«Ազդակ»ի Խմբագրական. Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան Հերթական Փայլատակումը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » «Ազդակ»ի Խմբագրական. Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան Հերթական Փայլատակումը

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան Հերթական Փայլատակումը

Փետրուարի 8-ը Սուրբ Վարդանանց զօրավարների և 1036 վկաների հիշատակութեան օր

Վարդանանց պատերազմի երեւոյթը պէտք է փորձել դիտարկել մեր համազգային փիլիսոփայութեան, ազգի շարունակականութեան ապահովման համար ամէն տեսակի միջոցներու դիմելու անտեղիտալի վճռակամութեան հերթական առարկայացման մէջ: Հերթական այն առումով, որ միեւնոյն ամբողջականութեան յաջորդ անմիջական փուլը Վահանեանց շարժումն է եւ Նուարսակի դաշնագիրի յաղթանակը:

Եւ եթէ Վարդանանք-Վահանեանց ճակատամարտ-փարթիզանական կռուելաձեւ հասկացողութիւններու մէկ ամբողջականութիւնը շրջագծենք, ապա յաղթանակը բարոյականէն անդին ամրագրուած կ՛երեւի նաեւ առարկայական առումով:

Այս ամբողջականութեան մէջ պէտք է տեսնել նաեւ այդ օրերուն հայկական գործօնի դերը` աշխարհագրական դիրքի, ազգի շարունակականութիւնը ապահովելու, միջքաղաքակրթական պատերազմներու մէջ ազգային ինքնուրոյն գօտիի պահպանման համար:

Ո՛չ միայն մեր հայրենիքը, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանը քաղաքակրթական այլ դիմագիծ կը ստանար, եթէ չըլլար Վարդան-Վահան տարբեր ոճերու, սակայն ըստ էութեան միեւնոյն նպատակով մղուած ազատագրական պատերազմը:

Տարին ըլլալով յոբելենական, ենթակայական եւ առարկայական ներշնչումներ կը ստեղծէ պատմական իրադարձութիւնները դար մը առաջ արձանագրուած ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու խորհուրդներուն ներքոյ դիտարկելու: Եւ այս պարագային անմիջապէս նկատելու, որ տարածաշրջանը ամբողջ քաղաքակրթական տարբեր դիմագիծ եւ համապատկեր կ՛ունենար, եթէ չըլլային մայիսեան ծառացումները: Անոնք արգելակեցին, որ Թուրքիան մեր հայրենիքին վրայով աշխարհագրականօրէն կապուի համաթուրանական միւս ցեղերէն բաղկացած երկիրներուն` հիմնովին դիմափոխելով ամբողջ շրջանը:

Ըստ կարելւոյն ազգային եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու եւ աշխարհագրականօրէն բարդագոյն դիրքերու մէջ գտնուելով, նրբագոյն ձեւով այս կամ այն գերտէրութեան պարտադրած կախեալութիւններէն դուրս գալու միտումներ դրսեւորելու դիւանագիտական արուեստը միշտ զուգորդուած է դարերու ընթացքին մեր հայրենիքի թագաւորական, եկեղեցական եւ պետական իշխանութիւններուն կողմէ:

Համընդհանուր ճակատամարտէն առաջ Վարդանանք` Արտաշատ-Տիզպոն եռուզեռով յատկանշուած մագոգային դիւանագիտութեամբ փորձեցին շրջանցել բախումը եւ քաղաքական լուծումով պահպանել ինքնուրոյնութիւնը: Այդ միջոցներու սպառումէն ետք էր միայն, որ հայկական կողմը առաջնորդուեցաւ պատերազմի ընտրանքին: Համընդհանուր բախման եւ անոր թողած հետեւանքներէն ետք էր միայն, որ հայկական կողմը գնաց փարթիզանական կռուելաձեւը որդեգրելու որոշումին:

Նախքան բախումները ուրեմն, Արտաշատի մէջ հաւաքուած հայ ազգային-պետական-եկեղեցական վերնախաւը համակողմանի դիւանագիտութեամբ աշխատեցաւ կիրարկել փոխլրացուցիչ, հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւն: Փոխանակ բախումի, տարբեր քաղաքակրթութիւններ կամրջելու եւ այդ կամրջումով ինքնուրոյնութիւն, ինքնատիպութիւն եւ հայու տեսակի պահպանումն ու շարունակականութիւնը ամրագրելու փիլիսոփայութիւնը կենսագործելու:

Հազարամեակներ ետք քաղաքական այդ փիլիսոփայութիւնը կը շարունակէ մնալ առանցքը մեր արտաքին քաղաքականութեան: Միեւնոյն աշխարհագրական դիրքը, կախեալութեան միեւնոյն վտանգը, քաղաքակրթութիւններ կամրջելու միեւնոյն մղումները, բայց նաեւ միջոցներու սպառման պարագային Վարդանանց նման ծառանալու պատրաստուածութիւնը: Տիզպոնը կրնայ վերանուանուիլ Անգարա-Պաքու, Թեհրան, Մոսկուա, Ուաշինկթըն, Սթրազպուրկ. Արտաշատը` Երեւան, Ստեփանակերտ եւ սփիւռքեան կեդրոններ: Աւարայրը` Սարդարապատ, Շուշի, Վարդանանքն ու Վահանեանք` Արամ Մանուկեան, Դրօ, Վարդան Դուշման կամ Բեկոր Աշոտ: Բոլորը` պահպանելու համար հայրենի տարածքներն ու ապահովելու ազգի շարունակականութիւնը:

aztagdaily.com

1