«Ազդակ»ի Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր Դ.
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » «Ազդակ»ի Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր Դ.

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր Դ.

Արցախի Անկախութեան 100-ամեակ

Մեր դրացի ոխերիմ հակառակորդ Ազրպէյճանը եւս կը նախապատրաստուի նշելու իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Ծայրայեղ միամիտ պէտք է ըլլալ չկանխատեսելու համար, որ Պաքուն այս առիթը բաց պիտի թողէ չշահարկելու համար Արցախի հարցը:

Ազրպէյճանի անկախութիւնը մայիս 27-ին է. Պաքուի պաշտօնական այն մօտեցումը, որ Ազրպէյճան իր անկախութիւնը կը նշէ մայիս 28-ին, կը մատնէ արդէն որոշակի մարտավարութիւն:

Անմիջապէս այստեղ կը մտաբերենք մեր միւս դրացիին` Անգարայի քարոզչաքաղաքական գործողութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կատարած հակաքայլը` Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի նշումը: Այստեղ ալ կատարուած էր օրերու դիտումնաւոր համընկնում` հակաքայլով մեկուսացնելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակը միջազգային հարթութեան վրայ: Անգարայի այս մարտավարական խաղը ձախողութեան մատնուեցաւ:

Միջազգային ընտանիքին առջեւ ինքնորոշուած եւ անկախութիւն հռչակած Արցախի համար անկախութեան 100-ամեակի նշումը իրաւաքաղաքական յատուկ նշանակութիւն կրնայ ունենալ:

Պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ քաղաքական տրամաբանութեամբ հասկնալիօրէն ներառուած չէ Արցախը: Ստեփանակերտը ներազգային մակարդակով անպայման առաջին Հանրապետութեան կերտումի 100-ամեակը նշելու բոլոր օրինաչափութիւնները ունի. զուտ իրաւաչափօրէն սակայն, Արցախը կրնայ նախապատրաստուիլ նշելու համար իր անկախութեան 100-ամեակը:

1918-ին, Անդրկովկասեան երկիրներու անկախացման օրերուն, ճիշդ է որ Արցախը մաս չկազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն, բայց նաեւ մաս չկազմեց Ազրպէյճանին: Իրողապէս Արցախը ղեկավարուեցաւ Ազգային խորհուրդով. այսինքն` անկախ ղեկավար մարմինով:

Պատմական այս փաստացի իրողութիւնը կրնայ մղել, որ Արցախը եւս իր անկախութեան 100-ամեակի նշումներուն նախապատրաստուի: Ճիշդ է, որ միջազգային օրէնքներու ընդառաջման հարց չկար, չկար նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի եւ հանրաքուէի խնդիր, այսուհանդերձ կար մերժում Ազրպէյճանին միանալու, առաջադրանք Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու եւ իբրեւ փաստ կար իրողապէս անկախ կառավարուող միաւոր:

Այս անկախութիւնը կարեւոր է Արցախի համար. նոյնքան նաեւ փաստի ընդգծումը` անկախացած Ազրպէյճանին մաս չկազմելու: Որմէ նաեւ ստալինեան բռնակցումի հակաօրինականութիւնը եւ կանխարգիլումը Պաքուի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շահարկման:

Կանխատեսելով հակառակորդի շահարկումը եւ ամենայն հաւանականութեամբ այդ շահարկումին միջազգային արձագանգի փորձի ապահովումը, Արցախի վերաբերող պատմական այս փաստին ներկայացումը, արծարծումը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական հիմնաւորումներով աւելի քան անհրաժեշտ են եւ նշուած պատճառներով նաեւ` ռազմավարական:

Պատմական ժամանակահատուածը լուսարձակի տակ բերելը խորապէս կը նպաստէ, որ ժամանակակից պատմութեան տարբեր փուլերուն Արցախը, բացի հակաօրինական բռնակցումի ժամանակահատուածէն, եղած է անկախ. թէ՛ մօտիկ անցեալին, իրողապէս, երբ չէին գործեր միջազգային այսօրուան օրէնքները եւ թէ՛ քսանհինգ տարի առաջ` ժողովրդավար հասարակարգերու յարիր միջազգայնօրէն ճշդուած եղանակներով:

aztagdaily.com

1