Հալէպի մէջ փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Գաղափարական » Հալէպի մէջ փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակը

Հալէպի մէջ փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակը

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ յառաջատարը եղաւ ազգային միասնականութեան ստեղծման, արժեւորման ու ամրապնդման»։ «Դաշնակցութիւնը Ոչինչ Պիտի խնայէ սուրիահայ գաղութի վերականգնումի ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար՝ պայծառ օրուան մը անյապաղ գալիքին հաւատքով»։

Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս, փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակը:

Տօնակատարութեան ներկայ էին հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, հայկական կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, քահանայից դասը, Քեսապէն այս առիթով ժամանած երիտասարդներ եւ հոծ բազմութիւն մը։

Բացման հայերէն խօսքը արտասանեց Շաղիկ Մինասեան, իսկ արաբերէնը՝ Գէորգ Շահինեան։

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը, ուր երգերով, ասմունքով եւ նուագով հանդէս եկան երիտասարդ կատարողներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։

Հանդիսավարներ՝ Նանար Պապեան-Քիլէճեան եւ Քրիստափոր Հապոյեան ընթերցեցին այս առիթով յղուած շնորհաւորագիրները, ապա բեմ հրաւիրեցին օրուան բանախօս Վահէ Ղազարեան, որ համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց Դաշնակցութեան ռազմավարութիւնը՝ Հայրենիքի, Արցախեան հիմնահարցի, Ջաւախքի, Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութի վերականգնումին ուղղութիւններով։

Ղազարեան ըսաւ.

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ յառաջատարը եղաւ ազգային միասնականութեան ստեղծման, արժեւորման ու ամրապնդման։ «Դաշնակցութիւնը Ոչինչ Պիտի խնայէ սուրիահայ գաղութի վերականգնումի ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար՝ պայծառ օրուան մը անյապաղ գալիքին հաւատքով»։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան հանդիսութեան անդրադառնալով շեշտեց, որ հալէպահայ երիտասարդները նոր որակով, նորոգուած յանձնառութեամբ բեմ բարձրացան այսօր՝ յիշեցնելով Հալէպի նախապատերազմեան շրջանի մշակութային, ազգային ընկալեալ ձեռնարկները։

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր ազգային կեանքին մէջ ՀՅԴ-ն պետականութեան գաղափարին մարմին տուող կազմակերպութիւնն էր, որ իր ուժեղ ներկայութեամբ խարիսխը դրաւ պետական մեր կառոյցին, ի շարս մեր բոլոր կազմակերպութեանց, առաջատար իր ներկայութեամբ։ Մեզի համար գոյութիւն չունին առաջին, երկրորդ կամ երրորդ հանրապետութիւններ։ Մեզի համար գոյութիւն ունի մեր կորուսեալ թագաւորութիւններէն յետոյ պետական այն կառոյցը, որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, բոլորին պատկանող Հայաստան աշխարհ, համայն հայութեամբ, իսկ անոր մէջ իր կեդրոնական տեղը ունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով:

1