Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Գաղափարական » Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում

Անհրաժեշտ Է Ազգովին Ձգտինք Վերականգնելու Ներազգային Միասնակամութիւնը Եւ Հաղորդակցութեան Սրընթաց Կապերու Այս Դարուն Վերացնելու Մեզ Իրարմէ Բաժնող Բոլոր Երեւոյթներն Ու Ազդակները». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Առաջնահերթը Հայն Է, Հայաստանն Ու Հայութիւնը. Անընդունելի Են Անտարբերութիւնը, Յուսալքումը, Ծուլութիւնը, Անձնակեդրոնացումը, Ազգայինէն Հեռանալը, Ինքնագոհութիւնը, Պայմանաւորուած Մասնակցութիւնը». Յակոբ Բագրատունի

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները առիթներ են հաշուետուութիւն ներկայացնելու ժողովուրդին` նախորդ տարուան ընթացքին ՀՅԴ-ի կատարած եւ կատարելիք գործունէութեան մասին: Դաշնակցութեան օրը նաեւ տարին մէկ անգամուան ընթացքին այն օրն է, երբ Դաշնակցութիւնը ամբողջական թափանցիկութեամբ կը ներկայանայ զինք ծնած հայութեան, ի հարկին կը կատարէ ինքնաքննադատութիւն եւ նախանշէ իր մօտաւոր ապագայի գործունէութեան ընդհանուր ուղենիշները: Հայկական պետականութեան ամրապնդում, Արցախի տագնապի հայանպաստ լուծում, Հայ դատի բազմաշերտ պայքար, սփիւռքահայ կեանքի յաւելեալ կազմակերպում եւ սփիւռքի ամբողջ կարողականութեան ուղղորդում դէպի հայրենիքի հզօրացման նպատակ, լիբանանահայ գաղութին տէր դառնալու առաքելութիւն եւ տակաւին պայքարի այլեւայլ բնագաւառներ էին եւ կը մնան դաշնակցական աշխատանքի մնայուն առանցքները, որոնց մասին կարելի չէ չխօսիլ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին: Հաշուետու այս տօնակատարութիւնը` ՀՅԴ 127-ամեակին առիթով, Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը կազմակերպած էր երէկ` ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ: Տօնակատարութեան մասնակցեցան լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծննդոցը, անոր ստեղծման դրդապատճառները, անցած ուղին, որուն ընթացքին որդեգրուեցան պայքարի տարբեր ձեւեր, սակայն նպատակը միշտ մնաց նոյնը` տէր կանգնիլ հայութեան գերագոյն շահերուն, ազգին ազատութեան եւ անոր կամքի ինքնուրոյնութեան: Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործեց այն համոզումով, որ իր ժողովուրդին շահերը օտարին մօտ փնտռելը անիմաստ է եւ միշտ ալ հարկ է ապաւինիլ հայուն բազուկին: Իր խօսքին մէջ Յարութ Լափաճեան անդրադարձաւ Պանք Օթոմանին, հայոց ազգային ազատագրական պայքարին, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն, հայ արդարադատ բազուկներուն տուած վրէժխնդիր հարուածներուն, արցախեան պայքարին, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, որոնց ընթացքին Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականները միշտ ալ եղան պատնէշի վրայ, ընդառաջեցին ամէն տեսակ կոչի, որուն նպատակը սրբազան արժէքներու պահպանումն է, հայութեան արդար դատն է, ամբողջ ազգին ապահովութիւնն ու ազատութիւնն է:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յարութ Լափաճեան հաստատեց, որ դաշնակցական երիտասարդին մէջ պայքարի ոգին երբեք պիտի չմարի, ազգի անսակարկ ծառան ըլլալու գաղափարը մնայուն կերպով անոր մէջ պիտի ժայթքի հրաբուխի նման, ան աւելի պիտի ամրապնդէ իր պայքարի համոզումը, մինչեւ որ հասնի այն վսեմ բարձունքներուն, ուր կը ճախրի հայոց արծիւը` ամբողջական Հայաստանի երկնքին տակ: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` չնահանջելու, այլ միասնաբար կերտելու ազգի փայլուն ապագան, որովհետեւ միասնականութեան մէջ կեդրոնացած է ուժը:

Ապա ցուցադրուեցաւ անցեալ տարուան ընթացքին Դաշնակցութեան գործունէութեան ամփոփ պատկերը ներկայացնող, Դաշնակցութեան տարբեր միաւորներուն տարած աշխատանքներուն անդրադարձող տեսերիզ մը, որմէ ետք հայրենասիրական երգեր մեկնաբանեց հայրենի երգչուհի Կապի Կալոյեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդին համար Դաշնակցութեան ունեցած արժէքը, որուն համար կուսակցութիւնը պարտի յաւելեալ աշխատանք տանիլ` իրեն տրուած վստահութեան ատակ ըլլալու համար: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան օրը սոսկ տարեդարձ չէ, այլ հայ ժողովուրդին պայքարելու կամքին նշման օրն է, հայ մշակին, բանուորին, ուսուցիչին, գործատիրոջ, շահագործումը մերժողին, անշահախնդիր մարդուն օրն է:

Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ այս օրը նաեւ պարտաւորեցնող է, զգաստութեան հրաւիրող, սխալներն ու բացթողումները տեսնելու եւ ինքնաքննադատութեան մղող` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը այդ մէկը կատարելու ատակ է, այս պատճառով ալ միշտ ձգտած է վերանորոգելու ինքզինք: Ան հաստատեց, որ մեր ազգային- հասարակական կեանքին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները, Հայաստանի անկախացումով յառաջացած նորաստեղծ մթնոլորտը, մեզ շրջապատող հաւաքականութեանց մէջ երեւցող ու յաճախ մեզի խորթ թուացող երեւոյթները, համաշխարհայնացումը, ապազգայնացնող փոթորիկները, եսակեդրոնութիւնն ու եսապաշտութիւնը, արժէքներու անկումը նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն կուսակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ մարդը իր մարդկայնութենէն պարպելու փորձերուն, ընկերային տագնապներուն, շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, ազատութեան ըմբռնումի նոր մօտեցման, հայկական իրականութեան մէջ շուկայական տրամաբանութեան, փտածութեան, ինքնութեան կորուստի, Հայաստան-սփիւռք կապերը խաթարելու փորձերուն, որոնց հակազդելու ձեռնոցը կը վերցնէ Դաշնակցութիւնը, որ կը տագնապի այս բոլորով եւ կը նախաձեռնէ անոնց շրջանցման տարբեր միջոցներու: Բայց եւ այնպէս, Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ առաջնահերթութիւն կը մնան ազգային հարցերն ու տագնապները: «Մենք պարտաւոր ենք ազգայինը, հայկականը, մերը առաջնահերթ նկատել: Ընդհանրական խնդիրները հայկականացնենք, մեր աւանդութեան, մեր արժէքներուն համապատասխան դարձնենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ծառայել մեր ժողովուրդին ու զօրացնել զինք: Ինչ որ դուրսին է, անպայմանօրէն լաւ չէ, եւ ինչ որ մերն է, անպայմանօրէն վատ չէ: Սա ազգայնամոլութիւն չէ, այլամերժում չէ, խտրականութիւն չէ, սա գոյութեան պահպանում է, ազգային գաղափարախօսութեան ամրապնդում է, մեր ժողովուրդի պաշտպանութիւնն է, մեր արժէքներու խորացումն է: Առաջնահերթը հայն է, Հայաստանն ու հայութիւնը», հաստատեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ այս պարագային եւս 127 տարի ամբողջ բազում մարտահրաւէրներ վերցուցած Դաշնակցութիւնը պիտի չընկրկի, պիտի շարունակէ անշեղ քալել իր ուղիէն` սրբագրելով իր սխալները, վերանորոգելով ինքզինք, առանց երբեք շեղելու իր արժէքային համակարգէն, միշտ թիավարելով վտանգաւոր հոսանքն ի վեր: «Ու հոսանքն ի վեր թիավարելու մեր կամքին մէջ առաջին հերթին դաշնակցական ընկերները եւ երիտասարդները կը գրաւեն ճակատը: Յաւելեալ համեստացումի կարիքը ունինք բոլորս: Մենք գոյութիւն ունինք այսօր, որովհետեւ հսկաներ քար առ քար, քրտնաթոռ եւ արեան կաթիլներով կառուցեցին Դաշնակցութեան ամրակուռ շէնքը: Մենք այդ հսկաներուն ժառանգորդներն ենք, բայց հսկաներ չենք ու չենք կրնար ըլլալ: Մենք ղեկավար կամ իշխանաւոր պիտի չըլլանք, այլ պիտի ըլլանք պատասխանատուներ, ժամանակաւոր կերպով գործի հրաւիրուած անհատներ, հայութեան համար գործ կատարողներ ու պիտի գիտնանք հեռանալ, երբ մեր ժողովուրդն ու ներկաները յարմար տեսնեն ատիկա: Այսպէս սորված ենք Դաշնակցութեան մէջ, ու այդպէս պարտաւոր ենք գործել», յայտնեց ան:

Ապա Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ լիբանանեան կեանքին մէջ Դաշնակցութեան արձանագրած յաջողութիւններուն, դրսեւորած կեցուածքներուն եւ քաղաքացիի անշեղ վարքագիծին մասին: Անոր համաձայն, յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները փորձաքար են Լիբանանի հայութեան համար, զոր մենք կ՛ուզենք տեսնել միացած: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան ձգտումն է վերականգնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը: Առ այդ, երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց միասնական շարքերով մասնակցելու ընտրութիւններուն` հայկական գործօնը ամրացնելու եւ լիբանանահայութեան համահայկական դերակատարութիւնը աւելիով զարգացնելու նախանձախնդրութեամբ: Յ. Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ թրքական գործօնը` վստահեցնելով, որ այդ մէկը եւս դիմագրաւելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքը պիտի չդադրի:

Պատգամաբերը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան ինքնութեան ամրապնդման հարցը` դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ի 126-ամեակին առիթով հաստատուած ինքնութեան ֆոնտերէն մայիսէն մինչեւ օրս օգտուած են 159 պարագաներ, Դաշնակցութեան ծառայութիւններէն օգտուած են մեծաթիւ անհատներ, բացուած է Ազգային միացեալ վարժարանը, գործադրութեան փուլ թեւակոխած է Սանճաք քեմփին տեղ բնակարանային յարմարաւէտ պայմաններով օժտուած ծրագիրը, իսկ Պուրճ Համուտի կենսոլորտի հարցը կուսակցութեան ուշադրութեան առարկայ է: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ լիբանանահայ երիտասարդութեան տարած գործունէութեան մասին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ երթը պիտի շարունակուի, անցեալի դասերով հայեացքները պիտի ուղղուին դէպի ապագայ` հաւաքական ճիգերով արձանագրելու հաւաքական յաղթանակներ: «Պիտի մնանք զինուորագրեալները ծառայութեան բանակին` հերթը յանձնելու համար յառաջիկայ սերունդներուն: Եւ այդ սերունդներու կառուցման մէջ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք բոլորս», յայտարարեց Բագրատունի` անընդունելի նկատելով անտարբերութիւնն ու յուսալքումը, ծուլութիւնն ու անձնակեդրոնացումը, ազգայինէն հեռանալը, ինքնագոհութիւնը, պայմանաւորուած մասնակցութիւնը: «Անհրաժեշտ է հաւաքականը, բաժնեկցութիւնը, նեցուկը, դաշնակցական դպրոցի դաստիարակութիւնը», շեշտեց ան:

Ապա Համազգայինի «Քնար» պարախումբին տղաքը հանդէս եկան պարով մը:

ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը արտասանեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն եզակի ընտանիք է, հայ ժողովուրդի ծոցէն կեանք առած կուռ կազմակերպութիւն է, որ 1890-էն ի վեր կը գործէ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան տեսլականով: Իր քրտինքով կը սատարէ ազգի զարգացման, անվերապահ աշխատանք կը տանի ամէնուրեք, կը գործէ անդադար իր ժողովուրդի ներշնչումով միայն, կը փոթորկեցնէ մտքերը իր սուր գրիչով եւ յեղափոխական շունչով կը բոցավառէ հայ միտքն ու հոգին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով: Կը քալէ առաջ, աննկուն կամքով, գաղափարական ուժեղ սկզբունքներով եւ կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը իր բազուկի ուժով եւ ի հարկին կեանքի գնով:

Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան օրերու նշումը ամէնուրեք առհասարակ հաշուետուութեան եւ երկարաժամկէտ ու անմիջական առաջնահերթութիւններու օր է: Ապա քանի մը խօսքով ամփոփեց հիմնական հարցերը եւ ձեռքբերումները 2017 տարուան ընթացքին:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ անցնող տարեշրջանին դիմագրաւեցինք բազում մարտահրաւէրներ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքեան առումով: Հայաստանի պարագային` քաղաքական օրակարգը կլանուած էր սահմանադրական փոփոխութիւններու իրագործման եւ կիրարկման հարցով: ՀՅԴ-ն մտաւ համաձայնական կառավարութեան մէջ, որպէսզի կարենայ ինքն ալ իր կարգին կարեւոր ներդրում բերել այս կարեւոր փուլին, երբ Հայաստանը նախագահականէն պիտի անցնի դէպի խորհրդարանական համակարգ յառաջիկայ ապրիլէն սկսեալ:

Ազգ-բանակ հասկացողութեան մէջ Դաշնակցութիւնը տուաւ իր ամբողջական գործակցութիւնը: ՀՅԴ Բիւրոն շուտով պիտի յայտարարէ նաեւ իր գործնական աջակցութիւնը այն ծրագիրներուն, որոնք պիտի բիւրեղացնեն պետական միտքը եւ բանակը պիտի պահեն անսասան:

2017-ի հայաստանեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն է նաեւ պետական յանձնաժողովի ստեղծումը, որպէսզի պատուով նշենք մեր պետականութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Արցախի պարագային ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման խնդիր դրուած է, ո՛չ միայն Արցախի իշխանութեան հետ գործնական օժանդակութիւն հայթայթելով Արցախի բանակին, ստանձնելով վերաբնակեցման ծրագիրներ Արցախի մէջ, այլ նաեւ ընդարձակելով արտաքին քաղաքական աշխատանքը, նեցուկ կանգնելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ անկախութեան ճանաչման: Ուր կարելի էր` անկախութեան ճանաչման հարցը դրինք, ուր դժուար էր` ինքնորոշման իրաւունքի հարցը արծարծեցինք, որպէսզի կարենանք հակադարձել Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան խնդիրին:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ մենք աջակցեցանք Հայաստանի պետութեան, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիր ստորագրուի: Մեծ ուրախութիւն էր անդրադառնալ եւ շնորհաւորել Հայաստանը, որ ամիս մը առաջ ստորագրեց այդ համաձայնագիրը Եւրոպական Միութեան հետ:

Ան յայտնեց, որ արդէն գործնականացած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ վճռուած` Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին անցնիլը` դիտել տալով, որ մենք ո՛չ միայն ծրագրային բանաձեւում պէտք է տանք Հայ դատի պահանջատիրութեան, այլ գտնենք, քննենք, որոնենք միջոցները օրինական ճամբով Հայ դատի հետապնդման պահանջատիրութեան թղթածրարի հարցը լուծելու:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ազգովին ձգտինք վերականգնելու ներազգային միասնակամութիւնը եւ հաղորդակցութեան սրընթաց կապերու այս դարուն վերացնելու մեզ իրարմէ բաժնող բոլոր երեւոյթներն ու ազդակները: Անհրաժեշտ է շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթած միասնական ոգիէն ու վճռակամութենէն ծնած պատգամը, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետականութեան ստեղծման 100-ամեակի տօնակատարութիւնները կազմակերպենք համազգային ջանքերով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Անհրաժեշտ է, որ միատեսակ ուղղագրութեան յանգինք, ինչպէս աշխարհի ժողովուրդներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ արդիականացման անհրաժեշտութիւնը նաեւ մեզ կը մղէ, որ երիտասարդութեան մօտ մեր տարած աշխատանքները ունենան նոր ձեւ, նոր մեթոտաբանութիւն. խօսինք երիտասարդութեան լեզուով եւ խօսեցնենք երիտասարդները իրենց լեզուով, լսենք զիրենք եւ նաեւ օգտագործենք հաղորդակցութիւններու բոլոր նոր միջոցները:

Ան նշեց, որ համահայկական համաշխարհային ցանցի մէջ իր առիւծի բաժինը ունի նաեւ Լիբանանի հայ համայնքը, որ հանդիսացած է դպրոցական եւ ազգային հիմնական դարբնոցը, միութիւններու ճամբով հայութեան մէջ ամրապնդած է այն սէրն ու հաւատքը, որոնք առջեւ մղած են սփիւռքի ղեկավարութեան մեծ մասը, որ սփիւռքի մէջ ստանձնած է ղեկավար դերակատարութիւն: Լիբանանը այն հնոցն է, որ հայթայթեց ո՛չ միայն սփիւռքի ղեկավարութիւն, մտաւորականութիւն, այլ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի: Լիբանանը ո՛չ միայն անցեալ էր, այլեւ բաբախող ներկայ ճառագայթող սիրտը սփիւռքահայութեան եւ մեր հայրենիքը:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ այսօր նոր մօտեցումներով եւ ժամանակի յարմարեցուած մարտավարութեամբ պէտք է գործենք իբրեւ Դաշնակցութիւն, պէտք է գործենք Հայաստանի պետական համակարգին մէջ, պէտք է գործենք սփիւռքի հայկական բոլոր կառոյցներուն մէջ, մեր այսօրուան մարտահրաւէրները դիմակայելու միջոցները մեծ մասամբ ճշդուած են, ուրեմն կրնանք միասնական կամքով եւ ուժերու ամբողջական լարումով նետուիլ առաջ` ազգովին շարունակելու համար հայրենակերտման ու հայակերտման սուրբ գործը:

Աւարտին յեղափոխական երգերով մթնոլորտը խանդավառեց Գէորգ Հաճեան:

1