Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Դաւիթ Իշխանեանէն Իմացան Արցախի Վերջին Իրադարձութիւնները
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Դաւիթ Իշխանեանէն Իմացան Արցախի Վերջին Իրադարձութիւնները

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Դաւիթ Իշխանեանէն Իմացան Արցախի Վերջին Իրադարձութիւնները

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Դ. Իշխանեան ներկայացուց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս սահմանադրական փոփոխութիւններն ու նախագահական համակարգ թեւակոխելու փուլը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ 2017-2020 նախագահական ընտրութեան անցումային փուլին` աւելցնելով, որ 2020-ին պիտի կատարուին երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւններ, պիտի կազմուի նոր կառավարութիւն եւ մշակուին հարիւրաւոր օրէնքներ:

Ան նշեց, որ արտաքին առումով Արցախ միշտ յաջողած է պահպանել միացեալ եւ համախոհական կեցուածք, թէ՛ Արցախի եւ արցախցիին անվտանգութեան, թէ՛ Արցախի միջազգային ճանաչումին նկատմամբ:

Ապա ան լայն անդրադարձ կատարեց Արցախի պաշտպանութեան համակարգին եւ 1999-2016 ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց զինուորական եւ ռազմավարական փոփոխութիւններուն, որդեգրուած մարտավարութիւններուն, Արցախի բանակը նոր զինատեսակներով օժտելու յառաջընթացին եւ այլն:

Արցախի անվտանգութեան կողքին Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ արձանագրուած տնտեսական զարգացումներուն, հիմնականին մէջ կեդրոնանալով գիւղատնտեսութեան` իբրեւ տնտեսութեան յենասիւնը, եւ անոր կողքին վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ծաւալած ելեկտրականութեան արտադրութեան եւ հանքերու արդիւնաբերութեան վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով լիբանանահայութեան եւ «Արցախ Ֆոնտ»-ի դերակատարութիւնը վերաբնակեցման ծրագիրներուն առումով:

Ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն շրջագիծին մէջ Դ. Իշխանեան պատասխանեց «Ապագայ լրագրող»-ներուն հարցումներուն` շեշտելով, որ Արցախի եւ լիբանանահայութեան միջեւ կարելի է շատ աւելի մեծ ծրագիրներ մշակել, յատկապէս պատանեկան եւ երիտասարդական մակարդակներու վրայ: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն իսկական դերակատարութիւն ունի Արցախի մէջ եւ այդ դերակատարութեան իբրեւ արդիւնք կրցած է վաստկիլ Արցախի իշխանութիւններուն վստահութիւնը:

1