ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակ. «Երիտասարդութիւնն Ու Հայ Դատը» Խորագիրով Շահեկան Սեմինար
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Երիտասարդական » ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակ. «Երիտասարդութիւնն Ու Հայ Դատը» Խորագիրով Շահեկան Սեմինար

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակ. «Երիտասարդութիւնն Ու Հայ Դատը» Խորագիրով Շահեկան Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, շաբաթ, 23 եւ կիրակի, 24 նոյեմբերին «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը` «Երիտասարդութիւնն ու Հայ դատը» խորագիրով, որուն մասնակցելու նպատակով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած էին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան եւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան:

 

Սեմինարին կը մասնակցէին ներկայացուցիչներ ԶՈՄ-էն, ՀԵՀՈՄ-էն, ՀԿՄ-էն, ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական միութենէն, համալսարաններու ակումբներէն, հայկական երկրորդական վարժարաններէն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն: Այս առիթով Լիբանան ժամանած էին նաեւ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի մէջ գործող ուսանողական եւ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Վիգէն Աւագեան

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, 23 նոյեմբերին` յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, բացումը կատարուեցաւ սեմինարին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Վիգէն Աւագեան, որ անդրադառնալով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան` դիտել տուաւ, թէ անիկա ստեղծուած էր Դաշնակցութեան կողմէ երիտասարդութեան նկատմամբ ունեցած վստահութեան իբրեւ դրսեւորում` այն ապահովութեամբ, որ այդ երիտասարդութիւնը կը քալէ Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու ուղիէն: Ան հաստատեց, որ 40 տարի ետք այս իմաստով զղջումի կամ յուսախաբութեան պատճառներ չկան, «որովհետեւ եթէ մենք չվկայենք, մեր ժողովուրդը ի՛նք կրնայ վկայել, որ տարիներու իր արդիւնաշատ գործունէութեամբ ԼԵՄ-ը եղաւ ու մնաց արժանաւոր տէրը այն առաքելութեան, որուն համար ստեղծուեցաւ»: Վ. Աւագեան դիտել տուաւ, թէ իր գոյութեան 40 տարիներուն ընթացքին ԼԵՄ-ը գտնուեցաւ լիբանանահայութեան ազգային-քաղաքական բոլո՛ր ճակատներուն վրայ, ծառայութեան ու նուիրումի առաջին գիծերուն վրայ. եղաւ դարբնոցը իրերայաջորդ սերունդներու, որոնք եկան, գործեցին ու անցան` ազատ ու անկախ հայրենիքի տեսլականով եւ ամբողջական հայութեան երազով:

 

Իր խօսքի աւարտին` Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ թէեւ 40-ամեայ հպարտալի անցեալ մը ունի ԼԵՄ-ը, սակայն անիկա պարզապէս փառապսակ պէտք չէ ըլլայ, այլ ամրակուռ պատուանդան` ապագայ նորանոր նուաճումներու, կուսակցական-գաղափարական սկզբունքներով ԼԵՄ-ականներու պատրաստութեան առաքելութեան շարունակութեան, նորանոր 40-ամեակներու ծառայութեան ուխտով իսկական «ազգային պահակագունդ»-ի ստեղծման:

Շանթ Յարութիւնեան

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան խօսքը արտասանեց Շանթ Յարութիւնեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ազգովին Հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ համախմբուելու եւ զանոնք առաջնահերթութիւն, լինելիութեան պայքար նկատելու մարտահրաւէրը` մանաւանդ որ թշնամի պետութիւնը տակաւին կը շարունակէ անտեսել մեր պահանջները: Անոր համաձայն, հակահայ տրամադրութիւններու եւ կեղծ պատմութիւններու մշակման ու տարածման երեւոյթին դիմաց, այսօր պէտք է բարձրացնել պահանջատիրութեան միջոցներն ու զանոնք զարգացնելու ձեւերը, հատուցման որակական եւ քանակական արժեւորում կատարել, Արեւմտահայաստանի հողային պահանջին վրայ դնել շեշտը:

 

Շանթ Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին եւ յաջորդ տարիներուն, այսօր եւս երիտասարդութիւնը կոչուած է ըլլալու միահամուռ ուժ, զոհաբերութեան ու նուիրումի պատրաստակամ ջատագով, հայութենէ հեռացած երիտասարդները իրենց արմատներուն վերադարձնելու առաքելութեան լծուած մարդուժ: «Պայքարի մեր աշխատանքը միասնական ջանքերով է, որ արդիւնք պիտի տայ: Ընդհանուր երիտասարդական շարժումն է, որ տիրական պէտք է ըլլայ ամէնուրեք», շեշտեց Շ. Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ սեմինարը կազմակերպուած է այս բոլոր հարցերը քննելու միտումով:

 

Առաջին զեկուցաբերն էր Յովհաննէս Թասլաքեան, որ ներկայացուց «Միջին Արեւելքի քաղաքական վիճակը եւ ազդեցութիւնը հայ ժողովուրդին վրայ» նիւթը. զրուցավարն էր Լութֆիկ Այվազեան: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը եղած է տագնապներու պատմութիւն,  իսկ ներկան ալ չի թուիր շատ տարբեր ըլլալ, նաեւ` ապագան: Ան Միջին Արեւելքի համայնապատկերը ներկայացուց 9 հիմնական գործօններու եւ ստորոգելիներու ընդմէջէն` դիտել տալով, որ վերջին հանգրուանին խոր տագնապալի վիճակին արտայայտութիւնները եղան յեղափոխութիւնները, որոնք ձախողեցան թէ՛ արտաքին ճնշումին, եւ թէ՛ ներքին, ժողովրդային մակարդակի վրայ կայացած ու պատրաստուած ըլլալու գործօնի բացակայութեան պատճառով: Յ. Թասլաքեան առանձնացնելով Թուրքիոյ պարագան` յայտնեց, որ անիկա աւելի կայուն է իր ժողովրդագրական ուժին ու տնտեսական բարգաւաճման պատճառով, նաեւ աւելցնելով, որ Թուրքիա միշտ ալ կը փորձէ Միջին Արեւելքի մէջ դերակատարութիւն ստանձնել, ինչ որ մտահոգիչ է հայութեան համար:

 

Հայութեան համար ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող, հայութեամբ ապրող, հայութեան պայքարի կարեւոր տարր հանդիսացող, ինչպէս նաեւ ապագայ Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերին մէջ իր կարեւոր տեղը ունեցող միջինարեւելեան գաղութներու իրավիճակին մասին խօսելով` Յ. Թասլաքեան կացութիւնը մտահոգիչ նկատեց: Անոր համաձայն, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, հայութիւնը պէտք է շարունակէ համախմբուած կուռ ուժ ըլլալ, պահպանել իր հաւաքական գոյութիւնը, որպէսզի երաշխաւորէ հայութեան երթը` մեր գերագոյն նպատակներու իրականացման համար:

 

Երկրորդ զեկուցումին նիւթն էր «Հայ երիտասարդին դերը պահանջատիրական աշխատանքին մէջ», զոր ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան, իսկ զրուցավարն էր Զաքար Քէշիշեան:

 

Ս. Մկրտիչեան նախ շնորհաւորեց ԼԵՄ-ը, որ ունեցած է եւ ունի առանձնայատուկ տեղ ու դեր ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ կազմակերպուած երիտասարդութեան շարքերուն մէջ: Ան հաստատեց, որ իր գոյութեան 40 տարիներուն ընթացքին ԼԵՄ-ը լաւագոյնս արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը:

Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդութեան ընելիքներուն մասին խօսելէ առաջ` բանախօսը պատմական անդրադարձ կատարեց հայութեան կեանքի հիմնական հանգրուաններուն` շեշտելով, որ հակառակ ամէն ինչի, հայութիւնը պահեց իր ազատատենչ ոգին եւ պայքարեցաւ, հակառակ պետականութեան բացակայութեան:

 

Հայաստանի մէջ տիրող ներկայի իրավիճակը լուսարձակի տակ առնելով` Ս. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ այսօր հոն չկան արժանավայել կեանք ապրելու տուեալները, որոնց առկայութեան պարագային է, որ մարդ կրնայ մտածել դատի լուծման մասին: Հայ դատի պայքարի իմաստով ան շեշտը դրաւ ճանաչման ու հատուցման պահանջատիրութեան վրայ:

 

Ս. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ հիներուն փորձառութենէն օգտուելով` հայ նոր սերունդը պէտք է նոր միտքեր ու գաղափարներ ծնի: Այս իմաստով ան կարեւոր նկատեց քանի մը հիմնական սկզբունքներ եւ ուղղութիւններ` կազմակերպուածութիւն, ուժերու համախմբում, ինքնութեան պահպանում Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս, ուժերը ծառայեցնել Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման, ինչպէս նաեւ ԱրեւմտաՀայաստանի մէջ ապրողներուն ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքին նպաստել: Ան հաստատեց, որ ազգի հզօրացումը կը նշանակէ իւրաքանչիւր անձի հզօրացում, մասնագիտացում, որպէսզի կարենայ հայանպաստ մթնոլորտ ստեղծել միջազգային մակարդակներու վրայ: Բանախօսը կարեւոր նկատեց տեղեկատուական մարզին մէջ զարգացումը, յատկապէս համացանցի միջոցով, ինչպէս նաեւ երկքաղաքացիութեան օրէնքէն առաւելագոյնս օգտուիլը` հայրենիքին հետ իբրեւ իրաւական ու բարոյական կապ: Ս. Մկրտիչեան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով ըլլալու զգաստ, լուրջ, գործօն, ծառայելու հայրենիքի եւ ազգի հզօրացման ի խնդիր, որովհետեւ միշտ ալ մեծ է երիտասարդութեան դերը:

 

Սեմինարը իր աշխատանքները շարունակեց կիրակի, 24 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Առաջին զեկուցաբերն էր Լեւոն Աւետանեան, որ ներկայացուց «Յաջորդ տասնամեակի Հայ դատի մարտահրաւէրները» նիւթը, զրուցավարն էր Անի Բագրատունի:

 

Լ. Աւետանեան իր խօսքին սկսաւ Հայ դատ հասկացողութեան սահմանումը կատարելով` «Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հայրենահանումը կը կազմեն հիմքը մեր այսօրուան Հայ դատին»: Ան աւելցուց, որ կան նաեւ այլ հիմնահարցեր, որոնք Հայ դատ հասկացողութեան ուղղակի առնչակից են` Ջաւախք, Նախիջեւան, հայկական զոյգ հանրապետութիւններու հզօրացում, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պարագային նաեւ միջազգային ճանաչում:

 

Բանախօսը իր խօսքին մէջ հիմնականօրէն անդրադարձաւ հատուցման օրակարգին` հաստատելով, որ միջազգային ճանաչման զուգահեռ կ՛ընթանայ ասիկա: Ան դիտել տուաւ, որ Հայ դատի այս նոր հանգրուանը կ՛ենթադրէ հատուցումներու իրաւական եւ օրինական յստակ բանաձեւում, քաղաքական եւ իրաւական անթերի թղթածրարներու պատրաստութիւն եւ միջազգային ատեաններու մէջ զանոնք ներկայացնելու ու հետապնդելու հոլովոյթներու մշակում: «Ահա, մէկ նախադասութեամբ, ա՛յս է Հայ դատի (Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման գծով) մարտահրաւէրը յառաջիկայ ժամանակաշրջանին», հաստատեց Լ. Աւետանեան:

 

Ապա բանախօսը մանրամասն կերպով խօսեցաւ Հայ դատի վերաբերող դատական գործերուն, հայ-թուրք կամ Հայաստան – Թուրքիա կապերուն, յատկապէս Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ թրքական կողմի հակազդեցութիւնը` հայութեան պահանջատիրական երթին, միաժամանակ անդրադառնալով զայն կասեցնելու եւ արգելակելու թրքական օրէ օր բազմացող դաւերուն: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան պարագային, Լ. Աւետանեան շեշտեց, որ Հայաստանի պետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հայկական սփիւռքի քաղաքական գործունէութիւնը պէտք է ըլլան նպատակային եւ համահունչ: Սփիւռքի պարագային ան անհրաժեշտ նկատեց ընդլայնել գործունէութիւնը, քարոզչական ու քաղաքական նոր հանգրուանի պահանջներուն համապատասխան դարձնել: Արցախի գծով բանախօսը կարեւոր սեպեց նոր թափ տալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին:

 

Երկրորդ օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի մարտահրաւէրներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց գրասենեակին գործունէութիւնն ու ընդհանուր ուղղութիւնները:

 

Զրուցավարն էր Յակոբ Տէր Ղուկասեան:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի պայքարի կարելիութիւններն ու մարտահրաւէրները ճշգրտօրէն բնութագրելու համար անհրաժեշտ է ամփոփ կերպով ներկայացնել եւ գնահատել շրջանի ներկայ վիճակը, Թուրքիա – Արաբական աշխարհ կապերը, Հայաստան – Արաբական երկիրներ յարաբերութիւններու պատկերը, որովհետեւ ատիկա շատ կարեւոր է Հայ դատի աշխատանքներուն յաջողութեան համար: Իր խօսքին մէջ Վ. Եագուպեան յստակ ու ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Միջին Արեւելքի այսօրուան պատկերը, հայութեան հետ առնչուող իրադարձութիւնները, թրքական գործօնը` հաստատելով, որ այս շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւական դժուար հոլովոյթ է: «Շրջանին մէջ հետզհետէ ծաւալող թրքական վտանգը, իսլամ արմատականութեան գործօնը եւ քաղաքական ու ապահովական դէպքերու արագ ու անորոշ զարգացումները, հայութեան հաւաքական ներկայութիւնը եւ Հայ դատի պայքարը դրած են լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի մէջ մեր ներկայութիւնը ունի ռազմավարական արժէք եւ կը հանդիսանայ քաղաքական, պատմական եւ իրաւական խարիսխը ապագայ Հայաստանի լինելիութեան եւ Հայ դատի մեր աշխատանքներուն, անհրաժեշտ է քայլ պահել շրջանին մէջ ծաւալող զարգացումներուն հետ: Փաստօրէն, Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները սկսած են շատ ծանր կշռել մեր արդէն իսկ նօսրացած եւ յոգնած գաղութներուն վրայ», հաստատեց Վ. Եագուպեան: Ապա ան ներկայացուց գրասենեակի տարբեր բնոյթի եւ տեսակի աշխատանքները, քարոզչական-յարաբերական գործունէութիւնը, կազմակերպած խորհրդաժողովները:

 

Յաջորդ նիւթն էր «Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ Հայ դատի գործունէութեան միջոցները. Լիբանանի եւ Եգիպտոսի տարբերակները»: Զեկուցաբերներն էին Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան եւ Յակոբ Հաւաթեան. զրուցավարն էր Յովիկ Յովհաննէսեան:

 

Արմէն Մազլումեան անդրադարձաւ 5 տարի առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի ջանքերով կազմուած Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ծնունդին, որուն նպատակն է հանրային կարծիք ստեղծել եւ քարոզչական աշատանք տանիլ: Ան ներկայացուց յանձնախումբին աշխատանքները` եգիպտացի լրագրողներու Հայաստան տուած այցելութիւնը, հոն անոնց ունեցած հարցազրոյցները, ապա` Եգիպտոս իրենց վերադարձին, թերթերուն մէջ լոյս տեսած հայանպաստ յօդուածները եւ վկայութիւնները: Մազլումեանի համաձայն, եգիպտական մամուլը յատկապէս կ՛անդրադառնայ նաեւ Ղարաբաղի հարցին, թէեւ թրքական եւ ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ ճնշում բանեցնել լրագրողներուն վրայ:

 

Տարուելիք աշխատանքներուն մասին խօսելով` Ա. Մազլումեան յայտնեց, որ պէտք է լրագրողներու ցանց ստեղծել, իւրաքանչիւր երիտասարդ թերթերուն հետ կապ հաստատել փորձէ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցել լրատուամիջոցներուն:

 

Եգիպտոսի պարագային բանախօսը դիտել տուաւ, որ տարբեր տեսակի աշխատանք կը տարուի, դասախօսներու հետ կապ կը հաստատուի, Հայ դատի գրասենեակը սերտ կապեր ունի յատկապէս կարգ մը թերթերու հետ, ինչ որ մեծ օգուտ է համայնքին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն:

 

Յակոբ Հաւաթեան խօսեցաւ Լիբանանի Հայ դատի աշխատանքներուն մասին` դիտել տալով, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ հայկական հարցը առաջնահերթ է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի, կոմիտէներու տարած աշխատանքներուն` Հայ դատը ծանօթացնելու իմաստով, իւրաքանչիւրը իր մակարդակին վրայ ու շրջանակին մէջ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը եւս ծաւալուն աշխատանք կը տանի` յարաբերական, խորհրդաժողովներ, վաւերագրական ժապաւէններ, հրատարակչական եւ այլն:

 

Յ. Հաւաթեան նշեց, որ մեր ձայները եւ պահանջները պէտք է պետութեան մօտ լսելի դառնան, ինչ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու խոչընդոտները: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ներկայիս աշխուժացած են նաեւ թրքական կողմի աշխատանքները, որոնց պէտք է հակազդել կազմակերպուած կերպով, որպէսզի տարածենք ճիշդ տեղեկութիւններ:

 

Իր խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան հաստատեց, որ Հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ պէտք է համախմբուին նաեւ հայ համակիրներն ու երիտասարդները:

 

Վերջին զեկուցաբերն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որուն ներկայացուցած նիւթն էր «Երիտասարդութիւնը մերօրեայ աշխարհին մէջ, գաղափարական շարժումներու իրավիճակ, համաշխարհայնացում, ընկերային հարցեր» Զրուցավարն էր Սագօ Մկրտիչեան:

 

Տ. Ճինպաշեան խօսեցաւ գաղափարական շարժումներու ստեղծման, անոնց դրդապատճառներուն համոզումներուն, առաջադրանքներուն ու նպատակներուն մասին: Անոր համաձայն, այս գաղափարները յառաջ մղող ուժերը, կուսակցութիւնները, կառոյցները տարբեր ձեւերու դիմեցին իրենց նպատակներուն հասնելու համար: Բանախօսը նշեց, որ նման շարժումներու նախաձեռնելու համար պէտք է նկատի ունենալ համաշխարհային քաղաքական կացութիւնը, ժողովուրդին քաղաքական կացութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, կազմակերպուածութիւնը:

 

Բանախօսը հաստատեց, որ պէտք է ընտրութիւն կատարել, նպատակ ճշդել, որպէսզի ըստ այնմ կարելի ըլլայ գործի լծուիլ: Ապա ան խօսեցաւ պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած շարժումներուն մասին` աջակողմեան, ձախակողմեան, դրամատիրական եւ ընկերվարական, իսկ վերջին հանգրուանին` նաեւ կրօնական ծայրայեղական:

 

Տ. Ճինպաշեան նշեց, որ կարեւոր է նկատի ունենալ ռազմավարութիւն մը, առարկայական տուեալները, նաեւ ենթակայական պայմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ շարժման յաջողութիւնը երաշխաւորել: Անոր համաձայն, գաղափարաբանութիւն ստեղծելը անհրաժեշտ է, երիտասարդութիւն վերստեղծելու հարց կայ այսօր մեր մօտ, նաեւ մեր ազգային տագնապները պէտք է վերածել առօրեայ մտմտուքի առարկայ, որպէսզի այդպիսով ծնունդ առնեն նոր գաղափարներ, շարժումներ, լուծումներ: Այս իմաստով ան կարեւոր նկատեց երիտասարդութեան դերը:

 

Աւարտին ընթերցուեցան բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած ներկայացուցիչներ ամփոփ կերպով ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը:

 

Նշենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցումի կը յաջորդէր շահեկան զրոյց: Սեմինարին ընդհանուր հանդիսավարն էր Աշոտ Բագրատունի:

 
 
1