«Ազդակ»ի Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » «Ազդակ»ի Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

«Ազդակ»ի Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

Ժամանակ յղացքը յարափոփոխութիւն կը յառաջացնէ նաեւ եզրաբանութիւններու ընկալումի մակարդակով: Տուեալ ժամանակաշրջանի հասարակագիտութիւնը, բնականաբար աշխարհաքաղաքական օրակարգի հետ կապուած զարգացող գործընթացներու առընթեր փոփոխութեան կ՛ենթարկէ երեւոյթներ բացատրելու բառագիտութիւնը: Առանց տարբեր ոլորտներու վերաբերող երեւոյթներու յատուկ եզրաբանութեան օրինակներով տարածուելու, կեդրոնանանք մասնակի բառերու վրայ` ըսելու համար, որ յեղափոխութիւն բառը նոյն իմաստը չունէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան. նոյնը ապստամբութիւնը, աւելի մասնակիացնելով նաեւ ահաբեկչութիւնը:

Այս խոհերը մեր մտածողութեան առանցքին կը յայտնուին, երբ ապստամբութիւն բառակապակցութեամբ կ՛ուզենք բնութագրել 1921-ի փետրուարի ժողովրդային ընդվզումը: Ըստ էութեան միեւնոյն մղումներով էր, որ կը յառաջանային 1921-ի ընդվզումը համայնավարական նորահաստատ կարգերուն եւ 1988-ի փետրուարեան շարժումը` ազրպէյճանական բռնատիրութեան դէմ:

Ինչպէս նկատելի է արդէն, 1988-ի փետրուարեան շարժումին քաղաքականօրէն չ՛օգտագործուիր ապստամբութիւն եզրը: Երկուքն ալ համաժողովրդային ընդվզումի արդիւնք` տիրող վարչակարգի դէմ դէպի զինեալ ապստամբութիւն գացող շարժումներ էին, որոնց նպատակը հայ մարդու եւ անոր հայրենիքին ազատագրումն էր: Ընկերային-հասարակական եղելոյթներ բնութագրող բառերը ունին իրենց քաղաքական հիմնաւորումները, որոնք տուեալ ժամանակին եւ պայմաններուն օրինաչափութիւնները կը կրեն:

Երանգային-իմաստային տարբերութիւն գոյութիւն ունի անհնազանդութեան եւ ապստամբութեան միջեւ: Մինչ, քաղաքացիական անհնազանդութիւնը կը վերաբերի օրէնքի խախտումի, իրաւապահ մարմիններու որոշումներուն չենթարկուելու եւ նոյնիսկ բռնարարքներով խուլիկանական քայլերու դիմելու, ապստամբութիւնը աւելի կազմակերպ զինեալ գործողութիւններու ընդհանրութիւն է, յեղափոխական արարք` դասական ըմբռնումով:

Ազգային-աւանդական ըմբռնողութեամբ ժողովուրդները կ՛ապստամբին, զէնքի կը դիմեն, բռնամիջոց կը կիրարկեն զիրենք ազատազրկող, իրենց հայրենիքը գրաւող, իրենց անկախ ապրելու իրաւունքը խլող օտար բռնատիրութիւններու դէմ: Իսկ 21-րդ դարու ներկայ պայմաններուն մէջ, քաղաքացիական անհնազանդութիւնը, օրէնքի խախտումը, խուլիկանական արարքներու դիմելը կը հարուածեն իրաւական պետութիւն կերտելու առաջադրանքի իրականացումը:

Փետրուարեան խորհուրդներուն մէջ սերտ առնչութիւն ունին ուրեմն 1921-ի փետրուարի եւ 1988-ի արցախեան ապստամբութիւնները: Կայ հարազատութիւն մարդկային-ազգային մղումներու, ինքնակազմակերպուելու, համաժողովրդայնացնելու, օտար բռնատիրութիւնը մերժելու, բռնի կերպով հաստատուած կարգերը տապալելու, կառավարման ազգային համակարգը վերադարձնելու առումով:

Տարին կը յատկանշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յոբելեանով: Փետրուարեան ապստամբութիւնը մէկ կարեւոր էջն է հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի աւարտին: Քաղաքականացուած պատմագրութեան կողմէ արկածախնդրութիւն որակուած համաժողովրդային ծառացումի պատմական այս փուլը վերստին լոյսին կու գայ տարբեր առիթներով անպայման: Համաձայնութիւնները խախտած նոր հաստատուող բռնատիրութեան դէմ ժողովրդային ապստամբութեամբ կառավարութիւնը վերաազգայնացուցած այս շարժումի գաղափարական-պատմագիտական արժեւորումը մերօրեայ իրադարձութիւններուն կարեւոր ուղերձներ կը փոխանցէ վստահօրէն, յատկապէս արցախեան շարժումին հետ խորհուրդներու համատեղելիութիւններ ընդգծելով:

1