Ակնարկ. Ուղերձը Հասած Է
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Վերլուծական » Ակնարկ. Ուղերձը Հասած Է

Ակնարկ. Ուղերձը Հասած Է

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին կողմէ տարածքային պահանջներու վերաբերող յայտարարութիւնը աննկատ չէ անցած թրքական կողմէն: Նախ, թրքական մամուլի մէկ ներկայացուցիչն էր, որ շատ զուսպ եւ զուտ լրատուական սահմաններուն մէջ կ՛անդրադառնար հարցին` ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ թուրք պետութիւնը կամ առհասարակ թրքական դաշտը խնամքով անուշադրութեան կ՛ուզէ մատնել կարեւոր այս յայտարարութիւնը:

 

Նման յայտարարութեան մը հակազդելու առումով բաւական ուշացած համարուող հակադարձութիւնը ի վերջոյ երեւցաւ:

 

«Հայաստանի յաւակնութիւնները թուրքական հողերի նկատմամբ» հակասում են այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւնների սկզբունքներին, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ն, որոնց անդամն է հանդիսանում պաշտօնական Երեւանը` ասւում է Թուրքիայի արտաքին գործերի յայտարարութիւնում, որն այսօր հրապարակուել է գերատեսչութեան կայքում:

 

Երեւանում յուլիսի 5-ին անցկացուած Իրաւաբանների համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքում Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը յայտարարել էր, որ Հայաստանը պէտք է Թուրքիայից վերադարձնի իր կորցրած տարածքները:

 

Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութեան յայտարարութիւնում ասւում է, որ «Հայաստանի կառավարութեան այդպիսի աստիճանի պաշտօնական անձի նման յայտարարութիւնը խօսում է Հայաստանում տիրող խնդրայարոյց մտայնութեան մասին »:

 

«Բոլորը պէտք է յստակ հասկանան, որ ոչ ոք չունի Թուրքիայից հողեր պահանջելու իրաւունք», ասւում է հաղորդագրութիւնում:

 

Նախ պէտք է ըսել, որ հակադարձութիւնը ուշացած է: Երեւանի մէջ գումարուած իրաւաբաններու ժողովի թուականը 5 յուլիսն է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 8 օր սպասած է իր հակազդեցութիւնը իր պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրելու:

 

Երկրորդ արագ նկատուող երեւոյթը հակազդեցութեան եղանակն է: Նշենք, որ հակազդեցութիւնը ըստ ձեւի կատարուած յատուկ յայտարարութիւն չէ: Երկրորդ` արտաքին գործոց նախարարի ճամբով չէ, այլ նախարարութեան բանբերի: Երրորդ` նոյնիսկ բանբերը ոչ թէ տարածաշրջանային խնդիրներուն անդրադառնալով խօսած է այս մասին, այլ պատասխանած է լրագրողի մը հարցումին:

 

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին թրքերէն բաժինը լուրը տեղադրած էր շաբաթ, 13 յուլիսին: Անգլերէն բաժինին վրայ թարգմանութիւնը երեւցաւ մէկ օր ետք:

 

Այսինքն` 5 յուլիսէն 14 յուլիս պաշտօնական Անգարան նախընտրած էր լուռ մնալ: Թերեւս շարունակուէր լռութիւնը, եթէ լրագրող մը այդ մասին հարցում չընէր: Այստեղ պէտք չէ բացառել պատուէր-հարցումի հաւանականութիւնը, հարցին մասին ուշացումով, երկրորդ մակարդակով եւ ոչ թէ յատուկ, այլ ի միջի այլոց անդրադառնալու համար:

 

Գլխաւոր դատախազի յայտարարութեան մէջ կար բաժին նաեւ հայ-թրքական սահմանի վիճելի ըլլալուն մասին. «Մենք տարածքային վէճեր ունենք ինչպէս Թուրքիայի, այնպէս նաեւ Ազրպէյճանի հետ»: Թուրք բանբերը այս բաժինը ճիշդ ընկալած էր ու վերարտադրած էր եւ ըսած, որ ըստ գլխաւոր դատախազին, հայ-թրքական սահմանը երբեք իրաւականօրէն չէ հաստատուած:

 

Թէկուզ` ուշացած հակազդեցութեամբ, թէկուզ` երկրորդ մակարդակով, թէկուզ` պատահական հարցումի պատասխանելով, այսուհանդերձ յստակ է, որ Հայաստանի պետական ուղերձը տեղ հասած է: Այդ ուղերձը հայ-թրքական ներկայ սահմանը չճանչնալն է, տարածքներու պահանջն է եւ առհասարակ մեր պահանջատիրութեան անթերի իրաւականացման սկիզբն է: Պաշտօնական Անգարան հասկցած է նաեւ, որ այս գլխաւոր դատախազին անձնական համոզումը չէ: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը նշէր, որ գլխաւոր դատախազը այս յայտարարութիւնը կատարած է 5-6 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ իրաւաբաններու համահայկական համաժողովին, որուն բացումը կատարուած է նախագահ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքով: Այո՛. ուղերձը յղուած է բարձրագոյն մակարդակէ եւ տեղ հասած անշուշտ: Երեւանը վիճելի կը նկատէ հայ-թրքական սահմանը եւ տարածքներ կը պահանջէ Թուրքիայէն:

 

aztagdaily.com

1