ՀՅԴ Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտեն դատապարտում է Լաս Վեգասի արյունահեղությունը
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր ցասումն ու ցաւը կը յայտնէ Լաս Վեկասի մէջ անցեալ Կիրակի գիշեր տեղի ունեցած ահաւոր նախճիրին առթիւ:
Այս աննախադէպ ու անհեթեթ ոճիրի զոհերուն ու վիրաւորներուն հանդէպ մեր հասարակութիւնը պարտաւորութիւն պէտք է զգայ նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը կանխող անհրաժեշտ միջոցներ ձեռք առնելու, առաջին հերթին՝ մեր իրականութենէն արմատախիլ ընելով ուղղակի կամ անուղղակի կերպով անհանդուրժողութիւն սերմանող, ընկերութեան մէջ ատելութիւն սնուցող ամէն երեւոյթ: