Դաշնակցութիւնը ապրում է, շնչող ու զարգացող հաւատամք է
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Դաշնակցութիւնը ապրում է, շնչող ու զարգացող հաւատամք է

Դաշնակցութիւնը ապրում է, շնչող ու զարգացող հաւատամք է

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գէմպրիճի մէջ կայացած ՀՅԴ օրուան հանդիսութեան ընթացքին բանախօս ընկ. Ժան Հալլաճեանի խօսքը։

ՀՅԴ «Մեր օրուան» տօնակատարութիւնը ա՛յն պատեհ առիթն է, որ դաշնակցական ընտանիքը արժեւորէ ներկան, ուրուագծէ դիմակալելիք մարտահրաւէրներու բնոյթն ու առաջադրէ անոնց լուծումները:

Իրագործումները՝ անպայմանօրէն մեզ կը խրախուսեն, կը գօտեպնդեն: Աւելին՝ մեզ յաւելեալ յանձնառութիւններու տակ կը դնեն, ա՛լ աւելի բծախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ, մեր հանրային-ազգային ծառայութիւնները մատուցելու եւ դիմակալելու ապագայ գերխնդիրները: Մենք երբե՛ք նուաճումներու ու արձանագրուած յաղթանակներու դիւթիչ բոյրով գինովնալ չենք գիտեր: Այդ եղանակը՝ Դաշնակցութեան համար անյարիր վարքագիծ է՝ մեր յաջողութիւնները համարելով հայ ժողովուրդին արգասիքը, մեր նուաճումները հաշուելով մեզ շրջապատող անհամար համակիր զանգուածին ձեռքբերումները, բայց երբե՛ք սոսկ Դաշնակցութեան մենաշնորհումները: Իսկ մեր տատանումներն ու բացթողումները նուազեցնելու համար, պիտի տանք խոստումը՝ զանոնք ուղղորդելու դաշնակցական կենդանի գործով:

Այս ժամանակահատուածին մենք ականատես եղանք Դաշնակցութեան բազմաշերտ գործունէութեան, այսպէս.

Քառօրեայ պատերազմը բատայայտելով հանդերձ որոշ ռազմական բացթողումներ, եկաւ եւ ամրագրեց ազգ-բանակ առաջադրանքը, եւ կարեւորեց սեփական ուժերով ապահովելու ազգային անվտանգութիւնը, հաշուի առնելով մեր փոքրաթիւ ազգ ըլլալու հանգամանքը եւ երկրի աշխարհաքաղաքական տարածքն ու զայն պաշտպանելու կարելիութիւնները:

Դաշնակցութիւնը այս թեմայով հարուստ իր պատմական փորձովը, սկսած իր հիմնադրութեան օրէն, ազգ-բանակ զուգորդման լաւագոյն օրինակներով հարստացուցած է ռազմա-քաղաքական մեր դաշտը: Այսօր ե՛ւս Դաշնակցութիւնը իր Արցախեան ազտագրական պայքարի փորձառու մարտիկներովը՝ չուշացաւ անսալու ահազանգային ժամերու կոչին, եւ հարիւրներով, պապիկով, հայրով ու զաւակով, եկաւ լրացնելու ազգային բանակի շարքերը:

Այսօր, ա՛լ աւելի հրամայական դարձած է համակարգումի անհրաժեշտութիւնը՝ կառավարման մարմիններու, բանակի հրամանատարութեան եւ քաղաքացիական ու հասարակական միաւորներու միջեւ, մանաւանդ երբ օրհասական պահը կը հասնի հայրենիքի պաշտպանութեան:

Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը միայն բանակային միաւորներուն վերապահուած չէ: Այդ մէկը պարտականութիւնն է եւ պարտաւորութիւնը ազգային բոլոր շերտաւորումներուն, ի Հայաստան աշխարհի եւ ի սփիւռս:

Եւ ահա, կը լսենք ու կը տեսնենք, որ դաշնակցական պահեստազօրքի նոր կազմաւորուած գումարտակը, պատերազմի կոչին միշտ պատրաստ ըլլալու ունակութիւնը ցուցաբերեց՝ իր մարտունակ զինուորով, արհեստավարժ բանակի կառոյցներու ընդմէջէն ներկայութիւն ըլլալով: Այսօր, ականատեսն ենք առաջին վարժողական հաւաքին, համալրուած՝ ուսանողական ամպիոններէ եկած հայորդիներոով, նախկին վեթերան մարտիկներով ու սփիւռքեան հայորդիներու ներկայացուցչական մասնակցութեամբ:

Ազգային բանակին ծառայելը`պատիւ է նախքան պարտաւորութիւն ըլլալը:

Սիրելինե՛ր, պէտք է ընդունինք, որ ազգային անվտանգութեան օրակարգը մեր առաջնահերթ հիմնահարց է: Անոր կենսական գործօններէն մէկը՝ հայ մարդու թուական ներկայութիւնն է ու աճը հայրենիքի տարածքին վրայ: Այս մէկը կը հանդիսանայ այն զգայուն նրբերանգը, որ կրնայ խախտել Հայաստանի բարգաւաճումը եւ անոր լինելիութիւնը: Թուրքը, ի հեճուկս իրեն, չկրցաւ այդ չարամիտ սաթայէլական ծրագիրը իրագործել՝ տեսնելու Հայաստան աշխարհը առանց հայու: Միայն 1992-էն մինչեւ 2010 հայրենիքը լքողներու թիւը շուրջ մէկ միլիոն մարդ կը հաշուէ: Նաեւ նոյնքան վտանգաւոր է ներքին գաղթը, երբ գեղջուկը հարկադրաբար կը լքէ իր դաշտը եւ ապաստան կը գտնէ մեծ քաղաքներու մէջ:

Ո՛չ մէկ ձեւով ընդունելի է այն տեսակէտը որ կ’ըսէ, թէ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է եւ չէ սահմանափակուած մեր երկրով: Մեր առարկութիւնը չափի մասին է, մշտական կայք հաստատելու դիտաւորութեամբ տեղաշարժի մասին է:

Այսօրուան արտագաղթի պատկերը հասած է Ռէբիկոնի սահմանները: Ազգային ահազանգային խնդրի պէտք է վերածուի արտագաղթի դէմ պայքարիլը, համապատասխան օրէնսրդական օրէնքներ մշակելով եւ կենցաղային դրական մթնոլորտ ստեղծելով Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահի մատնանշումով իսկ բարացուցական է աղէտի մակարդակը, ու իր առաջադրանքով շատ յստակ կը պատգամէ, որ թուական պատկերը քանի մը տարուան ընթացքին ընդունելի համրանքի մը հասցնելը դառնայ առաջնահերթ կիզակէտը բոլոր պետմարմիններուն:

Նաեւ ունինք այլ շատ կարեւոր հարց՝ կապուած մեր արեւելումին՝ orientation-ի:

Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի զարգացումը կարելի չէ պատանդ դարձնել այս կամ այն աշխարհակալ պետութեան եւ համախմբումներու շահերուն: Հայաստան մեկնած իր սեփական ազգային շահերէն, առանց զիջումներու, պիտի կարենայ նաւարկել միջազգային ոլորտներուն մէջ ինքնիշխան ու անկաշկանդ, օգտուելով մեր պատմական փորձերէն:

Մեր «Հայկական օրիանդացիան» պէտք է ըլլայ մեր միակ կողմնացոյցը:

Միակ պայմանը այս ռազմավարութեան որդեգրման այն է, որ մենք պէտք է ըլլանք ինքնավստահ մեր սեփական ուժերէն, որպէսզի համարձակ կարենանք թակել՝ ինքնուրոյն երանգով, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի-Եւրոպայի դարպասները: Ոչ մէկ հակասութիւն կը տեսնենք նաւարկելու երկու բեւեռներու ընձեռած կարելիութիւններով՝ ըլլայ այդ Եւրասիական տնտեսական համգործակցութեան անդամակցութեամբ եւ կամ Եւրոպայի միութեան կարելիութիւններով: Գոյացած նոր դրոյթը, պիտի ստեղծէ նոր առիթ զարգանալու ու բարգաւաճելու:

Սիրելինե՛ր, աւանդական մեր հայ ընդդիմախօսներու վերանորոգ բացայայտումները, կը կարծուի, որ մուր կրնայ քսել Մայիս 28-ի խոյանքին ու պատգամին: 100-ամեակի անկախութեան տարեդարձը միակուսակցական դրոշմէ զերծ պէտք է պահել: Պէտք է ընդունինք, որ անուրանելի է դաշնակցական գործիչներու դերն ու Դաշնակցութեան ներդրումը անկախութեան կերտումին, բայց այդ մէկը ամենեւին չի նշանակեր, որ այդ ազգային սխրանքը սոսկ միակուսակցական իրագործում է: Այն ազգային հպարտութիւն է ու ժառանգ, որուն համար մեծ բանաստեղծը պատգամած է՝ «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք Սարդարապատից»:

Դարերու երազի եւ պայքարի արգասիքն է Մայիս 28-ն: Բոլոր հատուածներու, համայնքներու, հարուստի, գեղջուկի, մտաւորականի, զինուորականի, ուսուցիչի, աշակերտի արիւնով նուիրականացուած տօն է:

Տիգրան մեծի արձանը չի կրնար փոխարինել Արամ Մանուկեանինը:

Այլեւս ժամն է, որ անվերադարձ պատռենք Մայիս 28-ի բարդոյթի պատանքը, որ համակած է որոշ հայկական շրջանակներ, եւ միացեալ տեսլականով հիւսենք լուսաւոր ապագայի պատկերը՝ միացեալ, ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի: Մայիսեան 100-ամեակը անպայմանօրէն պիտի տօնուի համահայկական տարազով, պետութեամբ, կրօնական յարանուանութիւններով, կուսակցութիւններով, հասարակական կազմակերպութիւններով, բոլորով, բոլորով:

Հայկական պետականութեան արդի օրերու կազմաւորման խնդրով, Դաշնակցութիւնը 25 տարիներ շարունակ ջատագովը հանդիսացաւ խորհրդարանական համակարգով առաջնորդուելու անհրաժեշտութեան: Այսօր, Հայաստանի սահմանադրութեամբ նոր քաղաքական հենքը, այն խոստմնալից կառավարման արդիւնաւէտ կարգն է, ուր առկայ է ու վերահսկուած, իրաւունքի գերակայութիւնը, օրէնքով ճշդուած մարդու իրաւունքներու անխախտելիութիւնը, իշխանութեան յստակ բաժանմամբ, ընդհանուր հաւասար ու ազատ ընտրական իրաւունքի առկայութեամբ ու տեղական կառավարման լայն լիազօրութիւններով: Այս բոլորը հիմնական կռուաններ են Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կենսագործման ու զարգացման:

Այս մէկը արմատական բարեկարգումներու պատեհութիւնը պիտի ստեղծէ: Կը մնայ վրան գումարել քաղաքական կամքը, իր լրումին հասցնելու գալիք օրերու նորաձեւ համակարգը, որ քաղաքական նոր մշակոյթի, գործընթացի եւ մտածողութեան կայծը պիտի հանդիսանայ:

Դաշնակցութիւնը աւելի քան 27 Տարիներ առաջ իր Plarform-ով ուրուագծած էր շատ յստակ, իշխանութեան ժողովրդականացման անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային միասնականութեամբ յաղթահարելու պետութեան առջեւ պատուար կանգնած դժուարութիւնները:

Դաշնակցութիւնը, այսօր ալ՝ նոյն հնչեղութեամբ կը հաստատէ այդ մէկը, յիշեցնելով որ իշխանութեան մաս կազմելը մարտավարական քայլ մըն է, եւ ոչ թէ նպատակ: Գոյանալիք նոր համակարգի կարելիութիւններով՝ Դաշնակցութիւնը իր լուման պիտի ներդնէ պետականութեան շինութեան գանձանակին, աչալուրջ հետեւելով ազգի ընկերական, քաղաքական, տնտեսական կեանքին, ու ի հարկին առաջինը խարազանողը պիտի ըլլայ յոռի երեւոյթները, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը իր նախարարութիւններու աշխատանքի ծիրին մէջ ըլլան:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ փտախտի, կաշառակերութեան կասեցման, մենաշնորհներու վերացման եւ ծայր աստիճան բծախնդիր մարդկային իրաւանց կիրառման:

Յարգելի՛ ներկաներ, Դաշնակցութեան գործը աւելի ցայտուն կը տեսնենք, երբ օրհասական կացութիւն կը ստեղծուի: Դաշնակցական արժէքներու կենսագործումը այդ մթնլորոտներուն մէջ աւելի զգալի ներկայութեան կը վերածուին: Վերջին տարիներու Սուրիոյ ապահովական կացութեան վատթարացման ենթարկուած հայ գաղութը՝ տեղատուութիւն ապրեցաւ: Մեծ թիւով սուրիահայեր լքեցին ծննդավայր բնօրրանը եւ ուղղուեցան աւելի ապահով վայրեր ու երկիրներ: Դաշնակցութիւնը իր շարքերով ու համակիր զանգուածով, կազմակերպեց գաղութային կեանքը, փորձելով խուճապային մթնոլորտներէ հեռու պահել գաղութի զաւակները: Գաղութը միահամուռ ուժերով մասնակցեցաւ ու կազմակերպեց շտապ օգնութեան գործն ու հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը, այդ ճամբուն վրայ զոհելով իր ընտրանի տղաքը:

Այլ տեղ, դաշնակցական մարմիններ իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը չզլացան, նախ՝ ապահովելու մայր գաղութ Սուրիոյ պէտքերը, ապա կազմակերպուած եղանակով ընդունելու օտար ափեր հասած հայ զանգուածները: Այդ գործերը բնական է առանց բացթողումներու չանցան, բայց բոլոր մակարդակներու վրայ, գաղութային ուժերու լարումով աշխատաքը իրագործուեցաւ, տանելի դարձնելու նոր միջավայրերու պարտադրած դժուարին պայմանները՝ գաղթական հայորդիներուն վրայ:

Դաշնակցութիւնը Rating-ային չափերով կարելի չէ արժեւորել, կամ հետազօտական կեդրոններու քաղաքական կուսակցութիւններու հանդէպ ունեցած գնահատակններով: Դաշնակցութիւնը ապրում է, շնչող ու զարգացող հաւատամք է, գաղափարական շարժում է, իր կոչումով եւ առաքելութեամբ հայ ժողովուրդի էութեան մէկ մասնիկն է, անձնդիր ծառայութեամբ եւ միայն կենդանի գործի բարոյական բաւարարուածութեամբ յագենալն է դաշնակցականի վարձահատոյցը:

Հոս նաեւ կ’ուզեմ անդրադառնալ իր չափով թերեւս աննշան մէկ երեւոյթի, բայց իր թելադրականութեամբ՝ շատ բան յուշող պատգամի.

«Արդ, անոնք որոնք այցելեցին Պուրճ Համուտ, վստահ որ հանդիպեցան Սարգիս Տուտագեանին՝ Ափօլլոյին, համրացած յիշատակի կոթողին՝ արձանին: Ափօլոն այն համեստ ընկերն էր, որ տարիներ շարունակ «Ազդակ» օրաթերթ ցրուած էր Պէյրութի մէջ»:

Կը մէջբերեմ այս օրինակը ընդգծելու համար, որ Ափօլլոյի օրինակը համրացած չէ: Ան խօսուն եւ շնչող մէկ օրինակն է համեստ դաշնակցական մարդուն, ռենչպերին, գեղջուկին, մտաւորականին, շինականին, անհամար անյայտ դաշնակցական մարտիկներուն, որոնք իրենց կարգին նոյնքան դեր ու վաստակ ունեցած են այս ընտանիքի երթին մէջ, որքան մեզի ծանօթ հանրայայտ անունները:

Հետեւաբար ողջունելի կը գտնենք բոլորին ճիգերը, մարմիններ թէ ազգային կուսակցական հաստատութիւններ, որոնք ունեցան այս ազնիւ մտածումը՝ յաւերժացնելու արձանի մը ընդմէջէն, մշակներու, բանուորներու դերը հանրային կեանքին մէջ, ու շռնդալից կերպով լսել տալու Ռենչպերներու կանչը:

horizonweekly.ca

1