Հայ Դատը Կը Դատապարտէ Էրտողանի Հրահրած Յարձակումի Մասնակիցներուն Պատիժը Մեղմացնելու Առաջարկը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Հայ Դատը Կը Դատապարտէ Էրտողանի Հրահրած Յարձակումի Մասնակիցներուն Պատիժը Մեղմացնելու Առաջարկը

Հայ Դատը Կը Դատապարտէ Էրտողանի Հրահրած Յարձակումի Մասնակիցներուն Պատիժը Մեղմացնելու Առաջարկը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ ականատես մըն էր Մայիս 16ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրահանգով տեղի ունեցած խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակումին, խստօրէն քննադատեց յարձակումի երկու մասնակիցներուն հետ դատախազութեան գոյացուցած նախնական համաձայնութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք կրնան մեղմանալ անոնց պատիժները։

Արամ Համբարյան

Արդարեւ, յարձակումը ատելութեան հիման վրայ կատարուած ըլլալու ամբաստանութիւնը վերացնելով՝ իրենց յանցանքը ընդունած այդ ամբաստանեալները կրնան միայն մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։

«Նման վայրագ եւ ամբարտաւանօրէն իր յանցանքը չընդունող օտար կառավարութեան մը առաջնորդութեամբ՝ ամերիկեան հողին վրայ եւ ամերիկացիներու դէմ տեղի ունեցած յարձակումի մը համար մէկ տարուան բանտարկութեան պատիժը կատարեա՛լ ծաղրանք պիտի ըլլայ մեր արդարութեան համակարգին», յայտարարեց Համբարեան՝ աւելցնելով, որ տեղի ունեցածը ամերիկացիներուն դէմ ատելութեան յստակ դրսեւորում մըն էր եւ հարուած մը՝ ամերիկեան արժէքներուն հասցէագրուած։

«Եթէ նման վճիռ մը արձակուի, ապա արտօնութիւն տուած պիտի ըլլանք Էրտողանին եւ այլ օտար մենատէրերու, որ իրենց բռնարարքները դէպի ամերիկեան հողեր արտածեն», աւելցուց Համբարեան՝ յիշեցնելով, որ ամբաստանեալները կրնային մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ իրենց բարբարոսային յարձակումներուն համար։

Նշենք, որ դատավճիռը պիտի արձակուի Մարտ 15ին։

asbarez.com

1