Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան

Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան

«Հայորդիները» Սիամանթոյի կրակէ խօսքը պարունակող այն հատորն է, ուր կեանքի կը կոչուին հայոց ազատամարտի մեծ առաջամարտիկները իրենց պայծառափայլ դէմքերով։ Քրիստափոր Միքայէլեան, Աւետիս Ահարոնեան, Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Խրիմեան Հայրիկ և բազմաթիւ յայտնի և անյայտ նուիրեալնե՛րը մեր ազգային ուխտին՝ որոնք կը տողանցեն այս գրքին էջերուն մէջէն իրենց ետին թողնելով լուսաշաւիղը մեր հաւաքական իմաստութեան և զօրութեան և հաւատքին։

Կարելի չէր չյիշել մեր այս հոգեցունց ժառանգութիւնը և չընդվզիլ, երբ յանկարծ ՀՀ Հեռուստատեսութեան Առաջին Ալիքէն մեզի կը հրամցուէր մերօրեայ «Հայորդիներ» հաղորդաշարի վերջին հատուածը՝ ամբողջութեա՛մբ յատկացուած Անաստաս Միկոյեանի փառաբանանքին։ Հաղորդումը վարողն էր Աւագ Յարութիւնեան և քննարկման հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Խօսնակ և ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահի Տեղակալ՝ Պր. Էդուարդ Շարմազանով և ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմագիտութեան աւագ դէմքերէն Դոկտ. Կարէն Խաչատրեան։ Երկու յարգելի դէմքե՛ր՝ որոնք դժբախտաբար ոչինչ բերին Միկոյեան երևոյթի գիտական վերլուծման, պարզաբանման և հրապարակման կարևոր գործին և հաղորդավար Աւագ Յարութիւնեանի շարունակական և անտեղի դրդրումներով հարցազրոյցը վերածեցին Միկոյեանը «հարազատագրելու» (legitimize) կոչուած քարոզչական անմիտ գործողութեան մը։

ՊԷտք է աւելցնել, որ որոշ մէկ կէտի վրայ Կարէն Խաչատրեան – երևի անդրադառնալով յայտագրի սխալ ընթացքին – փորձեց ըսել, որ Միկոյեան պէտք չունի «պաշտպան փաստաբաններու» նկատի ունենալով 20-րդ դարու խորհրդային այս ղեկավարին կենսագրութիւնը իր բոլոր բարդ երեսներով…Կենսագրութիւ՛ն՝ որուն մեծ մասը դեռ կը մնայ թաղուած խորհրդային ներքին և միջ-պետական քաղաքականութեան մութ ջուրերուն տակ և փաստօրէն մատչելի չէ պատմագիտութեան մասնագէտներուն, ներառեա՛լ՝ Պր. Խաչատրեանին։

Խոցելին այս հարցազրոյցի յղացքին մէջ այն բիրտ քարոզչական բնոյթն էր, որ դրսևորուեցաւ ամէն քայլափոխի։ Տեղ մը Միկոյեան ինկած կը թուէր ըլլալ հրապարակային քննադատութիւններու յորձանքին տակ և «անընդունելի» համարձակութեամբ մը բացայայտուած էին Միկոյեանի կենսագրութեան բացասական կողմերը և բացուած էին թապուները և հետևաբար պէտք էր ամենէն արագ և ազդու հռետորաբանութեամբ կազմակերպել «փրկութեան» գործողութիւնը։ Պէտք էր օգնութեան հասնիլ և մեկուսացնել «վտանգը»…փոխանակ ճշմարտութեան ծալքերը բծախնդրօրէն բանալու և օգնելու հեռուստադիտողին և առհասարակ ՀՀ քաղաքացիին, որ փաստերու թափանցիկ իրականութեան լոյսին տակ հանրութիւնը հանէր իր անկախ եզրակացութիւնը։ Հարցազրոյցին այս փութկոտ երեսն իսկ բաւարար էր հարց տալու, թէ իսկապէս ի՞նչ կ՚ընէին այս մարդիկ ՀՀ հանրային հեռուստեսութեան տաղաւարէն։ Ի՞նչ բարոյական իրաւունքով Պարոնայք Շարմազանով և Խաչատրեան և Յարութիւնեան – երեք յարգուած հանրային դէմքե՛ր՝ որոնց պարտականութիւնն է հանրութիւնը լուսաբանել – յանկարծ կը լծուէին Միկոյեանի վիճակացոյցը մաքրազտելու անշնորհակալ գործին։

Որո՞նք են իրականութեան տուեալները այս պարագային։ Անկախ այն բանէն թէ Միկոյեան ի՞նչ ներդրում ունեցած է… համայն մարդկութեան կեանքին մէջ և ինչպիսի՞ ծառայութիւններ մատուցած խորհրդային տնտեսութեան, ՀՀ քաղաքացին (և հայ մարդը առհասարակ) իրաւունք չունի՞ն հարց տալու, թէ իսկապէս ո՞վ էր Միկոյեան և ինչե՞ր ըրած է ան հայ ազգի դժուար ճակատագրի ձևաւորման գործին մէջ։

«Հայորդիներ»ու զրուցակիցները լայնօրէն խօսեցան Միկոյեանի բարեգործութիւններուն մասին. թէ ի՞նչ յատուկ վերաբերմունքով ան Ստալինի ճանկերէն ազատած է Աւետիք Իսահակեանն ու այլ սիրելի դէմքեր. թէ ինչպէ՞ս սատար հանդիսացած է խորհրդային իշխանութեան օրով Րաֆֆիի և Չարենցի գործերու հրատարակութեան. թէ ինչպիսի՞ տնտեսական առաւելութիւններ ապահոված է ան Խորհրդային Հայաստանի ի նպաստ խորհրդային կեդրոնի ծրագիրներէն և դեռ շատ ուրիշ հրաշագործութիւններ, որոնց մասին բան չի գիտեր այսօրուան քաղաքացին և պէտք է գիտնայ։ Թող ներուի մեզի ըսել, որ այս բոլորը լսած ենք արդէն բազմիցս և բազմաթիւ գունագեղ տարբերակներով։ Անոնք կրնան նոյնիսկ ճիշտ ըլլալ և սակայն առայժմ անոնք մաս կը կազմեն քննելի խնդիրներու թղթածրարին։ Փաստը այն է, որ այդ բոլորը քննող և հաստատող գիտահետազօտական որևէ ձեռնարկ գոյութիւն չունի գիտութեան ոլորտին մէջ։ Գոյութիւն ունի բերնէ բերան շրջանառուող ճոխ բանահիւսութիւնը «ազգանուէր» Միկոյեանի իրագործումներուն, որ կ՚ըսպասէ իր նուիրեալ և անաչառ պատմաբանին։ Ի վերջոյ մինչև ե՞րբ մարդիկ կրնան ապաւինիլ Սերգօ Միկոյեանի յուշերու գրքին Միկոյեանի դրական կերպարը կառուցելու համար։ Տրամաբանական պիտի չըլլա՞ր ակնկալել, որ Միկոյեանի այս ջատագովները նախանձախնդրօրէն կազմակերպէին գիտական լիարժէք գնահատականը Միկոյեանի վաստակին, որպէսզի համայն հայութիւնը միանգամընդմիշտ տեսնէր բարին ու յոռին Միկոյեանի ժառանգութեան մէջ և վերջ գտնէր այս ջղային հևքը Միկոյեանի համբաւը փրկելու։

Զրուցակիցները տարտամ ակնարկութիւններ ըրին Միկոյեանի գործի բացասական կողմերուն փութալով աւելցնել, որ յամենայն դէպս դրականը այնքան ծանր կը կշռէ նժարին վրայ, որ ժխտականին հանդէպ հանրութիւնը – ինչ որ տեղ… — պարտաւորուած է ներողամիտ ըլլալու։

Բարի՛։ Բայց նախ գիտնանք, թէ որո՞նք էին այն ժխտականները, որոնց ճշգրիտ յիշատակութիւնը ընելէ ակնյայտօրէն կը խուսափէին երեք զրուցակիցները։

Հոս արդէն կը խօսին հրապարակուած վաւերագրերը ի տարբերութիւն բոլոր բերանացի վերագրումներուն, որոնցմով կը կառուցուի Միկոյեանի դրական վարքը և որոնք դեռևս կը կարօտին գիտական հիմնաւորման։ Ըստ փաստաթուղթերուն, Միկոյեան իր քաղաքական գործի երկու հանգրուաններուն վրայ (1919-ին և 1937-ին) բացէ ի բաց մեղանչած է իր ժողովուրդին դէմ։

Անոնցմէ առաջինը Անաստաս Միկոյեանի 1919 թուակիր նամակն է ուղղուած՝ Լենինին։ Սոյն նամակին մէջ, Միկոյեան կը խօսի Ռուսաստանի Կոմունիստական (Բոլշևիկներու) Կուսակցութեան Կովկասեան Երկրամասային Կոմիտէի անդամի իր հանգամանքով և հսկայ ճիգեր կ՚ընէ համոզելու Լենինը, որ հայ անկախ պետականութեան հարցը (և յատկապէս Միացեալ Հայաստանի՛ հարցը) կորսնցուցած է իր այժմէութիւնը բոլշևիկեան ռազմավարութեան համար։ Պէտք է փակե՛լ այդ հարցը և Թուրքահայաստանը անյապաղ զիջիլ թուրքերուն, քանի որ բոլշևիկներու միակ տրամաբանական նպատակը թուրքերը գոհացնելն է այսօր։ Այս խնդրին մէջ, Միկոյեան կ՚ըսէ, թէ ինք հակադրուած է ոչ միայն հայ շովինիստներուն (իմա՛ Դաշնակցութեան), այլև իր իսկ գաղափարակից հայ բոլշևիկներուն, որոնք իրենք ևս կը փորձեն հայութեան հողային պահանջները Լենինի կողմէ իւրացուած տեսնել։ «Թուրքահայաստանի եւ առհասարակ «Մեծ, միացեալ եւ անկախ Հայաստանի» գաղափարը վնասակար, յանցաւոր եւ յետադիմական ցնորք է, որի դէմ պէտք է պայքարի մեր կուսակցութիւնը», կ՚ըսէ ան։

Երկրորդը թղթակցութիւն մըն է, որ խնամքով պահուած է Խորհրդային Միութեան արխիւին մէջ և որմով կը բացայայտուի, որ 1937 թուին, ստալինեան մեծ մաքրագործումներու բովին մէջ, Միկոյեան խնդրած է Ստալինէն գնդակահարութիւններու հայաստանեան քոթան աւելցնել և հասցնել երկու հազար հոգիի…

Ասոնք վաւերագրեր են, որոնք պարզ քաղաքական թերացումներու կամ դատողութեան սխալներու մասին չէ, որ կը խօսին։ Այստեղ կայ թշնամական արարք ուղղուած հայ ազգին դէմ և հայ ազգային շահերու տեսանկիւնէն՝ դաւաճանական գործունէութիւ՛ն։ Միկոյեանի գործին ջատագովները պարտաւորուած են Միկոյեանի գործի ընդհանրական գնահատականին մէջ հաշուի նստելու այս սահմռկեցուցիչ իրականութեան հետ։ Ի՞նչ կը փորձէր ընել այս բարդ «հայրենասէր»ը 1919-ին, երբ ճիգ կ՚ընէր թաղելու մեր հողային իրաւունքներու դատը Մոսկուայի մէջ միաժամանակ իր իսկ բոլշևիկ ընկերներու կեանքը վտանգելով և ի՞նչ բարձր դիւանագիտական խաղարկութիւն է, որ կը կիրարկէր ան Ստալինի արիւնոտ երախին զոհաբերելով իր հայրենակիցներէն երկու հազար հոգի. ասոնք խնդիրներ են, որոնց պարզաբանումը այժմ դրուած է Միկոյեանի մերօրեայ ջատագովներուն առջև որպէս անժամանցելի պարտաւորութիւն։ Թող ազնուօրէն իջնեն հրապարակ և բացատրեն հանրութեան (կամ հերքեն՝ եթէ կարելի է), թէ իսկապէս ի՞նչ ազգային գերագոյն նպատակ կը հետապնդէր Միկոյեան այս բոլորին ետին և թէ ինչու՞ և ինչպէ՞ս հայ մարդը պէտք է մոռնայ բարոյական այս թշուառութիւնը և արգահատելի այս թապուն փոխանցէ մեր անկախ պետականութեան յաջորդող սերունդներուն։

Կարօ Արմենեան

Հոկտեմբեր 31, 2017
Ուաշինկթըն

1