Հայ Դատը Շիֆի Հետ Կը Գործակցի՝ Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցումը Զարգացնելու Համար
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Հայ Դատը Շիֆի Հետ Կը Գործակցի՝ Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցումը Զարգացնելու Համար

Հայ Դատը Շիֆի Հետ Կը Գործակցի՝ Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցումը Զարգացնելու Համար

Հակառակ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ աւելի ազդեցիկ դարձող իր գործունէութեան ու բազմազբաղ վիճակին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կը շարունակէ մօտէն զբաղիլ հայութիւնը յուզող հարցերով եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման համար «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։ Այս ջանքերուն համար, ան մօտէն կը գործակցի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։

«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004ին հաստատուած ու անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները։ Անիկա ցարդ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրած է, նրառեալ՝ Հայաստանին, որ 2008ին ստացած էր գիւղական ճամբաներ նորոգելու եւ որոգման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով յատկացում։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան կը յայտնէ, թէ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան դասաւանդման ծրագիրներուն համար Վրաստանին յատկացուած 140 միլիոն տոլար օժանդակութեամբ գործուած յաջողութիւնները կրնան օրինակ հանդիսանալ նման ծրագիր մը Հայաստանի մէջ եւս իրականացնելու ջանքերուն, յատկապէս՝ որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մարզը զարգացման մեծ կարելիութիւններ ունի։

Ան կ՛աւելցնէ, թէ առնուազն 100 միլիոն տոլարի ներդրում մը յատկանշական պիտի ըլլայ երկրին մէջ չքաւորութեան նուազեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար, միաժամանակ՝ սերտացնելով Ամերիկա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները։

Շիֆ իր կարգին կը յայտնէ, թէ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին կողմէ 2006ին Հայաստանին տրամադրուած առաջին օժանդակութիւնը՝ 170 միլիոն տոլարի, յատկանշական կերպով նուազեցուցած էր գիւղական շրջաններուն մէջ չքաւորութեան մակարդակը։ Ան, միաժամանակ, կրթական մարզէն ներս նման նոր յատկացում մը կատարելու գաղափարին կը զօրակցի։

asbarez.com

1