Երեք Դարաշրջանի Մէջ Գործած Ու Գործող Կուսակցութիւնը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Վերլուծական » Երեք Դարաշրջանի Մէջ Գործած Ու Գործող Կուսակցութիւնը

Երեք Դարաշրջանի Մէջ Գործած Ու Գործող Կուսակցութիւնը

Ժամանակակից պայմանները` համաշխարհայնացման ճշդած օրինաչափութիւններն ու եղանակները կամ ընդհանրապէս տեղեկագիտութեան ներկայ դարը գաղափարական շարժումներու ծաւալման ու զարգացման համար բարենպաստ չեն: Այս մէկը դասական, ընդհանրացած եւ գրեթէ լափալիսեան ճշմարտութեան հանգամանք ստացած հաստատում է, որ յաճախ կը կրկնուի ամէն անգամ, երբ փորձենք վերլուծել միջազգային թէ ազգային մակարդակներու վրայ գաղափարական շարժումներու ապրած տեղատուութիւնը:

 

Որեւէ երեւոյթի երկարատեւութիւնը, երկարակենցաղութիւնը մանաւանդ այսօրուան գերարագութեամբ յատկանշուած արժէքային համակարգին, մեղմ ըսելաձեւով, համահունչ չէ: Նորարարութիւնը յաճախ կը շփոթուի նորաձեւութեան հետ, մակերեսայնութիւնը անսկզբունք յարափոփոխութեամբ, արհեստագիտութեան յեղափոխութիւնը` հեշտաբանութեան:

 

Ժամանակը ինքնին, ունի իր անշրջանցելի օրէնքները տարբեր մակարդակներու եւ ոլորտներու վերաբերող գործընթացներուն վրայ հիմնովին ազդելու առումով: Ժամանակին դէմ պայքարիլը ժամանակավրէպ չդառնալու փիլիսոփայութեան տիրապետումն է ամէն բանէ առաջ: Այդ պայքարը կը բազմապատկուի, եթէ իբրեւ տեսութիւն մտաբերենք, որ գերարագութեան դարաշրջանի մէջ կ՛ապրինք, որ կը գլէ կ՛անցնի նախորդ ժամանակահատուածներու ճշդած արժէքները` ստեղծելով նորը, ոչ անպայման բոլոր առումներով մեզի համար օգտակարը:

 

123-ամեակը ինքնին ամուր տառերով կ՛ամրագրէ, որ Դաշնակցութիւնը, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, հալածանքներուն, կասեցումներուն, բռնագրաւումներուն եւ ապագաղափարական հսկայական հոսանքներու ուղղակի թէ անուղղակի հարուածներուն, իր աշխարհածաւալ գործունէութիւնը կը շարունակէ:

 

Դաշնակցութեան գործունէութեան երրորդ դարաշրջանի առաջին տասնհինգամեակը կը յատկանշուի Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Արցախի անկախութեան իրողականացման եւ դէպի իրաւականացում տանող ճամբաներու հարթումով: Զուգահեռ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարով եւ մանաւանդ պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներով: Այս առաջադրանքները համահայկական տարողունակութիւն ունեցող խնդիրներ են, որոնց հետ կ՛առնչուին անշուշտ, երիտասարդական, կրթական, մշակութային, ինչպէս նաեւ կազմակերպական ու քարոզչաքաղաքական այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կը ծաւալէ Դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

 

Ժամանակներու փոփոխութեան հետ հայկական դաշտին մէջ դիմափոխուած է նաեւ կուսակցութիւն հասկացողութիւնը: Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն մէջ պէտք է դիտարկել օրուան կուսակցութիւններու երեւոյթն ու այդ բոլորով հանդերձ երկուքուկէս տարուան ընթացքին կազմակերպուած տարբեր ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը: Այդ ժամանակները գաղափարական ընդգծուածութեամբ յատկանշուող ժամանակներն էին: Դիմափոխութիւնը կը վերաբերի այսօրուան: Երկար ատեն աւանդական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը իրար հակոտնեայ քաղաքական կեցուածքներով, գործելաձեւերով հանդերձ հասարակաց հարթութիւններու գոյութիւնը կը նշէին ընդհանուր առումով: Վերջին քսանամեակին կտրուածքով նորաստեղծ կուսակցութիւններու համապատկերը գաղափարականութեան, նոյնիսկ կառոյցի եւ գործելաձեւի իմաստներով դժուար աղերսներ կը գտնէ աւանդականին հետ:

 

Աւանդական բառը պայմանական բացատրութիւն է եւ որեւէ ձեւով պէտք չէ ընկալել հինի իմաստով: Ճիշդ այստեղ է, որ ժամանակը շրջուած դեր կը կատարէ: Հայկական նորաստեղծ շատ կուսակցութիւններ անցան պատմութեան գիրկը, մինչ «Հին»-ը շարունակեց կերտել պատմութիւնը:

 

Գուցէ գիտաժողովներ եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ պէտք են փորձել գաղտնազերծելու Դաշնակցութեան ամբարած հմայքին պատճառները եւ գիտակցելու, որ ինչպէ՞ս կը յաջողի ժողովուրդի իրականութեան մէջ առաջնային դերակատարութիւն պահել երեք դարաշրջանէ ի վեր գործող կուսակցութիւն մը: Այս փաստացի հազուագիւտ իրականութիւնը թերեւս միայն հայկական իրականութեան չի վերաբերիր: Այլ ընդհանրապէս քաղաքական կուսակցութիւններուն:

 

Դաշնակցութիւնը 123 տարեկան է:

 

«Ազդակ»ի Խմբագրական

1