկ Գրիգորեան, Նելլի Նարգիզեան:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհաւորեց կառոյցի անդամները` ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան 25-ամեակին եւ սեպտեմբեր 6-ին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի հանդիսաւոր բացման առթիւ: Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սփիւռքի մէջ ՀՕՄ-ի հայանպաստ գործունէութիւնը, առողջապահական, կրթական, սոցիալական ծրագիրներու իրականացումը, պատշաճ ուշադրութիւնը լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հարցերուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ հաւաքուել էք Կենտրոնական վարչութեան ամբողջ կազմով: Մենք հպարտանում ենք ՀՕՄ-ով, որովհետեւ մէկ դարից աւելի է` այսքան ազգանուէր աշխատանքներ էք կատարել: Դուք ձեր գործունէութեամբ ապացուցել էք, որ հայ կինը նուիրեալ է, նախաձեռնող, գործունեայ: Աշխարհի բոլոր կէտերում ՀՕՄ-ուհիների արածը միշտ էլ արդիւնաւէտ է եղէլ: Շատ կարեւոր են հայոց լեզուի պահպանութեան հարցերին ուղղուած գործունէութիւնը, յատկապէս երիտասարդների շրջանում: Ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներին հայ պահելու համար մեծ նշանակութիւն ունեն նրանց Հայաստան այցելութիւնները»:

Նախարարը ներկայացուց Սահմանապահ գիւղերու աջակցութեան» ծրագիրը եւ առաջարկեց 43 գիւղերէ ընտրել մէկը ու այն դարձնել «ՀՕՄ-ի գիւղ», շէնացնել զայն, մանկապարտէզ, դպրոց վերանորոգել, ընկերային ծրագիրներ իրականացնել:

Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին կառոյցի մասնակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի միջեւ համագործակցութեան զարգացմանն ու ամրապնդմանը վերաբերող հարցեր:

ՀՕՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի համար: Անոնք նախարարին ներկայացուցին իրականացուած աշխատանքները, պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու «Սահմանապահ գիւղերու աջակցութիւն» շարժումին, աշխուժացնել մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն:

ՀՕՄ-ը Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 1991 թուականին եւ շուրջ 600 անդամուհիներով կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան 48 համայնքի մէջ:

ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն է` նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան ձեւաւորման եւ քաղաքացիական հասարակութեան կերտման գործընթացքին, օժանդակել հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման:

hayernaysor.am

1