ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մուրատ Փափազեանի խօսքը Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքի ժամանակ
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մուրատ Փափազեանի խօսքը Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքի ժամանակ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մուրատ Փափազեանի խօսքը Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքի ժամանակ

Պարոն Նախագահ,

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը ուրախ է ձեզ ընդունելու իր այս տարուան ընթրիքին: Արա Թորանեան եւ ես, որ պատիւն ունինք համանախագահելու ՖԿՀԽ-ը, շրջապատուած ենք ազգային գրասենեակով մը, որուն անդամները ներկայ են այստեղ :

Բոլորս միասին ձեզի բարի գալուստ կը մաղթենք: Հանրապետութեան Նախագահին ներկայութիւնը ՖԿՀԽ-ի ընթրիքին եւ 24 Ապրիլի ոգեկոչման ձեռնարկներուն աւանդութիւն մը դարձած են Հանրապետութեան մէջ: Հանրապետութի՛ւն, մեր հպարտութիւնը: Այո, մենք հպարտ ենք ֆրանսացի ըլլալով եւ հպարտ՝ հայ ըլլալով: Հպարտ՝ այս զոյգ ինքնութիւններով: Հպարտ՝ Հանրապետութեան արժէքներով, իրաւունքներու եւ արդարութեան, հաւասարութեան արժէքներով, որոնք ինքնին հրաւէրներ են հայ դատի ճամբուն պայքարելու: Հպարտ՝ համարկումի այն օրինակով, որ տուած են Ֆրանսայի հայերը: Մենք հպարտ ենք նաեւ, որ մեր մէջ, մեր դատի համար պայքարողներ, Ֆրանսայի սիրահարներ, դարձած են՝ Ռոնի երեսփոխանուհի, սիրելի՛ Տանիէլ Ղազարեան, Լիոնի քաղաքապետ՝ Գէորգ Քէփէնէկեան, հետեւելով Փաթրիք Տէվէճեանի օրինակին:

Պարոն Նախագահ, այս երեկոյ կրնայի ձեզի խօսիլ ցեղասպանութեան մասին, որ ապրած են հայերը 1915-ին, 1 500 000 տղամարդիկ, կիներ, երեխաներ եւ ծերունիներ տարագրուած, սպաննուած, կոտորուած, բռնաբարուած եւ ստրուկներու վերածուած կիներ: Բացարձակ դաժանութիւն մը, որ ապրած է հայ ժողովուրդը:

Ես կրնայի ձեզի յիշեցնել թէ Էրտոկան գոցած է բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որ հրամայած է արգելափակել հարիւր հազարաւոր ընդդիմադիրներ, դատաւորներ, փաստաբաններ, լրագրողներ, համալսարանի դասախօսներ, մտաւորականներ, խորհրդարանականներ, հազարաւոր քիւրտեր: Ան երկիրը ընկղմած է սահմանադրական իրական միապետութեան մը մէջ:

Կրնայի ընդգծել, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր, այո՛ այսօր, 2018-ին, կան փողոցներ, պողոտաներ, եւ դամբարան մը որ կը կրեն Թալաթի, թուրք Հիթլերի անունը. 1915-ի ներքին նախարարը, ան՝ որ պատրաստեց հայութեան բնաջնջման ծրագիրը: Կրնայի՞նք պատկերացնել, որ աշխարհի մէջ ամենէն աննշան փողոցը կոչուի Ատոլֆ Հիթլե՞ր:

Կրնայի ձեզ նախազգուշացնել, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները այսօր վտանգուած են:

Հայերը, քիւրտերը, ասսորիները, ալեւիները, եւ հրէաները: Կայ մէկը, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ մեծ վտանգի ենթակայ է: Այս երեկոյ ան այստեղ է, մեզի՛ հետ: Կ՚ուզեմ խօսիլ Կարօ Փայլանի մասին: Թրքական խորհրդարանէն ներս ան կը վարէ ժողովրդավարական ընդդիմութիւնը: Ան աներեւակայելի վտանգի ենթարկած է ինքզինք, խօսելով հայոց ցեղասպանութեան, մարդու իրաւունքներու, քիւրտերու եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մասին:

Ես կը վախնամ քու կեանքին համար, Կարօ Փայլան: Շնորհակալութիւն ներկայութեանդ համար, շնորհակալութիւն տարածդ աշխատանքին համար:

Այնքան բաներ կան ըսելիք, դատապարտելիք, յառաջ մղելիք, Պարոն Նախագահ: Ֆրանսան մեծ երկիր մըն է, Ֆրանսան որ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, միտքի լոյսերու, արդարութեան երկիրն է, կրնայ ձայն բարձրացնել, ըլլալ աւելի խիստ, կարծր, եւ յստակ, յարգել տալու իր իսկ պաշտպանած տեսլականները:

Բայց՝ ոչ, Պարոն Նախագահ, այդ մասին չէ որ այս երեկոյ ձեզի պիտի խօսիմ:

Այս երեկոյ, ձեզի պիտի տանիմ մէկ այլ տեղ: Եկէ՛ք ինծի հետ Ղարաբաղ, որը այսուհետ կը կոչենք՝ Արցախ:

Եկէ՛ք հանդիպելու հայ ժողովուրդի այն հատուածին, որ 1923-էն 1988 ապրեցաւ Ազէրպայճանի լուծին տակ, պարզապէս որովհետեւ Սթալինի Խորհրդային Ռուսաստանի որոշումով այս հողամասը, որ միշտ հայկական եղած է, մաս կազմեցաւ Ազէրպայճանին: Այս ժողովուրդը, որ զոհ դարձած է թեր-զարգացման, թշուառութեան, եւ Ազէրպայճանի վարչակարգի ճնշումներուն, 1988-ին, Գորբաչեւեան տարիներու աւարտին, դիմեց խաղաղ շարժումի՝ պահանջելով կազմակերպել ինքնավարութեան հնարաքուէ մը, որուն ազէրիները պատասխանեցին ջարդերով՝ այնտեղ ուր որ հայեր կապրէին Ազէրպայճանի մէջ, վերարթնացնելով 1915-ի ցաւալի պատկերներու ուրուականը:

Պէտք եղաւ ընդդիմանալ՝ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ: Քաղաքական ընդդիմութիւն, մարդասիրական ընդդիմութիւն, եւ քանի անհրաժեշտ էր՝ նաեւ զինեալ ընդդիմութիւն: Եւ հայերը վերջապէս յաղթական դուրս եկան այն պատերազմէն որը պարտադրուած էր իրենց: Իսկ 1994-էն ի վեր, երբ ստորագրուեցաւ զինադադարը, ան տարեկան 6000-էն 10.000 անգամ կը խախտուի ազէրպայճանական բանակին կողմէ:

Պէտք է այցելել՝ լաւ հասկնալու համար անդադար յարձակումներու վտանգը:
Պէտք է այցելել՝ հասկնալու համար նաեւ, որ Ղարաբաղի բոլոր հայ ընտանիքները սգաւոր են իրենց պարտադրուած այս պատերազմին հետեւանքով :

Եկէ՛ք ինծի հետ Արցախ, Պարոն նախագահ, եւ միասին նայինք հայ երիտասարդներու աչքերուն հասկնալու համար, որ անոնք ապագայի եւ ապահովութեան ծարաւ են, որ կ՚ուզեն պատկերացնել բնականոն կեանք մը խաղաղ պայմաններու մէջ, ապագայ կառուցել իրենց զաւակներուն համար: Եւ այդ ապագան մենք կ՚ուզենք՝ իրենց հետ եւ իրենց համար:

Եկէ՛ք ինծի հետ Արցախ, Պարոն նախագահ, եւ կը հասկնաք թէ ի՛նչ յոյս դրուած է Ֆրանսայի դերակատարութեան վրայ:

Ֆրանսացի բազմաթիւ խորհրդարանականներ այցելած են Արցախ, եւ իրենց մեկնումէն ի վեր անոնց անունները արձանագրուած են Ազէրպայճանի սեւ ցանկին վրայ: Անոնցմէ ոմանք այս երեկոյ այստեղ են. Ֆրանսուա Փիւփոնի, Լիւք Քարվունաս, Վալէրի Պուայէ, առանց մոռնալու զանոնք նախորդողները՝ Ռընէ Ռուքէ, Ժան-Մարգ Ժերմէն, Փաթրիք Տէվէճեան, ձեր բարեկամ՝ Ժան Լոնէ, Պրիւնօ Լը Ռու: Եւ չեմ մոռնար ձեր շաժումի ընտրեալներէն՝ Ֆրանսուա Տիւմա:

Ազէրպայճանական պետութեան կողմէ կոտորուելէ, ազէրպայճանական բանակին կողմէ պատերազմի ենթարկուելէ ետք, պէտք է հասկնալ, որ Ղարաբաղի հայերը այլեւս երբեք պիտի վերադառնան Ազէրպայճանական վարչակարգին ներքոյ ապրելու:

Անշուշտ, որ այդ չէ լուծումը: Իլհամ Ալիէւի իշխանութիւնը ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի Էրտոկանի իշխանութենէն, եւ յստակ է որ ո՛չ մէկը, եւ ոչ ալ միւսը խաղաղութեան տիպարներ են: Թէ ոչ, այդ բացայայտ պիտի ըլլար:

Եւ ձեզի չեմ խօսիր խավիարկէյթի մասին, Ազէրպայճանի կառավարութեան կողմէ ղեկավարուած այդ հսկայական կաշառակերութեան գործողութեան մասին, որուն մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի պետական կառոյցին մաս կազմող որոշ անձնաւորութիւններ:

Մեզի համար անհասկնալի է նաեւ այն փաստը, որ Վալ Տը Մարնի մարզպետը դիմած է վարչական դատարան, որպէսզի Պաքուի կողմէ գործի հրաւիրուած փաստաբաններու գրասենեակի մը պահանջով հարցականի տակ առնուի Ալֆորվիլի եւ Բերձորի բարեկամութեան պայմանագրի ստորագրութիւնը:

Պարոն նախագահ, գալով այստեղ՝ ՖԿՀԽ-ի ընթրիքին, եւ ինծի հետ Արցախ գալով, դուք պիտի հասկնաք նաեւ, որ Արցախի հայերու թիւը 150.000 չէ այլ՝ 12 միլիոն: Որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն հայ, ըլլայ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ՝ ինքզինք կը համարէ արցախահայ: Ցեղասպանութենէն ետք մենք այնքա՛ն ջարդեր ապրած ենք Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի մէջ, որ անվտանգութեան հարցերը միշտ կը մնան մեր նախընտրութիւնները:

Ֆրանսան, այս հակամարտութեան լուծելու հարցը ստանձնած Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր է: Դուք, Պարոն նախագահ, ունիք միջազգային բացառիկ կարգավիճակ մը: Մենք պաշտօնապէս ձեզմէ կը պահանջենք զայն օգտագործել լուծելու համար այս հակամարտութիւնը, յարգելով Ֆրանսայի հիմնասիւները եղող՝ ազատութեան, խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու ինքնավարութեան արժէքները:

Շնորհակալութիւն:

1