Դաշնակցութեան 127-րդ տարեդարձը Գահիրէի Մէջ
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Դաշնակցութեան 127-րդ տարեդարձը Գահիրէի Մէջ

Դաշնակցութեան 127-րդ տարեդարձը Գահիրէի Մէջ

Աննախընթաց մեծ թիւով համակիրներու, հիւրերու եւ կուսակցականներու ներկայութեան, ՀՅԴ 127-ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ Գահիրէի մէջ Ուրբաթ, 16 Փետրուարի երեկոյեան Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն մարմինին։

Արդարեւ, ինչպէս տասնամեակներու աւանդութիւնն է, Դաշնակցութեան Օրը հարիսայի հիւրասիրութիւն կը կատարուի, ի յիշատակ Խրիմեան հայրիկի հռչակաւոր պատգամին։
Հանդիսութեան ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպսկ. Մնացականեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպսկ. Գուսան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Ստեփան Գէորգեան, Եգիպտոսի թեմէն ներս վերջերս ծառայութեան կոչուած Դերենիկ աբեղայ Սահակեան, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիներու ծխատէր քահանաներ Յակոբ Յակոբեան եւ Գրիգոր Մուրատեան, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ազգային իշխանութեանց անդամներ, ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Գահիրէի ազգային վարժարանի տնօրէնը, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Աղեքսանդրիայէն ընկերներ, համակիրներ եւ այլք։

Գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը եզերուած էր բոսորագոյն ծաղիկներով, իսկ խորքին՝ Եռագոյն դրօշի ֆոնին Դաշնակցութեան մեծադիր զինանշանն էր, իսկ աջին՝ Դաշնակցութեան դրօշի կողքին զետեղուած էին Եգիպտոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու դրօշները։

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի օրհներգներու, եւ Դաշնակցութեան քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեան, որ ողջունելով ներկաները, արագ ներկայացուց օրուան խորհուրդը։ 2018 տարուան անդրադառնալով, ան նկատեց, որ անիկա ամեակներու տարի է՝ Ղարաբաղեան շարժման երեսնամեակ, Հայաստանի պետականութեան վերականգնման եւ Ա. հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակ, ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակ, Երեւանի 2800-ամեակ եւ այլն ու նշեց, որ « այս ամեակները թուական ըլլալէ անդին համախմբուելու եւ մեր ազգային արժէքները միասին արժեւորելու եւ տօնախմբելու առիթներ են, որոնք մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները կը համախմբեն գործի մը շուրջ (…), որ կը միտի Հայաստանի եւ հայութեան հզօրացման, մեր հաւաքական ներուժի կուտակման ու կազմակերպման»։

Ան այս առթիւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, որ «իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը կը սատարէ եւ նեցուկ կը կանգնի գաղութիս բոլոր կազմակերպութիւններուն անխտիր, դիւրացնելով հայապահպանման դժուար գործը»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան յաջողութեան նպաստած բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Միքայէլեան եղբայրներուն, որոնք Դաշնակցութեան զինանշանով գեղեցիկ գրակալ նուիրած էին իրենց ծնողաց յիշատակին։ Ան վեր առաւ նաեւ ակումբի երիտասարդութեան գործօն դերակատարութիւնը երեկոյթի յաջողութեան մէջ։

Ան թուարկեց ներկայիս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակուող շրջափակումէն, անցնելու համար Արցախի շուրջ պայթիւնավտանգ լարուածութեան, հայրենամերձ գօտիներու հայահոծ գաղութներու վտանգուած գոյութեան, Ցեղասպանութեան ընդունման եւ փոխհատուցման անաւարտ պայքարին, պետականաշինութեան երկար եւ դժուարին ուղին, որոնք, ըսաւ բանախօս ընկերը, կը կարօտին անխոնջ աշխատանքի, միաբանութեան, որուն ախոյեանը եղաւ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը, հասնելու համար ամբողջական հայութեամբ հզօր ամբողջական Հայաստանի գաղափարի իրագործման։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդ Աշոտ սրբազան իր ողջոյնի խօսքը յղելու 127-ամեայ Դաշնակցութեանը։ Աւելի քան դար մը քառորդ այս երթին մէջ, ան վեր առաւ հիմնադիր սերունդէն սկսեալ գաղափարական անհատի դերը, որ անմնացորդ նուիրուելով ազգի եւ հայրենիքի ազատագրութեան դատին սերունդէ սերունդ կերտեց պատմութիւն, Ա. հանրապետութենէն սփիւռքի գաղթօճախներու կազմակերպութիւն եւ ապա վերադարձ Երկիր՝ մասնակցելու Արցախի ազատամարտին ու վերանկախացած պետականութեան հզօրացման։ Ան ողջունեց նաեւ տեղական կազմակերպութիւնը, որ փոքրաթիւ դարձած համայնքին մէջ ազգապահպանման գործը առաջ կը տանի մշակութային, բարեսիրական թէ մարզական-սկաուտական բնագաւառներէն ներս, ազգային-կազմակերպական արժէքները փոխանցելով նոր սերունդին։ Այս ծիրէն ներս ան ողջունեց նաեւ Ռամկավար Ազատական եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնները, որոնք լծակից են վերապրումի եւ գոյատեւման համայնքային ճիգին։ Ան ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց հայ ժողովուրդին, խաղաղութիւն՝ հայրենիքին, անսասանութիւն մեր պետականութեան, «որուն հիմքին պէտք է կանգնած ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր գաղափարական կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որովհետեւ հայրենիքը ոչ միայն գաղափարախօսութիւն է այս պարագային… Հայրենիքը հող, ջուր, նիւթական արժէք է, որուն հոգեւոր-բարոյական արժէքը մարդ անհատն է, որ իր կեանքը պէտք եղած պարագային պիտի նուիրաբերէ, որպէսզի այդ անկախութիւնը որ ստեղծուած է հարիւրամեայ այս շրջանին, երբեք ու երբեք չկորսուի եւ հակառակը, Արցախի ազատագրումն օրինակ ունենալով, նաեւ շարունակէ ազատագրական իր պայքարը, ինչպէս որ խօսքի մէջ նշուեցաւ, նաեւ ետ առնելու կորսուած հայրենիքը՝ Արեւմտեան Հայաստանը եւ աւարտին հասցնելու մեր ազգային-ազատագրական մեծ պայքարը»։

Օրուան պատգամը տեսագրութեան միջոցաւ, փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան։

Ընկերոջ խօսքէն ետք, ազգային-ժողովրդական ու հայրենասիրական երգերու փունջով հանդէս եկաւ այս առթիւ Հայաստանէն հրաւիրուած տաղանդաւոր երգիչ Սեւակ Ամրոյեան, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բերնէ բերան լեցուած սրահին մէջ։

Յիշարժան օր մը դարձաւ 2018-ի Փետրուարի 16-ը. այդ օր հանդիսութեան կազմակերպական բոլոր թելերը նոր սերունդին յանձնուած ըլլալուն վկան դարձանք։ Գաղափարական առողջ մթնոլորտի մէջ գործին մէջ ներգրաւուելով է, որ պիտի թրծուի նոր սերունդը, որպէսզի անոր քաղցր արդիւնքները շուտով տեսանելի դառնան։

1