Էմանիւէլ Մաքրոն «Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է»
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Էմանիւէլ Մաքրոն «Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է»

Էմանիւէլ Մաքրոն «Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է»

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խուրհուրդի (ՖԿՀԽ) տարեկան ընթրիքի այս տարուան պատւոյ հիւրն էր Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ՝ Էմանիւէլ Մաքրոն: Երեքշաբթի 30 Յունուարի երեկոյեան Փարիզի պանդոկներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած երեկոն համախմբած էր ֆրանսահայ համայնքի 500 անձնաւորութիւններ :

Ներկայ էին երկու դեսպանները՝ Վիգէն Չիթէչեան եւ Ժոնաթան Լաքոթ, Փարիզի քաղաքապետ՝ Անն Հիտալկօ, Իլ Տը Ֆրան շրջանի նախագահ՝ Վալէրի Փէքրէս, հայկական ծագումով ֆրանսացի ընտրեալներ, ինչպէս՝ Ազգային Ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագհ Ժագ Մարիլոսեան, երեսփոխանուհի Տանիէլ Ղազարեան, Փաթրիք Տէվէճեան, Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ Քէփէնէկեան, թրքական խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան, որուն Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ պատուեց Վէրմէյլ մետալով, ինչպէս նաեւ հրէա համայնքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, լրագրողներ, արուեստագէտներ:

Իր խօսքին մէջ Փարիզի քաղաքապետը նշեց թէ ի՛նչ աստիճան Հայաստանի մայրաքաղաք իր «կեցութիւնը եղած է ամենէն կառուցողականներէն մէկը արտասահման իր այցելութիւններու շարքին», եւ կրկնեց թէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Փարիզի մէջ պիտի կառուցուի Թումօ դպրոց մը: Ան յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ 8 Մարտին Փարիզի մէջ պաշտօնապէս պիտի բացուի Զապէլ Եսայեանի անունը կրղ փողոց մը:

«Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է: Մենք զայն կը մղենք յիշողութեամբ եւ կը պաշտպանենք հանրապետական օրացոյցին մէջ ցեղասպանութեան յիշատակման օրը արձանագրելու նախագիծը», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը, որ յիշեց թէ՝ այդ նախագիծը ընտրարշաւի «յանձնառութիւն» մըն էր եւ թէ «կարեւոր է որպէսզի ազգային ներկայացուցչութիւնը վերաքննէ զայն»:

Իրենց խօսքին մէջ ՖԿՀԽ-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան պահանջեցին Էմանիւէլ Մաքրոնէն դատապարտելու Թուրքիան, որ կը սպառնայ փոքրամասնութիւններուն եւ անոնց շարքին՝ հայերուն, ու նաեւ խնդրեցին նախագահէն այցելելու Արցախ:

1