Հայկական ազատամարտի վերջին դրուագը եւ անկախութեան սերունդը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Հայկական ազատամարտի վերջին դրուագը եւ անկախութեան սերունդը

Հայկական ազատամարտի վերջին դրուագը եւ անկախութեան սերունդը

Հինգ տարի անցած է այն օրէն, երբ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ եւ տապալեց բօլշեւիկեան բռնակալութիւնը:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը ոչ միայն խորտակեց օրուայ ոճրագործ իշխանութիւնը, այլ եւ հիմնապէս յեղաշրջեց Հայաստանի ընկերային-քաղաքական մտածողութիւնը:

Հինգ տարի յետոյ, կարելի է աւելի պաղարիւնութեամբ անդրադառնալ Փետր. 18-ի յեղափոխութեան եւ բնորոշել շարժումը:

Հայ ժողովուրդը փոթորիկներու մէջ կը հիմնէր իր անկախութիւնը: Դէպքերը զինք կծկեր էին Սեւանայ լճին ափը, ու երբ կը տարածւէր դէպի իր բնական սահմանները, եւ հետզհետէ ազգային պետական կազմակերպութիւն կը դառնար, Ռուսաստանը եւ Տաճկաստանը իրարու հետ դաշնակցած՝ իրենց հարուածներու տակ կ’առնէին Հայաստանը:

Հայ ժողովուրդի քաղաքական հակումները եւ կորովը փորձութեան կ’ենթարկուէին Մայիսեան խռովութեան օրերուն: Հ. Յ Դաշնակցութիւնը մինչեւ 1920 Մայիս եղած էր վերին աստիճանի բարեացակամ հանդէպ բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ բօլշեւիկներու: Բայց, մայիսեան խռովութիւնները եւ թուրք-թաթարական շրջաններու ապստամբութիւնները ուղղուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան դէմ, ու կը հարկադրէին մեր կուսակցութիւնը դառնալ խիստ, եւ թոյլ չտալ որ ընդդիմադիր տարրերը, թուրք ապստամբ շրջաններու հետ ձեռք ձեռքի՝ տապալեն նորակազմ հանրապետութիւնը: Այս շարժման ընթացքին, արեւմտահայութիւնը կուռ շարքերով եւ յանդուգն ցասումով հրապարակ եկաւ հայրենիքի անկախութիւնը պաշտպանելու: Ապստամբութիւնը զսպուեցաւ, եւ մեր զօրքերը զորաւոր ճակատ մը կազմեցին Դիլիջան-Ղազախի շրջանի մէջ, դիմադրելով ռուս եւ ադրբէյջանեան զօրքերուն:

Ազգային պետութիւն մը կազմելու եւ անկախօրէն դէպի հայկական վերածնունդը դիմելու ձգտումը դեռ նոր կ’ամրապնդուէր, երբ Հայաստան պարտուեցաւ թրքական պատերազմին մէջ, հարաւի եւ հիւսիսի գերազանց ուժերու ճնշման տակ: Այդ խոշոր հարուածին հետեւանքով, իր ազգային քաղաքական դաւանանքն ալ – անկախ ապրելու ձգտումը – մեծապէս պարտութեան կը մատնուէր: Այս կացութիւնը կը ստիպէր մեզ կամովին հրաժարիլ իշխանութենէ 1920 Դեկտ. 2ին:

Ռուսաստանը կուգար:

Հայաստանը բոլորովին տկարացած էր: Թուրքերը կեցեր էին Ախուրեանի եւ Արաքսի ափը: Ռուսական «օրիանտասիոնը» փրկութեան նոր ճանապար մը կը համարուէր:
Միայն Դաշնակցութեան բազմաճիւղ կազմակերպութեան գլխաւոր կորիզներն էին որ ազգային-քաղաքական հիմնական ուղեգիծ մը ունէին. Իսկ մնացած մտաւորականութիւնն ու լայն զանգուածները ֆիզիքական վտանգի ծանրութեան տակ կքած, պարտրաստ էին ենթարկուելու որ եւ է ուժի, պայմանաւ որ այդ ուժը թրքական չըլլար:

Այդ ընդհանուր ժխորին մէջ, հրապրակը դրուած էր թրքական վտանգը եւ ռուսական հովանին՝ իր երեւելի եւ աներեւոյթ բարիքներով, որոնք խոստացուած էին Մոսկուայի գործակալներուն կողմէ:

Ռուսաստանը յաղթեց: Հայ ժողովուրդը, սիրտը կոտոր, լռելեայն ենթարկուեցաւ ռուսական ուժին:

Այս մոլոր մթնոլորտին մէջ էր որ հայ բօլշեւիկները եկան կառավարելու Հայաստանը, մեծապէս երախտապարտ մնալով թուրք փաշաներուն եւ մանաւանդ չավուշներուն:

Խիստ ծանր քարի մը պէս բօլշեւիկեան իշխանութիւնը նստաւ հայ ժողովուրդի կրծքին: Լուռ ու անճար ժողովուրդը մտածեց ու վերագնահատեց: Երեք ամիսներու հակամարդկային տիրապետութիւն փութացուց այդ վերագնահատման ընթացքը: Ժողովուրդը նորէն փրկութեան ճանապարհ մը որոնեց: Ու ցնցուեցաւ:

Պայթեցաւ փետրուարեան ապստամբութիւնը:
Այդ շարժումը եկաւ վերջնական կաղապարում տալու քաղաքական համոզումներուն եւ սպասելիքներուն: Փետրուարի 18ը դարձաւ սոյն քաղաքական շրջակետը, որ որոշակի ցցուեցաւ երկու իրարամերժ քաղաքական հոսանքներու միջեւ եւ եղաւ հիմնական ելակէտը Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութեան:

2
Փետրուար 18ը հայ ժողովուրդի աշխատաւորական յեղափոխութիւնն է:

Եւ իրօ՛ք, մէկ կողմը կանգնած էին հայ աշխատաւորական զանգուածները, երէկուայ բովէն անցած ու թրծուած, որոնք Հ. Յ. Դաշնակցութեան գիւղական կազմակերպութիւններու շուրջը կը համախմբուէին. Իսկ միւս կողը՝ Ադրբէյջանէն եւ Ռուսաստանէն եկած հայ ռուս եւ թուրք բօլշեւիկ գործակալներէն էին, որոնց կը միանային երեւանի եւ Ալէքսանդրաբօլի մէջ արգելափակւած բօլշեւիկները: Այս նոր իշխանաւորները, իրարու հակամարտ ընկերային սկզբունքներով, բայց գործակից կողոպուտի ու մարդասպանութեան, քանդումի ու մատնութեան մէջ, կուգային դուրսէն եւ դահիճի մը լրբութեամբ, մտրակի ու ատրճանակի հարուածներով կը սկսէին կառավարել երկիրը:

Քիչ մը աչք պտտցուցէք այդ օրերու անցքերուն վրայ եւ պիտի տեսնէք թէ ի՜նչպէս գիւղական ճարպիկ կուլակը, երէկուայ ցարական լրտեսը (որ սմքած էր ռուսական յեղափոխութենէն յետոյ) շահադէտը, պետական զեղծարար պաշտօնեաները, «մաւզէրիստ»ը (ոչ յեղափոխական եւ ոչ ալ ահաբեկիչ, այլ պարզապէս շանթաժիստ, վախկոտ, բայց ատրճանակը միշտ կողքին) եւ քրէական յանցանքով հետապնդուած անհատները մէկ մարդու պէս, սրբազան դաշնակցութեամբ մը գործակցեցան բօլշեւիկեան խուժանավարներուն: Հայ աշխատաւորութիւնը, պարտուած թրքական պատերազմէն, արիւնաքամ ու ուժասպառ եղած էր: Դաշնակցութեան խաղաղ տեղատւութեամբ ղեկավարներու մէկ մասը երկրէն դուրս ելած էր, իսկ միւս մասը ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր Երեւանի, Էջմիածնի, Աշտարակի, Ղամարլուի, Բայազիտի եւ Ախտայի բանտերուն մէջ (այս հաշուին մէջ չեն մտներ Ղարաքլիսէի եւ Դիլիճանի բանտարկեալները, զորս Փետր. 18ին կարելի չեղաւ ազատել): Երեւանի մէջ եւ լեռները կը մնային մատի վրայ հաշւուած քանի մը գործիչներ: Թէեւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու անդամներն ու բոլոր գործօն տարրերը բանտարկուած էին, սակայն Դաշնակցութեան ողնաշարը, աշխատաւորական յեղափոխական զանգուածը կը մնար: Գիւղին մէջ հնազանդ ու լուծի ենթակայ՝ իր վախի աչքը ուղղած դէպի թրքական վտանգը, իսկ յոյսի աչքը դէպի նոր եկող Ռուսաստանը, ան կը սպասէր ու կը տոկար:

Այս աշխատաւորական զանգուածը իր աչքով տեսաւ ու համոզուեցաւ որ Ռուսաստանը ոչ միայն իր սպասած բարիքները չէ բերած, կուգայ ոչ թէ իբրեւ թշնամի թուրքին, այլ՝ իբրեւ անոր բարեկամն ու զինակիցը: Իր համբերութեան բաժակը լեցաւ, երբ տեսաւ թէ բօլշեւիկեան նոր իշխանութիւնը ոչ ազգային, ոչ տնտեսական, ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ դասակարգային օգուտ չունի: Իրօ՛ք հակայեղափոխութիւն մըն էր եղածը, որ կուգար ոչնչացնել ռուսական փետրուարեան յեղափոխութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շրջանի բոլոր ազգային եւ դասակարգային ազատութիւններն ու նուաճումները, խայտաբղէտ խմբակի մը կողմէ, աջակցութեամբ Ադրբէյջանի, Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ բէգէրերուն եւ փաշաներուն: Այդ հարուածին կեդրոնական նպատակն էր կոտրել կազմակերպուած հայ աշխատաւորութեան մէջքը, ստրկացնել զայն անշնչացնելու աստիճան:

Քսան եւ չորս ժամուայ ցնցող հարուածով մը կը տապալէր բօլշեւիկեան բռնակալութիւնը եւ ճարպիկ ղեկավարները իրենց բոլոր գործակիցներով եւ ռուսական գունդերով կ’ապաստանէին Բօյիւք-Վէտիի եւ Նախիջեւանի խաներուն քով, իրենց արժանաւոր դաշնակիցներուն մօտ:
Ապստամբութիւնը ե՛ւ ժողովրդական էր ե՛ւ դաշնակցական-կուսակցական:

Ժողովրդական էր այն պատճառով որ ամբողջ աշխատաւորութիւնը մէկէն ցնցուեցաւ, ինք բաղձաց եւ ինքը զոհեց այդ յեղափոխութեան համար: Երբ անցքերը իրարու քով դասաւորէք, կը տեսնէք թէ ինչպէս Նոր-Բայազիտի շրջանը եւ Դարալագեազը կ’ապստամբին նոյն օրերուն, առանց լուր ունենալու Երեւանէն եւ Էջմիածինէն: Նախ որ յարաբերութիւնները խիստ դժուար էին. Գաղտնապահութիւնը կը ստիպէր միայն քիչերուն հետ խօսիլ եւ զգուշանալ գրաւոր հրահանգներէ իսկ բերանացի պրոպականտը անհնարին էր. սակայն ժողովուրդը կազմակերպուած բանակի մը պէս պատրաստ էր շարժելու: Ինք իր վճիռը տուած էր:

Դաշնակցական շարժում էր, անոր համար, որ դաշնակցական մէկ երկու նորակազմ մարմիններ կային, որոնք մէկը միւսին օղակուած՝ կազմակերպած աշխատաւորութեան հետ էին, շարժումները կը ղեկավարէին, կարգ ու կանոնը կը պաշտպանէին եւ ժողովրդի մտածումներն ու բաղձանքները ընդհանուր յայտարարի մը կը բերէին: Թէեւ Բիւրօն գոյութիւն չունէր, Կ. Կօմիտէները ցրուած էին, բայց Դաշնակցութեան յեղափոխական ոգին կուռ էր, պատասխանատւութեան գիտակցութիւնը՝ խոր:

Ժողովրդական ու յեղափոխական այդ ապստամբութեան եւ մանաւանդ յետագայ քառասնեւհինգօրեայ դիմադրութեան ատեն մեզ հետ էին Ս. Յեղափոխականները, Ս. Դէմօկրատները, ժողովրդական թէ պահպանողական այլ հոսանքներու պատկանողները: Մեզ դէմ կը մնային բօլշեւիկներն ու թիւրք-թաթարական տարրերը:

3
Երբ քննութեան առնենք Հայաստանի եւ Լեռնահայաստանի հակաբօլշեւիկեան շարժումները, անմիջապէս կը տեսնենք Դաշնակցութեան կորովը եւ հայ ժողովուրդի անվերապահ համակրանքը հանդէպ մեր կուսակցութեան յեղափոխական ձեռնարկներուն:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ապստամբութիւններն ու կռիւները քաղաքացիական կռուի հանգամանք չունէին: Իրենց էութեամբ այդ կռիւները ուղղուած էին օտար տիրապետութեան դէմ:

1920 Մայիսին, երբ բօլշեւիկները խռովութիւններ յարուցին ամբողջ Հայաստանի մէջ, տեսանք թէ ինչպէս ռուսական կարմիր դրօշը եկաւ իր տիրապետութիւնը տարածեց Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի վերեւ, փրկելով Նախիջեւանի հակահայ խաները: Հայ լեռնական ժողովուրդը տեղի տուաւ, սպասելով Մեծն Ռուսաստանի խոստացած հրաշքներուն եւ եկող ուժին մէջ տեսնելով դաշնակից մը հանդէպ թուրք թաթարական տարրերուն:

Հայաստանը կրցած էր զսպել բօլշեւիկեան ապստամբութիւնը եւ հաստատ կը մնար իր անկախութեան տեսակէտին վրայ: Բայց Ռուսաստանի դաշնակից Թուրքիան, այս անգամ, կը հարուածէր մեզ, տեսնելով որ Լեռնահայաստանը արդէն գրաւուած է Ռուսաստանէն ու Ադրբէյջանէն, իսկ նորակազմ Հայաստանը տկար է:

Այս հարուածէն յետոյ, հայ ժողովուրդը մեծ սպառնալիքներով ընդունեց ռուսական ուժը, միշտ նկատի ունենալով իր ֆիզիքական եւ քաղաքական գոյութիւնը:

Հայ ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը իրենց աչքերով տեսան նոր Ռուսաստանը, չափեցին զայն տնտեսական եւ քաղաքական տեսակէտով, մանաւանդ վերջնական պատասխանը ստացան այն յոյսին զոր դրած էին Ռուսին վրայ, թրքական վտանգը վանելու համար: Լեռնահայաստանը որ միշտ անկախ կը մնար, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ դիմադրելու բօլշիեւիկեան արշաւանքին: Իսկ Հայաստանի մէջ երեք ամիսը բաւ եղաւ, որ ժողովուրդը իր վերագնահատումը կատարէր, եւ փետրուարեան փառաւոր ապստամբութեամբ իր քաղաքական դաւանանքը հրապարակէր կտրուկ եւ որոշ: Հայ ժողովուրդը անձնական դառն փորձով, երկար տատանումներէ յետոյ, պայքարով եւ յեղափոխութեամբ կը ճշդէր իր քաղաքական ուղին: Կը դադրէին Ռուսաստանի վրայ դրուած յոյսերը եւ քաղաքական վառ երազները: Ռուսական «օրիանտասիոն»ը վերջնական հարուած կը ստանար Փետրուար 18-ով:

Այլեւս բոլորն ալ համոզուեցան թէ՝ բօլշեւիկեան Ռուսաստանը, սերտօրէն դաշնակցած թուրք պետութեան, հայուն համար Թուրքին թշնամութիւն չպիտի ընէ: Իսկ հայ ժողովրդի հողային ամբողջութիւնը, ցիր ու ցան հայութեան կեդրոնացումը, Տաճկահայաստանի եւ Ռուսահայաստանի միացումը, եւ ազգային պետութեան մը ստեղծումը, կարելի է միայն, այսօրուայ աշխարհակալ Թիւրքիոյ դէմ շարժելով: Դէպքերը կը ցուցնեն թէ բօլշեւիկեան Ռուսաստանը երբէք չպիտի թշնամանայ քէմալական Թուրքիոյ հետ, հայ ժողովրդի կեանքի ու մահուան խնդիրը լուծելու համար: Բօլշեւիկեան Ռուսաստանը կրնայ միշտ ալ իր մէջ սնուցանել ամբողջ Թուրքիոյ կցումը եւ խորհրդայնացումը, բայց այդ չերթար հայկական բարձրաւանդակի վրայով: Ամեանայն հաւանականութեամբ խորհրդային Թիւրքիա մը, միացած բօլշեւիկեան Ռուսաստանին, պիտի դառնայ աւելի վտանգաւոր մեզ, Հայերուս, իր թուրանական ծրագրով, քան այժմու կղզիացած վիճակով Թիւրքիան: Հանդուրժելը, վար ու ցանքով պարապիլ եւ կուշտ փոր մը հաց ուտելը ազգի մը ապրելու եւ վերածնունդի ճանապարհը չեն, այլ ֆիզիքական գոյութեան պահանջը: Հայ ժողովուրդը ինքնամփոփուած, իր ներքին ուժերու խտացման ու դասաւորութեան մէջ կը գտնէ իր փրկութեան ճանապարհը: Կեանքի դառն փորձերը իրեն սորվեցուցին որ մեծ ազգերն ու դէպքերը փոքր ժողովրդի մը վրայէն կրնան անցնիլ, ու այդ ժողովուրդը կամ կ’ընկճուի եւ կա՛մ իր վերածնունդի պատեհութիւնը կը կորսնցնէ, եթէ ներուժ կազմակերպութիւն մը չունի: Իսկ եթէ քաղաքական անցքերը,– հիւսիսէն թէ արեւմուտքէն,– մեզի նպաստաւոր դասաւորութիւն մը ստանան, աւելի՛ լաւ:

4
Փետրուարեան ապստամբութեան խելայեղ թափը, ժողովուրդի անհուն հրճուանքը կարելի է բացատրել անկախ պետութեան, ազատ հայրենիք ունենալու բուռն բաղձանքով: Ազգային անկախութեան աղաղակն էր որ կը պոռթկար փետրուարեան ցնցումներուն մէջ: Անշուշտ մեծ գործ էր երկու հազարէ աւելի մտաւորական եւ զինուորական գործիչներու ազատումը, քաղաքացիական ազատութեան վերահաստատումը, բօլշեւիկեան աւարառուներու վտարումը: Բայց այդ բոլորէն վեր կը խօսէր քաղաքական խոր գիտակցութիւնը – վերականգնել կորսուած անկախութիւնը եւ հայրենիքը ազատել օտար ու անօգուտ լուծէն, ստեղծել հարազատ վարչութիւն մը, ժողովուրդն ամբողջ մասնակից դարձնելով հայրենիքի զարգացման գործին:

Փետրիւարեան, ինչպէս եւ Լեռնահայաստանի անցքերը հիմնապէս կռեցին եւ կոփեցին հայ ժողովուրդին քաղաքական մտածողութիւնը: Եւ այսօր, հայ ժողովրդի հոծ զանգուածները, կազմակերպուած Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հայ մտաւորականութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կանգնած կը մնան անկախութեան, հողային լայնացման եւ հայահավաքման տեսակէտին վրայ. իսկ հայ բօլշեւիկները, Ռամկավարներն ու շարք մը խայտաբղէտ տարրեր փառք կուտան Ռուսաստանի հպատակ, նեղ ու սեղմուած երկրի մը, դուրս ձգելով երկու միլլիոնէն աւելի հայութիւն մը, քանդելով բոլոր հարուստ քաղաքական հեռանկարները եւ թումբ կանգնելով հայ ժողովրդի վերածնունդի ճամբուն վրայ:

Անկախութեան կուսակիցները կը տեսնեն թէ ինչպէս հայ ժողովրդի մեծամասնութիւնը անհայրենիք կը թափառի ու կը ծիւրի, ենթակայ տնտեսական եւ քաղաքական հալածանքներու, կը տեսնեն թէ ինչպէս յարաճուն հայ ժողովուրդը հարկադրուած է թողուլ Հայաստանը եւ անցնիլ Ռուսաստան, դիմանալու համար տնտեսական դաժան պայմաններուն, եւ այս բոլորը հակառակ բօլշեւիկներու առուներուն եւ առուակներուն, որոնք սկսած են հեքեաթներու կարգը անցնիլ: Այդ բոլորի կողքին կը տեսնեն նաեւ սահմանակից Տաճկահայաստանը, կարօտ՝ աշխատաւոր բազուկներու եւ զուրկ բնակչութենէ: Հայ ժողովուրդը քաղաքական եւ տնտեսական պահանջներու բնական մղումով կը ձգտի միացեալ Հայաստանին: Անկախութեան եւ միացեալ Հայաստանի ըմբռնումները ձուլուած, միւս ու արիւն դարձած են Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ինչպէս եւ ժողովրդական զանգուածներուն համար:

Կարճ խօսքով, Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը դառնայ այն դարձակէտը, որմէ յետոյ դաշնակցական երիտասարդութիւնը, արտասահմանի, Երկրի եւ Ռուսաստանի մէջ կը համախմբուի անկախութեան ու ազգային պետութեան քաղաքական նպատակին շուրջը: Փետրուար 18ը կը ստեղծէր անկախութեան մարտիկ սերունդ մը, որ այսօր ողնաշարը կը կազմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ինչպէս Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ, այնպէս ալ Թաւրիզէն-մինչեւ Փրակա, Սիւրիայէն մինչեւ Փարիզ եւ Ամերիկա:

Առաջին մէկ երկու տարիներու ընթացքին, Ռուսաստանի եւ Կովկասի թոհ ու բոհին մէջ, ինչպէս նաեւ Կարսի անկման, ու Լօզանի դաշնադրութեան բեկումները հանդարտ դատումի արգելք կ’ըլլային: Բայց հիմա, երբ ուշադրութեան կ’առնենք երկրի երիտասարդութեան մտածումներն ու բաղձանքները, կը կշռենք անոր քաղաքական հասունութիւնը, նկատի կ’առնենք կուսակցական գերագոյն ժողովներու որոշումներն ու վերագնահատութիւնները, կը տեսնենք որ փետրուարեան ապստամբութիւնը իր հետ բերած է քաղաքական որոշ թարմութիւն մեր կուսակցութեան, եւ ինչ որ կարեւորն է, բացորոշ ու անսայթաք քաղաքական ուղեգիծ մը պարտադրած է բոլորին:

Քաղաքական պայքարին մէջ մեծ արժէք ունին միակամութիւնը, հաւատքը եւ կորովը: Փետրուար 18ը ամրապնդեց այդ առաքինութիւնները: Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին, աւելի ու աւելի այդ ուղղութեամբ կը գործէ մեր կուսակցութիւնը, խտացնելով յեղափոխական կուռ բանակի շղթան որ իրարու կը միացնէ հեռաւոր գաղութէն մինչեւ Հայաստանի լեռնային անկիւն մը թառած «Դաշնակցութեան մտայնութեան» ներկայացուցիչները:

5
Հայ-թրքական պատերազմին պարտութեան հետեւանքով, ոչ միայն հայ ժողովուրդի մէջքը կոտրած էր, այլ եւ ԵՍը: Հազիւ ինքզինքին կուգար, բայց կը տեսնէր թրքական կրունկները որ զինք կը ճնշէին Արաքսի եւ Ախուրեանի ափերուն վրայ: Անկախութիւնը կորսնցուցած, հայ ժողովրդի Եսը փշուր փշուր եղած, կ’ենթարկուէր ուրիշ լուծի մը, ռուսականին, որ փոխանակ իր մէջքը շտկելու, աւելի կը հարուածէր, թէ ֆիզիքապէս եւ թէ բարոյապէս:

Փետրուարեան հակահարուածը եկաւ զգետնուած ժողովուրդի մը մէջքը շտկելու եւ զգացնելու որ տրորուելու եւ կոտորուելու արժանի հօտ մը չէ ինք: Այդ հզօր պոռթկումը ազգային Եսի վերականգնումն էր, Թրքական պարտութեան վրէժխնդրութիւնն էր, փախուստէ մը յետոյ եղած միահաղոյն եւ կորովի հակայարձակումն էր, որ կը փրկէր հայ ժողովրդի մարդկային հպարտութիւնն ու պատիւը:

Այդ հարուածին առջեւ, ապշած մնացած էին բոլոր օտարները, իրենք Ռուսերը, մեր դէմ եկող ռուսական բանակի հրամանատարները եւ Թուրքերը, տեսնելով թէ ի՛նչպէս երէկուայ պարտուած ու նահանջող ժողովուրդը կորովի շարժում մը փորձեց: եւ ինչ որ աւելի ուշագրաւ էր, ապստամբութենէն յետոյ, քսան եւ հինգ օրւայ անդուլ ու անընդհատ ճակատամարտերու ընթացքին, հայ ժողովրդական վաշտերը կորովի դիմադրութիւն ցոյց տուին ռուսական բանակին ու շատ անգամ պարտութեան մատնեցին զայն:

Հայաստանը Ռուսերու կողմէ գրաւուեցաւ թիզ առ թիզ, ահռելի կռիւներով: Այն օրերուն, Դաշնակցութեան եւ անոր համագործակից բոլոր հոսանքներու ղեկավարները, մտաւորականութիւնը եւ գիւղական զինւորները ցոյց տուին վճռական կամք, կռուի ընդունակութիւն եւ կատարեալ համերաշխութիւն:

Ռուսներն ու իրենց գործիչ հայ բօլշեւիկները ռուսական սուիններու ուժով եկան կրկին տիրեցին մեր երկրին: Բայց, Ապրիլ 2ին, անոնք այլեւս չգտան Դեկտմբեր 2-ի կորաքամակ հայ ժողովուրդը: Լենինի նամակը Միասնիկեանին՝ կը թելադրէր տեղական պայմանները նկատի առնել ու այնպէս գործել: Պարտուած յեղկոմը կուգար փետրուար 18ի անողոք հարուածներուն տակ վերագնահատելու իր ուղին… Հայաստանի մէջ:

Հինգ տարի անցած է այն օրէն. բայց Հայաստանի բօլշեւիկեան կառավարութիւնը կը մնայ բարոյապէս պարտուած, իսկ ժողովուրդը, լուռ, բայց յաղթական:

Կարօ Սասունի
«ԴՐՕՇԱԿ» – Մարտ 1926
Թիւ 3 (251)

1