Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Կտրած Ուղին
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Կտրած Ուղին

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Կտրած Ուղին

Անձնապէս ես իմ «ցնցում»ը ապրեցայ իբրեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի այն օրերու աշխատակից, երբ անմիջապէս յաջորդ օրը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպեցայ քաղաքական խմբակցութիւններէն մէկուն արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուին հետ, որ շրջադարձին ակնարկելով՝ ըսաւ, որ մենք պէտք չէ Պրիւքսէլ ըլլանք, այլ Մոսկուա պէտք է ըլլանք: Եւրոմիութիւնը կը թուէր երես թեքած ըլլալ Հայաստանէն:

Յանկարծակի էր շրջադարձը, այո՛, եւ շուրջ երեք տարիներու բանակցութիւններէ ետք, զարմանալի կը թուէր Հայաստանի արեւմտեան գործընկերներուն, թէ ինչպէ՛ս երկիր մը գիշերուան մը մէջ կրնայ «անդրադառնալ», որ այդ բանակցութիւնները եւ համաձայնագիրը «չեն բխիր ազգային իր շահերէն»: Բոլորին աչքերը ուղղուեցան դէպի Մոսկուա՝ յաւելեալ բացատրութեանց համար: Արդէն Յունիսին, Ռուսիա համաձայնած էր Ատրպէյճանի հետ՝ մէկ միլիառ տոլարի հասնող սպառազինութեան շուրջ. նաեւ խօսքեր կը շրջէին, որ Ռուսիա, ակնարկելով (կեղծ) խոչընդոտներու՝ հաւանաբար դժուարացնէ իր սահմաններէն ներս գտնուող եւ աշխատող մեր հայրենակիցներուն իրավիճակը, ինչ որ իր հերթին կրնար տնտեսական ճգնաժամ մը ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ոչ շատ ժամանակ առաջ Ռուսիան մոլտովական գինիներու ներածումը արգիլած էր, որովհետեւ Մոլտովա նաեւ նման համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէր Եւրոմիութեան հետ:

Այս իրադարձութենէն օգտուելով՝ Պրիւքսէլի մէջ անմիջապէս գործի լծուեցաւ հակահայ շրջանակը, որ, շահագործելով արեւելեան Եւրոպայի հակառուս երկիրներու տրամադրութիւնը՝ փորձեց Հայաստանի եւ հայութեան դէմ միութեան մէջ կեցուածքներ ապահովել զանազան բանաձեւներու եւ զեկոյցներու միջոցով, ինչպէս նաեւ համագործակցելով կարգ մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ՝ հակահայ(աստանեան) կարծիք ձեւաւորելու նպատակով:

Անշուշտ, Եւրոպայի հայութիւնը եւ Պրիւքսէլի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները չէին կրնար ձեռնածալ մնալ այս պատեհապաշտ «արշաւանք»ին դէմ. Պրիւքսէլի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանութեան կողքին, մթնոլորտը շրջելու առաջատարը հանդիսացաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ անմիջապէս աշխատանքի լծուեցաւ Եւրոխորհրդարանէն ներս թէ դուրս՝ լուսաբանելով, բացատրելով իսկական հարցը եւ շրջադարձին տուն տուող իրականութիւնները: Քանի մը զեկոյցներու, բանաձեւներու մէջ փորձ եղաւ «պատժել» Հայաստանը, կարգ մը ծրագիրներէ դուրս ձգել, ապագայի ծրագիրներէն հեռու պահել, տնտեսական օժանդակութիւնը դադրեցնել, նոյնիսկ տեղի-անտեղի Արցախի հարցը մէջտեղ բերել՝ հայկական կողմին համար անընդունելի եւ անհիմն բանաձեւումներով: Քանի մը տեղ յաջողեցան անշուշտ, տակաւին ցնցումը շատ նոր էր, բայց ընդհանուրին մէջ հայկական կողմս յաջողեցանք կացութիւնը շրջել ի նպաստ մեզի: Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնները շարունակեցին իրենց երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնները Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին հետ՝ շարունակելով արդէն սկսած աշխատանքը, քայլ առ քայլ բարելաւելով կացութիւնը:

Դժբախտաբար, Եւրոպական Միութեան կողմէ հայկական կողմի բացատրութիւնները եւ լուսաբանութիւնները հասկցուեցան եւ շատ լաւ ընկալուեցան Նոյեմբեր 2013էն Փետրուար 2014 երկարող ժամանակաշրջանին, երբ Ուքրանիոյ նախագահ Եանուքովիչ եւս շրջադարձ մը կատարեց, չստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ «Համագործակցութեան համաձայնագիր»ը, որ սկիզբը հանդիսացաւ իր իշխանութեան տապալման՝ «Եւրոմայտան»ի ծանօթ բողոքի մահացու ցոյցերուն պատճառով, ապա երկրէն իր փախուստին եւ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի մէջ հրահրուած անկախութեան հանրաքուէին, պատերազմին եւ ներկայ անկայուն իրավիճակին: Ուքրանիա վերջ ի վերջոյ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը, ինչպէս ստորագրեցին Մոլտովան եւ Վրաստանը (որոնք նոյնպէս հողային հարցեր ունին Ռուսիոյ հետ, Մերձտնեսթր (Թրանսնիսթրիա) եւ Հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա): Այս բոլորէն ետք կարելի է ենթադրել, կամ հետեւցնել, որ Հայաստան, ըլլալով Եւրոպական Միութեան Արեւելեան հարեւանութեան ծրագիրի անդամ առաջին երկիրը՝ եթէ այն օրերուն ստորագրէր այդ համաձայնագիրը, ինչ սպառնալիք կրնար ըլլալ Արցախի համար: Յարաբերական կանխատեսելի կայունութիւն-ապահովութիւն (անվտանգութիւն) ընդդէմ անորոշ (գործադրուելու առումով) բարեփոխումներու… Մաքսային միութեան համար, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, Եւրոպական Միութեան ծրագիրները այդ տարածաշրջանէն ներս խանգարելու համար Ռուսիոյ առաջնահերթութիւնն էր Ուքրանիան, ոչ թէ Հայաստանը, կամ՝ աւելի փոքր Մոլտովան. պարզապէս, ժամանակագրական կարգով, Հայաստանը աւելի առաջ էր, քան Ուքրանիան: Մենք նուազագոյնը տուժեցինք, որուն մէկ մասը արդէն քանի մը օր առաջ վերականգնուեցաւ:

Հիմա, այն, ինչը մեր ձեռքը ունինք, քաղաքական մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ Հայաստանին՝ իր դիրքը ամրապնդելու եւ ներուժը լաւ օգտագործելու առումով: Նոր համաձայնագիրին մէջ նկատի առնուած են Հայաստանի պարտաւորութիւնները՝ իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամի, եւ այն, ինչը համատեղելի է, ներառուած է «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»ին (կամ Comprehensive and Enhanced Partnership Agreement, CEPA) մէջ, որուն ստորագրութենէն օր մը առաջ նոյնիսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց զայն: Հայաստան, ըլլալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, միաժամանակ ստորագրելով Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնագիրը, այս երկու միութիւններուն միջեւ կրնայ կամրջողի դեր ստանձնել: Այս մէկուն Ռուսիա լաւ կը գիտակցի: Հոս արեւմտամէտ, կամ ռուսամէտ-եւրոպամէտ, բանավէճերը (եւ ժխտական ամէն ինչ, որ կու գայ այս անպէտք բանավէճէն) անիմաստ են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր իր ձեռքին ունի վերջին 25 տարիներուն քաղաքական բարեփոխումներ իրականացնելու ամենամեծ առիթը: Քաղաքական հզօր կամք պէտք է ունենան իշխանութիւնները՝ բարեփոխումները իրագործելու համար:

Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններու հարթակը, որ 2013 թուականին իր ձայնը բարձրացուց՝ բողոքելով այն օրերուն չստորագրուած համաձայնագիրին դէմ, այսօր պէտք է նոյնքան աղմուկ բարձրացնէ՝ ողջունելով այս համաձայնագիրը եւ մօտէն հետեւի, որ բարեփոխումները իրականութիւն դառնան:

Հոս շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, որ, ըլլալով Հայաստանի կառավարութեան անդամ կուսակցութիւն՝ հոգով ու ոգով լծուած պետականութեան հզօրացման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման աշխատանքներուն մէջ սատարէ համաձայնագիրով պայմանաւորուած բարեփոխումներու իրագործումին, ինչպէս նաեւ խստապահանջ ըլլայ իշխող մեծամասնական կուսակցութենէն, որ անվերապահ եւ անշահախնդիր ձեւով լծուի լուրջ աշխատանքի: Այս աշխատանքին մէջ անպայմանօրէն ներգրաւուած պէտք է ըլլայ նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, որ մեծ դեր ունեցաւ համաձայնագիրի ստորագրման նախորդող երկար եւ դժուար գործընթացին մէջ: Ցնծութեան շաբաթը իր աւարտին հասնելով՝ պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, յստակ ժամանակամիջոցի մէջ, յստակ ուղղուածութեամբ: Բոլորս անխտիր պէտք է հետեւինք եւ հետապնդենք, որ աշխատանքը իրականանայ:

Խաբկանքներ չունենանք. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի չդառնայ այս համաձայնագիրով: Այս համաձայնագիրը անցեալին ստորագրուելիք «Համագործակցութեան համաձայնագիր»ի եւ «Խորունկ եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտի»ի (Deep and Comprehensive Free Trade Area – DCFTA) ուժգնութիւնը չունի: Վիզաներու ազատականացումը տակաւին ուժի մէջ չէ, կրնայ ըլլալ, որ երեք, հինգ, եօթը եւ աւելի տարիներէ ետք հասնինք հոն:

Անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն Եւրոմիութիւնը 7 միլիոն եուրօ տրամադրեց, որ անոնք ըլլան թափանցիկ եւ արդար: Երեւանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպանը որոշ չափով իր կարծիքը յայտնեց՝ ըսելով, որ Հայաստան աւելի լաւ ընտրութիւններ կրնար ունենալ, եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութենէն ոմանք չընդունեցին դեսպան Սվիթալսքիի քննադատութիւնը. եթէ իսկական բարեփոխումներ պիտի ընենք, պէտք է կառուցողական քննադատութիւնը ընդունինք: Ներկայիս Եւրոմիութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար թիւ մէկ ներդրողն է, արտածման թիւ մէկ շուկան է եւ թիւ մէկ դրամական օժանդակութիւն տրամադրողը: Հայաստան արդէն շատ մեծ օժանդակութիւն կը ստանայ Եւրոպական Միութենէն: Բազմաթիւ ծրագիրներու մասնակից է՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն, ուսանողական, կրթական ծրագիրներ, գիտական, մասնագիտական հարթակներու մասնակցութիւն: Երեւանի գրասենեակը շաբաթական մէկ միլիոն եուրոյի յատկացում կը տրամադրէ Հայաստանին, որ վերոնշեալ եւ այլ ոլորտներ բարելաւուին: Նոր համաձայնագիրով աւելի պիտի զարգանան, որակական զարգացումներ պիտի կարողանանք ապահովել՝ ուժանիւթի, կրթութեան, հողագործութեան, ջուրի, բնապահպանութեան, արդարադատութեան համակարգի, միջին եւ փոքր ձեռներէցութիւններու, հաղորդակցութեան, փտածութեան դէմ պայքարի եւ օդային փոխադրամիջոցներու համար:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախի հիմնահարցին, ստորագրութենէն շաբաթ մը առաջ Եւրոխորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընթացքին որդեգրած զեկոյցով իր դրական կարծիքը յայտնեց Հայաստանի հետ ստորագրուելիք համաձայնագրին մասին՝ զօրակցելով ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման, ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի բացառման, հողային ամբողջականութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին կողմէ ընթացող խաղաղութեան հասնելու բանակցութեանց: Նոյն այս ձեւի պարբերութիւն մը նաեւ տեղ գտած է Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին աւարտին ընդունուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Համաձայնագիրը կարելի է գտնել ու 450 եւ աւելի էջերը կարդալ: Շատեր արդէն գրեցին եւ խօսեցան անոր հիմնական կէտերուն մասին: Առանց կրկնելու այդ բոլորը՝ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս համաձայնագիրը Հայաստանի եւ հայութեան բազմաշերտ ու «եւ-եւ»ի քաղաքականութեան արդիւնքն է, եւ կարելի է միայն ողջունել այս իրականութիւնը: Հիմնուելով այսօրուան ռէալփոլիթիք (գործնական քաղաքականութիւն-Խմբ.) խաղի կանոններուն վրայ՝ ասիկա լաւագոյնն է, որ կրնայինք ընել: Մեզի կը մնայ քաղաքական կամք ունենալ եւ լուրջ աշխատանք տանիլ նախատեսուած բարեփոխումները իրագործելու համար: Արդար, ժողովրդավար, կայուն եւ հզօր Հայաստանի մը համար: Շատ հաւանաբար կարգ մը պետութիւններ փորձեն խանգարել մեր որդեգրած քաղաքականութիւնը. հայկական բանակը պայման է, որ շարունակէ մնալ զգօն եւ մեր դիւանագիտութիւնը՝ արթուն:

asbarez.com

1