Գարեգին Նժդեհ (1886-1955). Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցական մարմնաւորումը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Գարեգին Նժդեհ (1886-1955). Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցական մարմնաւորումը

Գարեգին Նժդեհ (1886-1955). Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցական մարմնաւորումը

Դեկտեմբեր 21ի այս օրը, Խորհրդային Միութեան ծայր աստիճան «վտանգաւոր» նկատուած «բանտարկեալ»ներու Վլատիմիր բանտին մէջ, իր վերջին շունչը փչեց Հայկական Ազատամարտի անկրկնելի հերոսներէն Գարեգին Նժդեհ։

Հայ ժողովուրդը միայն յաւուր պատշաճի յարգանքի տուրք ընծայելու մղումով չէ, որ կþոգեկոչէ Նժդեհի մահուան տարելիցը։ Ոչ ալ տարուան միայն այս օրը կը ստեղծէ պատեհութիւնը, որպէսզի ամենայն հաւատքով ու երկիւղածութեամբ իր մտքին ու հոգիին կիզակէտին բերէ Նժդեհի անմար մտածումները։

Իր ժամանակէն վեր բարձրացած եւ բոլոր ժամանակներուն համար հայոց սերունդներուն ներշնչման աղբիւր դարձած ազգային հերոսն է Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցակա՛ն մարմնաւորումը հանդիսացող Նժդեհը։

Որքան ալ ժամանակը անցնի եւ որքան ալ հնաբոյր թէ նորելուկ գաղափարախօսներ փորձեն Դաշնակցութենէն դուրս եւ հակադրաբար Դաշնակցութեան գովքը հիւսել Նժդեհի Գործին եւ Պատգամին, ըստ ամենայնի բան չի փոխուիր պատմական դառն ու դաժան այն իրողութենէն, որ պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ անպարտելի դաշնակցական Գարեգին Նժդեհը զոհ գնաց պոլշեւիզմի, այլեւ խորհրդայիններու հակադաշնակցական մոլուցքին։

Տարբեր ալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ Նժդեհի իսկ բառերով՝ «Դաշնակցութեան փառքն ու ողբերգութիւն»ը առաւելագոյն հնչեղութեամբ պատմութեան յանձնուած աւանդ է նոյնինքն Գարեգին Նժդեհ երեւոյթով։

Արդարեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանի ոսկեմատեանին մէջ եզակի դէմք մը եղաւ Նախիջեւանի Կզնութ գիւղի ծնունդ՝ Տէր-Յարութիւնեան քահանայի կրտսեր որդի Գարեգինը, որ հայոց աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ Նժդեհ անունով։

Ծնած էր 1 Յունուար 1886ին եւ ապրեցաւ մինչեւ 1955 թուականի Դեկտեմբեր 21ը, երբ խորհրդայիններու հակադաշնակցական մոլուցքին պատանդ դարձած եւ սիպիրեան աքսորավայրերու մէջ ֆիզիքապէս հիւծած՝ իր պաշտած հայ ժողովուրդէն ու Հայաստանէն հեռու, առյաւէտ փակեց այնքան հայու անմեղ արեան հեղում եւ վիշտ տեսած աչքերը, այլեւ՝ կռուի ու պայքարի հուրով առլցուն իր ցասկոտ հայեացքը։

Գարեգին Նժդեհ անունը յաւերժացաւ յատկապէս 1920-21 թուականին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Բիւրօ-Կառավարութեան օրով եւ ատենի Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար Ռուբէնի հրահանգով՝ զօրավար Նժդեհի յանձնարարուեցաւ կեանքի գնով պաշտպանութիւնը Զանգեզուրի։ Առաքելութիւն մը՝ որ յաղթական փառքով պսակուեցաւ եւ անպարտելի ռազմիկի դափնիով յաւերժացուց բաց ճակատը Նժդեհի։

Ուսումնասէր եւ հոգեմտաւոր հարուստ պաշարի տէր էր Նժդեհ։ Իր ծննդավայրի ռուսական դպրոցն ու Թիֆլիսի ռուսական գիմնազիան աւարտելէ ետք, ան բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնին մէջ։ Չաւարտեց ուսումը, որովհետեւ 17 տարեկանէն արդէն հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ահագնացող ալիքը գրաւած էր միտքն ու սիրտը ըմբոստ Գարեգինի։ Միաժամանակ ցարական եւ համիտեան բռնատիրութեանց դէմ պայքարի դաշտ նետուելու պատրաստ՝ Նժդեհ իր յեղափոխական մկրտութեան հարազատ աւազանը գտաւ Դաշնակցութեան մէջ եւ միացաւ անոր շարքերուն։ Յատկապէս Ռոստոմի օրինակը առաջնորդող տեղ եւ նշանակութիւն ունեցաւ Նժդեհի կեանքին մէջ։ Ռոստոմի յորդորով ալ միացաւ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան հաստատած զին-ւորական վարժարանին, փայլուն աւարտեց զայն եւ վերադարձաւ Թիֆլիս։

Իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Դաշնակցութեան դէմ ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքին հետեւանքով։ Եւ երբ 1912ին անպարտ արձակուեցաւ եւ 1913ին բռնկեցաւ Պալքանեան Պատերազմը, Նժդեհ փութաց ստանձնելու հրամանատարութիւնը Դաշնակցութեան կազմած հայկական զօրագունդին, որ պուլկար յեղափոխականներու կողքին պատերազմի դաշտ նետուեցաւ օսմանեան զօրքին դէմ։ Պալքանեան Պատերազմը արեան մկրտութիւնը եղաւ ռազմագէտ Նժդեհի, որ իբրեւ Դաշնակցական Զօրավարի հռչակուեցաւ՝ իր քաջութեամբ ու ռազմավարական-կազմակերպական տաղանդով։ Այդ շրջանին նաեւ երեւան եկաւ Նժդեհի անհատականութեան առանձնայատուկ երեսը, որ անոր արտակարգ ինքնավստահութիւնն էր, որուն հետեւանքով բախումներ ունեցաւ նոյնպիսի՛ անհատականութեան տէր Անդրանիկի հետ, որ գլխաւոր հրամանատարն էր հայկական զօրագունդին։
Պալքանեան Պատերազմէն սկսեալ, անցնելով Հայ Կամաւորական Երկրորդ Գունդի հրամանատարութենէն ու 1918ի Մայիսեան Հերոսամարտներու ընթացքին իր առանձին ջոկատով գործած սխրանքներէն, եւ յանգելով 1919-1921 Լեռնահայաստանի գոյապաքարին փառապանծ ղեկավարման, Գարեգին Նժդեհ արժանաւորապէս մարմնաւորեց Դաշնակցական Զօրավարի հերոսական կերպարը։

Հայաստանի վերջնական խորհրդայնացումէն ետք Նժդեհ հաստատուեցաւ ու գործեց Պալքաններու մէջ։ Նժդեհ ոչ միայն ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ Պալքաններու տարածքին Դաշնակցութեան կազմակերպական հզօրացման մէջ, այլեւ՝ պատմական նշանակութեամբ հայապահպանման գործ կազմակերպեց եւ ղեկավարեց, Ամերիկայի տարածքին ցրուած հայութեան բեկորներուն մէջ՝ Դաշնակցութեան դրօշին տակ իր առաջացուցած Ցեղակրօն շարժումով։

Օտար ափերու վրայ ուծացման, ինքնալքութեան եւ վերջնական ձուլման դատապարտուած տարագիր հայութեան ցիրուցան բեկորները ի մի բերելու, զանոնք հայկական հպարտութեամբ զինելու եւ Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքով պահպանելու նպատակով՝ Նժդեհ 1933ին իբրեւ գործիչ ուղարկուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր եւ հիմը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ցեղակրօն Ուխտերուն, որոնք հետագային դարձան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կորիզները։

Պալքաններ վերադառնալէ ետք, Նժդեհի ուժեղ անհատականութեամբ դաշնակցական ղեկավար գործիչը կազմակերպական բախումներ ունեցաւ օրուան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին հետ։ Հետեւանքը եղաւ Պալքաններու Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան պառակտումը՝ նժդեհական եւ հականժդեհական թեւերու միջեւ։ Նժդեհի գլխաւորած Կեդրոնական Կոմիտէն ըմբոստացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին դէմ ու Դաշնակցութենէն հեռացուեցաւ։ Իսկ «ցեղակրօնութիւնը» դարձաւ գաղափարական պառակտումի բաժանարար գիծը։

Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան, Դաշնակցութենէն դուրս գտնուելով եւ իր ուրոյն ցեղակրօն կազմակերպութիւնը կեանքի կոչելով հանդերձ՝ Նժդեհ իրողապէս ղեկավարեց Պալքաններու դաշնակցական ընտանիքը։ Իբրեւ այդպիսին գործակցեցաւ Նացիներուն հետ եւ պաշտպանեց Պալքաններու հայութիւնը թէ՛ խորհրդային եւ թէ թրքական ոտնձգութեանց ու սպառնական վտանգներու դէմ։ Իսկ երբ Սեպտեմբեր 1944ին Կարմիր Բանակը գրաւեց Պուլկարիան եւ պատերազմը աւարտեցաւ Նացիներու պարտութեամբ, Նժդեհ փախուստ չտուաւ եւ մինչեւ Դեկտեմբեր 1944ին խորհրդայիններու կողմէ իր ձերբակալութիւնը՝ շարունակեց պաշտպան կանգնիլ Պալքաններու հայութեան։

1947ին խորհրդայինները Մոսկուա տեղափոխեցին Նժդեհն ու անոր բախտակից դաշնակցական գործիչները։ 1948-1952 Նժդեհ պահուեցաւ ծայր աստիճան «վտանգաւոր» նկատուած «բանտարկեալ» ներու Վլատիմիր բանտը։ 1952ին մէկուկէս տարիով ղրկուեցաւ Երեւանի բանտը, բայց 1953ին վերստին տարուեցաւ Վլատիմիրի բանտը, ուր եւ մահացաւ 21 Դեկտեմբեր 1955ին։

Նժդեհի հետ դաշնակցականներու ամբողջ փաղանգ մը ինկաւ խորհրդայիններու ձեռքը։ Սիպիր աքսորուած դաշնակցական գործիչներէն շատեր ազատ արձակուեցան խրուշչովեան ձիւնհալի օրերուն։ Անոնց Սփիւռք գալով վերագնահատումի արժանացաւ Պալքաններու դաշնակցական կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Եւ երբ Նժդեհի բանտակից ընկերոջ՝ դաշնակցական ծանօթ գործիչ Յովհաննէս Տեվէճեան եւ տարիներու գործակից Կարօ Գէորգեան հրապարակեցին Նժդեհի մահուան գոյժը, Դաշնակցութիւնը վերականգնեց իր մեծ գործիչին արժէքն ու տեղը Հ.Յ.Դ. պատմութեան եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ։

Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցակա՛ն մարմնաւորումը հանդիսացող Գարեգին Նժդեհի մահուան տարելիցին ոգեկոչումը թող ըլլայ հաղորդութեան առիթ մը՝ վերանորոգուելու համար անոր մտքերու անլռելի զանգակատունով.

– Երբե՛ք, առանց Սիւնիքի՝ առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին, մեր ամբողջական Հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող։

– Ոմանք արեւը միայն խաւարման ժամանակ են նկատում:

– Չի կարելի օգնել այն ընկածին, եթէ նրան պակասում է ինքնօգնութեամբ ոտքի կանգնելու կամքը:
– Երկու բան պէտք է լցնի մարդու հոգին հիացմունքով ու յարգանքով՝ աստղալից երկինքը գլխի վերեւում եւ բարոյական օրէնքը սրտի մէջ:

– Շղթաների մէջ ծնւում, ապրում եւ մեռնո՞ւմ ես, դո՛ւ ես մեղաւոր, որովհետեւ թոյլ ես.
– Քրիստոնէական սիրոյ խորհուրդը ամբողջ դարեր պատճառ է դարձել մեր ժողովրդի անօրինական ողբերգութեան:
– Իրաւունքը ուժի հասկացողութիւն է, այլ ոչ տրամաբանական:

– Մի ժողովուրդ, որի որդիները հաւասար չեն օրէնքի եւ մահուան առջեւ՝ յաղթական հայրենիք չի ունենայ:
– Կրօնների պէս հայրենիքներն էլ պահանջում են, որ իրենց սպասարկողի ձեռքերը լինեն տաք եւ մաքրամաքուր:
– Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը՝ վերադաստիարակութիւնն է:
– Իւրաքանչիւր ազգի պարտականութիւնը մարդկութեան հանդէպ նախ եւ առաջ դրսեւորւում է սեփական ազգի կենսունակութեան պահպանման եւ սեփական մշակոյթի զարգացման ձեւով:

– Քննադատել՝ հոգեպէս տառապել է նշանակում:

– Իմ ազգային դաւանանքը թոյլ չի տալիս թշնամանք տածել դէպի ոեւէ հայ մարդ:
– Աւելի լաւ է հայ մարդը համր լինի, քան օտարախօս:

Ն.

1