Եւրոպահայութեան Չորրորդ Համագումարը՝ Պրիւքսէլի Մէջ
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Եւրոպահայութեան Չորրորդ Համագումարը՝ Պրիւքսէլի Մէջ

Եւրոպահայութեան Չորրորդ Համագումարը՝ Պրիւքսէլի Մէջ

Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ 18էն 19 Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ:

Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն կողքին, պիտի համատեղէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ, գիտնականներ ու հոգեւորականներ, զրուցելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու համար մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումներուն շուրջ:

0000EUROPE1Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու բարձրագոյն ներկայացուցիչներ, Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց բարձրագոյն ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանէն ներս Եւրոմիութիւն-Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն-Արցախ բարեկամութեան խումբերու նախագահները եւ Եւրոխորհրդարանի անդամներ։

Ստորեւ՝ համագումարի նախնական օրակարգը.

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, Պրիւքսէլի Հայ տուն (աշխատանքային լեզու՝ հայերէն)

9:00 – Ժամանում եւ գրանցում

10:00 – Պաշտօնական բացում, ողջոյնի խօսքեր

11:00 – Կլոր սեղան 1՝ «Ցեղասպանութեան Ճանաչում եւ Հատուցումներ»

13:30 – Ճաշի դադար

14:30 – Կլոր սեղան 2՝ «Թրքական եւ Ատրպէյճանական Լոպին Եւրոպայի մէջ»

16:30 – Սուրճի դադար

17:00 – Կլոր սեղան 3՝ «Հայապահպանում՝ Գոյատեւման Հիմնական Ազդակ»

19:00 – Ընթրիք Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, Եւրոխորհրդարան (աշխատանքային լեզու՝ անգլերէն, միաժամանակ հայերէն թարգմանութեամբ)

11:00 – Կլոր սեղան 1՝ «Armenian Genocide Recognition: Milestones and Challenges»

13:30 – Ճաշի դադար Եւրոխորհրդարանէն ներս

15:00 – Կլոր սեղան 2՝ «South Caucasus: Marginalization and New Perspectives»

Մասնակցելու համար, բոլոր ցանկացողները կրնան լրացնել ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կայքին միջոցով՝ հետեւեալ յղումին պահանջուած տեղեկութիւններ ամենաուշը մինչեւ Սեպտեմբեր 29, 2017, http://www.eafjd.eu/4th-EU-AM-Convention.html

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

1