«Հայրենիք»ի խմբագրական. Անվախ ու անկախ Արցախը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » «Հայրենիք»ի խմբագրական. Անվախ ու անկախ Արցախը

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Անվախ ու անկախ Արցախը

Դժուար է յատուկ օրով մը նշել Արցախի անկախութիւնը:

Բազմաթիւ օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, …գէթ բոլոր տարուան մը օրերը բաւարար պիտի չըլլան նշելու համար Արցախի անկախութիւնը:
Այսպէս հաւանաբար, աւելի հեշտ պիտի ըլլայ յայտարարելը, թէ Սեպտեմբեր 2-ը Արցախի անկախութեան օրերէն մէկն է:
Այո՛, այդ մէկ յատուկ օրը, որ արցախցին որոշած է տօնել ՏՕՆԸ:

Արցախի Հանրապետութիւնը կը տօնէ իր 26-ամեակը:

Կարեւոր է անգամ մը եւս նշել եւ ընդգծել.- ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, եւ ոչ թէ յակտապէս Խորհրդային Միութեան օրերուն սովորութիւն դարձած անուններու կրճատումներ՝ ԽՄԼՂ կամ ԼՂԻՄ, այսինք Խորհրդային Միութեան Լեռնային Ղարաբաղ կամ ալ միայն իբրեւ անուանակոչում համեմատաբար աւելի ինքնավար՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ:

Այսօր տօնն է Կովկասեան բարձրաւանդակի հարաւային շրջանի բնութեան գիրկին մէջ հանգչած, իրար վրայ ծածկած կանաչութիւններու, մարգագետիններու եւ լեռներու Սուրբ Հողին՝ Արցախին, որ 11.458 քառակուսի Քիլոմեթր տարածութիւն մը ունի եւ կը հաշուէ աւելի քան 150 հազար բնակիչ, սահման ունենալով Հայաստանը, Ատրպէյճանն ու Պարսկաստանը: Մայրաքաղաքն է լայնատարած եւ մաքրամաքուր Ստեփանակերտը:
Աշխարհա-քաղաքական տեղեկութիւններու պարզ փոխանցում մը չեն վերոյիշեալ մանրամանսնութիւնները, այլ պարզապէս պարծանք, հպարտանք եւ …ամենայն համեստութեամբ՝ յոխորտանք:

Արցախի անկախացման գործընթացը դեռ չէ հասած աւարտին, որովհետեւ երկիրը դեռ չի վայելեր միջազգային հանրութեան ճանաչումը: Ինիսունականներու սկիզբները, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, միջազգային հանրութեան կողմէ միայն Հայաստան եւ Ատրպէյճան ճանչցուեցան իբրեւ անկախ պետութիւններ: Ահաւասիկ, այդ իսկ պատճառով,Արցախ առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր ճանաչման իրաւունքի, քան` գերիշխան պետութեան կարգավիճակի նուաճումը, միշտ նպատակ ունենալով պաշտպանել իր բնակչութիւնը, պատշաճօրէն ապաւինելով Միացեալ Աազգերու Կազմակերպութեան մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն:

Այո՛, Արցախի բնակչութիւնը իր շրջանի անկախացման մէջ նաեւ կը նկատէ ապահովութեան միակ երաշխիքի տեսլականը, եւ անշուշտ` ամբողջ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին իրագործումը, որ Մ.Ա.Կ.-ի հիմնական սկզբունքն է՝ ալֆան եւ օմեկան:

Արցախեան տագնապի լուծման հորիզոնը մատչելի պիտի ըլլայ միա՛յն հիմնական դերակատարներուն, այսինքն Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման պարագային:

Պարզ ու մեկին, բանակցութիւնները պէտք է ըլլան դէմ առ դէմ: Այո՛, անգամ մը եւս տեղին է շեշտել, թէ անյետաձգելի է Արցախի մասնակցութիւնը՝ բանակցութիւններուն:
Այսօր տօնն է Արցախի Հանրապետութեան՝ անվախ ու անկախ Արցախին:

hairenikweekly.com

01/09/2017

1