«Ազդակ»-ի Խմբագրական. Խանասորը Կը Յուշէ Քրտական Գործօնի Շահագործման Վտանգը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » «Ազդակ»-ի Խմբագրական. Խանասորը Կը Յուշէ Քրտական Գործօնի Շահագործման Վտանգը

«Ազդակ»-ի Խմբագրական. Խանասորը Կը Յուշէ Քրտական Գործօնի Շահագործման Վտանգը

(Խանասորի Արշաւանքին 120-ամեակին Առիթով)

Խանասորայ արշաւանքին պատճառականութեան վերլուծման որեւէ փորձ անպայման կը նկատէ քիւրտ ազգաբնակչութեան հերթական շահագործումը օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ:

Հայկական կողմը որքան ալ գիտակից ըլլար այս իրականութեան, այսուհանդերձ պատժիչ գործողութիւն կազմակերպելը անհրաժեշտութիւն էր զգաստութեան հրաւիրելու եւ հետագայ շահարկումները եթէ ոչ ամբողջովին չէզոքացնելու, այնուամենայնիւ դժուարացնելու համար:

Քրտական գործօնը այսօր եւս (եւ այս անգամ աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ) շահարկման խաղաթուղթ է: Քիւրտիստանի ինքնավարութիւն, քրտական զինեալ խմբաւորումներ, հանրաքուէ, անկախ պետութիւն դառնալու քայլեր եւ նման իրադրութիւններ` կը շահագործուին այս կամ այն գերտէրութեան կողմէ, որոշ երկիրներու պարագային տարածքային ամբողջականութիւնները խախտելու, այլ տեղեր իբրեւ ճնշամիջոց եւ սպառնալիք ազդեցութիւն բանեցնելու ուղղութիւններով:

Քրտական գործօնին հետ մենք` իբրեւ հայկական կողմ, հաշուի նստելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք: Մեր երկրին դրացնութեամբ ինքնավարութենէն դէպի անկախութիւն ընթացող Քիւրտիստան մը այսօր ինքզինք կը յայտնէ աշխարհի քարտէսին վրայ եւ կը պարտաւորեցնէ ռազմավարական հայեցակարգեր ճշդել նոր իրականութիւնը նկատի ունենալով: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ առեւտրական գործերու համար ներկայացուցչութիւն հաստատելը զուտ տնտեսական նպատակներ չի հետապնդեր բնականաբար:

Քիւրտերը սակայն կը թուի, որ թրքական կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ շահարկուած ըլլալու գիտակցութիւնը նուաճած են եւ պատմական փորձառութենէ մեկնած միեւնոյն դրոյթներու մէջ չեն ուզեր գտնուիլ: Պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ համաքրտական միանշանակ մօտեցում եւ դիրքորոշում գոյութիւն չունի քիւրտերուն հետ կապուած ամէնէն կարեւոր հիմնահարցերուն նկատմամբ: Առ այս պահը չէ գոյացած համաքրտական միացեալ քաղաքական փլաթ ֆորմը, որուն միջոցով հիմա իրեն զինուորաքաղաքական աշխատանքները պիտի համակարգեն բոլոր հոսանքներն ու խմբաւորումները:

Անգարայի վարիչներուն կողմէ սակայն քրտական եւ հայկական գործօններու դերակատարութիւններու համահաւասարեցման վերջին փորձը` խորհրդարանին մէջ արգիլելու «Հայոց ցեղասպանութիւն», «Քիւրտիստան» եզրոյթներու օգտագործումը, կը նախանշէ նաեւ հայ-քրտական յարաբերութիւններու որոշ ուղղութիւններու ներդաշնակումի հրամայականը:

Անհաւանական չէ, որ Անգարան վերստին դիմէ պատմական իր փորձառութեան, ո՛չ միայն ներքրտական հակասութիւններ յառաջացնելու, պառակտելու եւ այդ ճամբով այդ գործօնի ազդեցիկութիւնը չէզոքացնելու նպատակով, այլ նաեւ հայ-քիւրտ հակասութիւններ ստեղծելու: Քիւրտ ղեկավար Օճալանի կողմէ գրուած (պահանջուած-պատուիրուած) բաց նամակը` ուղղուած հայ ժողովուրդին, այդ հաւանականութեան նախադրոյթները կը պարփակէ իր մէջ: Յատկապէս, երբ կոչ կ՛ուղղէ կայսերապաշտական ուժերու չծառայելու եւ ատով իսկ դադրեցնելու լոպիիստական աշխատանքները:

Քիւրտերը պատմական տխուր էջերը դարձուցած ըլլալու հրամայականին առջեւ են. անոնցմէ շատեր հրապարակայնօրէն խոստովանած են թուրքերու կողմէ հայերուն դէմ շահագործուած ըլալու փաստերը:

Այսօր, տարբեր տարածքներու վրայ ինքնավար Քիւրտիստաններ իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն աշխարհի ուշադրութիւնը: Թէ՛ Երեւանը, թէ՛ սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւնները քրտական գործօնին ստացած նոր դերակատարութեան մասին հաշուարկներ կը կատարեն անպայման եւ ըստ այնմ կը մշակեն իրենց ռազմավարական մօտեցումները: Իսկ Պոլսոյ մէջ, թրքական խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին կողք-կողքի կը պայքարին քիւրտերու եւ հայերու ներկայացուցիչները:

Խանասորի քաղաքական այժմէական վերլուծման փորձը կը յուշէ քրտական գործօնի հերթական անգամ չշահագործուելու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com

1