Հալէպի Մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-Ամյակի ՁԵռնարկներուն Մեկնարկը Կատարուեցաւ
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Հալէպի Մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-Ամյակի ՁԵռնարկներուն Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Հալէպի Մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-Ամյակի ՁԵռնարկներուն Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումբին, Շաբաթ, 25 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահէն ներս ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, երէց եւ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներ: Օրուան բեմավար Խաժակ Տիլպէրեան բացման խօսքով ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի կոտտանքին , տառապանքին ու ոճրածին քաղաքի աւերակներուն ընդմէջէն ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը: Դար մը ամբողջ կռանեց մեր անխորտակելի կամքը, կերտեց մարմինն ու դնդերը մեր անխոցելի, կամրջեց իր զաւակները ցանուցիր, ովկիաններէն ալ անդին ու սերունդներ միացան իր շարքերուն»: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, 100-ամեակի դրօշը բարձրացուցած սրահ մտան ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի խմբապետը եւ խմբապետուհին:

Արժ.Տէր Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեան օրհնեց դրօշը: Դրօշի օրհնութենէն ետք, ձեռնարկը սկսաւ Սուրիոյ եւ ՀՀ քայլերգներով: Ապա 100-ամեակի Յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Թովմասեան յանձնախումբին խօսքը արտասանեց՝ ըսելով. «ՀՄԸՄ-ը մտաւ հայ օճախներէն ներս եւ հայութեան համար եղաւ ակումբ, դպրոց, եկեղեցի եւ հայրենիք: Իր նաւասարդեան յաղթական խաղերով հպարտութեամբ լեցուց հայ ժողովուրդին սիրտը: ՀՄԸՄ-ը յաղթեց եւ այս յաղթանակը նուիրեց հայ ժողովուրդին: Հայ ժողովուրդը վստահեցաւ ՀՄԸՄ-ին եւ իր զաւակները անդամագրեց անոր: ՀՄԸՄ-ը իր «բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանով երբեք չզլացաւ ծառայել հայ ժողովուրդին: Ան դարձաւ բոլորին սիրելին, ծնունդ առաւ Պոլիսէն ու մուտք գործեց մայր հայրենիք: Ծլաւ ու ծաղկեցաւ Սփիւոքի մէջ ու դարձաւ հաստաբեստ կաղնի: Այսօր կը տեսնենք մեր շքանշանակիր եղբայրները եւ քոյրերը, որոնք երկար տարիներ ծառայած են այս միութեան եւ եկած են միութեան դրօշը փոխանցելու նոր սերունդին»: Այնուհետեւ Արամ Խաչատուրեան մեներգեց ՀՄԸՄ-ի100-ամեակին նուիրուած քայլերգը, որ առաջին անգամ հնչեց Սուրիոյ մէջ: Քայլերգին բառերուն հեղինակն է Ներսէս Լիպարեան, իսկ երաժշտութիւնը մշակած է Վահրամ էմմիեան:

Ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնն ու ներկան ներկայացնող պատմավաւերագրական երիզ մը, զոր պատրաստած էր Մամուլի Յանձնախումբը: Վեհան Պարսումեան հմայիչ առոգանութեամբ ասմունքեց «Շքանշան ՀՄԸՄ-ի» քերթուածը: Ապա շքանշանակիր երէց եղբայրներ՝ Յակոբ էլէյճեան եւ Յարութ Պարսամեան ՀՄԸՄ-ի զոյգ դրօշները փոխանցեցին նոր սերունդի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն: Նոր սերունդի ներկայացուցիչները խոստացան բարձր պահել միութեան դրօշը: Ապա ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան միութեան խօսքը արտասանեց: Քէօշկէրեան ըսաւ. «Մեր սերունդին բախտ վիճակուեցաւ ստանձնել այս պատասխանատու եւ պատմական պահուն խորութիւնն ու զայն արժեւորելու յանձնառութիւնը: ՀՄԸՄ-ի պատմակերտ հիմնադիրները իրենց անաղարտ հաւատքով եւ հայավայել վճռակամութեամբ հիմը դրին հայ պատանիին ու երիտասարդին հոգին, միտքը եւ մարմինը կերտող մեծ դպրոցին եւ յղացան մեր նշանաբանը՝ «Բարձրացիր, Բարձրացուր», որ կը մարմնաւորէ ՀՄԸՄ-ականին ամբողջական հաւատարմութիւնը: ՀՄԸՄ-ի «Հ»ն հայրենիքին ու հայութեան ցուցանիշն է՝ հայրենի հողին վրայ կամ Սփիւռքի տարածքին, 108 մասնաճիւղերով աշխարհով մէկ տարածուած մեր հայ ըլլալու խտացումն ու խորհրդանիշն է: «Մ»ն շեշտն է, որ մարզական ոգիով եւ առողջ մարմնով կերտուած սերունդն է երաշխաւորը ՀՄԸՄ-ի նպատակներու իրականացման: «Ը»ը ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւն մը ըլլալու լաւագոյն փաստն ու ցուցանիշն է: ՀՄԸՄ-ը երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ սփռուած իր 35 հազար անդամներով յիրաւի համահայկական հսկայ կազմակերպութիւն մըն է: Իսկ «Մ»ը արդէն իր գոյատեւման շարունակականութիւնն է եւ դէպի ապագայ զօրանալով խոյանալու լաւագոյն երաշխիքը: 100-ամեակի սեմին, եկէ՛ք միասին խոստանանք, որ պիտի բարձրանանք եւ բարձրացնենք նոր սերունդները՝ միասնաբար, համախումբ աշխուժութեամբ հասնելու համար մեր մարդկային ու համազգային տեսլականներուն եւ նպատակներու ամբողջական իրականացման»:

Ապա Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեան օրհնութեան իր խօսքով ըսաւ. «Եթէ ՀՄԸՄ-էն վերցնենք մարզական խաղերը, կը տեսնենք որ հոն կայ ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Եթէ վերցնենք գիտելիքները, կը տեսնենք որ հոն կայ ոգին: Մեր պապերը գաղթականութենէն ետք հաւատք եւ ազգային ոգի ներարկեցին իրերայաջորդ սերունդներու արեան մէջ եւ ժամանակի ընթացքին այդ ներարկումն էր որ մարմին առաւ:

«ՀՄԸՄ-ականը օժտուած է մաքուր, ազնիւ նկարագրով, թող յաւէտ օրհնեալ ըլլայ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը: Բարի երթ դէպի նոր 100-ամեակ»:

Ապա պաստառի վրայ ներկայացուեցան վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականներ Մանուկ Իսկէնտէրեանի (Հայաստան) եւ Պօղոս Պալէոզեանի արտասանած բարեմաղթութիւնները: Այնուհետեւ հատուեցաւ 100-ամեակի կարկանդակը: 100 տարիներու փորձառութեամբ եւ վաստակով բեռնաւորուած ՀՄԸՄ-ը այսօր հայ հասարակութեան կը ներկայանայ «Պատուաբեր Անցեալէն Յաղթական Ապագայ» կարգախօսով՝ ծառայելու, պայքարելու եւ գոյատեւելու վճռակամութեամբ:

Ժիրայր Կարապետեան

kantsasar.com

02 դեկտեմբեր 2017

1