Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առթիւ

Ապրիլ 2ին, Հայաստանի քաղաքացիները անցեալ տարուան հանրաքուէով վաւերացուած նոր սահմանադրութեամբ պիտի կատարեն Ազգային ժողովի իրենց առաջին ընտրութիւնը: Այսպիսով, Ապրիլ 2ին, Հայաստանը խորհրդարանական կառավարման ձեւին անցնելու առաջին շօշափելի քայլը պիտի առնէ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերէն իսկ խորհրդարանական կառավարման համակարգին գլխաւոր ջատագովը եղած է, նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանը դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդելու ջանադրութեամբ կ՛աշխատի:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերանորոգ վճռականութեամբ եւ «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսով նետուած է այս խորհրդարանական ընտրապայքարին՝ կենսագործելու համար իր արժէքային համակարգը, գաղափարախօսութիւնն ու ծրագիրը, իր 126ամեայ փորձը ծառայեցնելով Հայաստանի քաղաքացիի ձգտումները իրականացնելու նպատակին:

Անկախ Հայաստանի ստեղծումէն ի վեր, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պայքարած է յանուն Հայաստանի պետականութեան ու ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրապնդման, ի խնդիր անոր անվտանգութեան երաշխիքներու ուժեղացման:

Արցախի Ազատագրական Շարժումին մէջ իր ունեցած կարեւոր դերակատարութեամբ եւ Արցախի առօրեային իր բերած նշանակալի ներդրումներով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ապացուցած է, որ երբե՛ք ձեռնածալ չի կրնար մնալ եւ պիտի շարունակէ՛ վճռական դեր խաղալ մեր ժողովուրդի ապագան կերտելու ծրագիրներուն մէջ: Այդ առաջադրանքով է որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մշակած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայութեան կենսական բոլոր խնդիրներուն անդրադարձող իր համապարփակ ընտրական ծրագիրը:

Իր ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ, Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը յանձնառու է պաշտպանել Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի ընկերային եւ տնտեսական արդար իրաւունքները: Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, մեր երիտասարդ հանրապետութիւնը ապրած է վերիվայրումներ եւ արձանագրած է իրագործումներ: Ապրիլ 2ի ընտրութիւններով, ՀՅԴն կը խոստանայ լարել իր ուժերը եւ պայքարիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք սեփական երկրի մէջ իրենց ձայնին տէր կանգնելու վճռականութիւնը ունին: ՀՅԴ կ՛ուխտէ արդարութիւն ապահովել Հայաստանի մէջ, երաշխաւորելով, որ քաղաքացիներու տաղանդը, գիտութիւնն ու կարողութիւնները ի սպաս պիտի դրուին ազգային կարիքներու եւ շահերու օգտին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ ՀՅԴի ընտրական ծրագիրի ամբողջական բնագիրին ծանօթանալու համար, կրնաք այցելել www.voteARF2017.am կայքը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

24 մարտ 2017

1