Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Արեւմտահայ վէպի մեծատաղանդ վարպետն ու հայ գրականութեան խիզախ եւ ազատախոհ կինը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Արեւմտահայ վէպի մեծատաղանդ վարպետն ու հայ գրականութեան խիզախ եւ ազատախոհ կինը

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Արեւմտահայ վէպի մեծատաղանդ վարպետն ու հայ գրականութեան խիզախ եւ ազատախոհ կինը

Փետրուար 5ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մեծատաղանդ ու բացառիկ դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի։

Զապէլ Եսայեան իր մնայուն տեղը ունի Հայոց Մեծերու համաստեղութեան մէջ ոչ միայն իբրեւ տաղանդաւոր կին գրող ու հոգեվերլուծական վիպագրութեան մեծատաղանդ վարպետ, այլեւ՝ իբրեւ խիզախ եւ ազատամիտ յառաջապահը հայ կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան, յատկապէս սեռային իրաւահաւասարութեան, մտաւորական անկաշկանդ զարգացման եւ ազգային-ընկերային լիարժէք առաքելութեան։

Զապէլ Եսայեանի կը պատկանի աւելի քան դար մը առաջ մեր ժողովուրդին ուղղուած այն պոռթկումը, թէ՝

«Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»։

Նոյնպէս Զապէլ Եսայեանի գրչին կը պատկանի «Մարդկային հոգին» վերծանող խորհրդածութեանց շարքին այն պատգամաշունչ ընդհանրացումը, որուն համաձայն՝

«… մարդիկ, որ բացառապէս կ’ապրին իրենց հոգիով, անմիջապէս կը ճանչցուին իրենց գործերուն, զգացումներուն, շարժումներուն ինքնաբուխ, միամիտ ու յստակ պարզութեամբը։ Անոնց հոգին կը շողշողայ իրենց դէմքին վրայ, կը ճառագայթէ անոնց անձէն դուրս, կ’երգէ ու կը ժպտի եւ մարդ անասունը կը բարձրացնէ իր բարձրագոյն ոլորտին, թեւեր կու տայ անոր ու կարծես անզգալի կը դարձնէ մարդկային ստորնաքաշ պայմաններու ճակատագրական նուաստութիւնը։ Ի՜նչ փոյթ այն ատեն, որ անհամար դիպուածներու դասաւորում մը զայն դրած է այսինչ կամ այնինչ ընկերական դիրքին մէջ. ի՜նչ փոյթ թէ ֆիզիքական ի՞նչ կերպարանքով մարմնացած է անիկա։ Աստուած իր մատը դրած է անոր ճակատին վրայ, անիկա ճշմարիտ ընտրեալներէն մէկն է ու կ’ապրի, կ’անհետանայ այս աշխարհէն, լուսաւոր հետք մը ձգելով իր ճամբուն վրայ»։

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ ապրող Յովհաննէսեաններու բարեկեցիկ յարկին տակ ծնաւ Զապէլ Եսայեան, 5 Փետրուար 1878ին։ Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Պոլսոյ Ս. Խաչ վարժարանին մէջ եւ 1895ին գնաց Փարիզ՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Յաճախեց Սորպոնի համալսարանը, բազմակողմանի զարգացման տիրացաւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ եւ ուսումը աւարտեց փայլուն արդիւնքով։ Փարիզի մէջ ալ ամուսնացաւ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ գրական ասպարէզ մուտք գործեց Զապէլ Եսայեան ստորագրութեամբ։

Մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, Փարիզ ապրելով եւ ստեղծագործելով, Զապէլ Եսայեան իր առաջին գործերը լոյս ընծայեց Արշակ Ջոպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» գրական հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պարբերականներու մէջ։ Այդ շրջանի իր երկու ուշագրաւ գործերն են «Սպասման սրահին մէջ» (1903) եւ «Շնորհքով մարդիկ» (1907) վէպերը։

Իր գեղեցկօրէն մշակուած ու յղկուած արեւմտահայերէնով, պարզ ու հաղորդական, այլեւ խորազգած ոճով եւ ազգային, քաղաքական ու հասարակական, յատկապէս կանանց իրաւունքներու եւ ազատագրումին առ ի պաշտպանութիւն խիզախ պատգամով՝ Զապէլ Եսայեան արդէն ուշադրութիւն գրաւած հեղինակ էր, երբ 1908ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերադարձաւ Պոլիս եւ լծուեցաւ գրական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։

Շռնդալից ազդեցութիւն գործեց 1909ին լոյս տեսած իր «Կեղծ հանճարներ» վէպը, ուր անխնայ հեգնանքի նշաւակ դարձուցած էր այլապէս հայ գրականութեան իւրօրինակ ու տարօրինակ հսկաներէն Տիրան Չրաքեանը՝ ԻՆՏՐԱն։

Zabel Yesayan – Զապէլ Եսայեան
3 июня 2017 г. ·
Zabel Yesayan in Adana, 1909 (source: Armenian weekly)

1909ին, Ատանայի կոտորածներուն առիթով, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց ջարդի պատասխանատուները բացայայտող Քննիչ Յանձնախումբին։ Մօտէն իրազեկ դարձաւ ոչ միայն հայոց ողբերգութեան, այլեւ՝ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայութեան մեծ տառապանքին թրքական բռնատիրութեան ներքեւ։ Այդ ամբողջը գրականօրէն յաւերժութեան յանձնեց 1911ին լոյս տեսած իր «Աւերակներու մէջ» վէպով, որ կը նկատուի իր կարեւորագոյն գործերէն մէկը։

Եղեռնի նախօրեակին, Պոլսոյ հայ կեանքին եւ յատկապէս գրական-մշակութային մեծ զարթօնքին գլխաւոր դրօշակիրներէն եղաւ Զապէլ Եսայեան։ Գեղապաշտ սերունդի յառաջապահներէն էր, միաժամանակ՝ իր պատկանած Դաշնակցութեան Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերէն հայ ազգային-ազատագրական շարժման գլխաւոր պատգամաբերներուն ամէնէն դիւրահաղորդը եւ ժողովրդականը։

Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան նախօրէին Զապէլ Եսայեան անցաւ Պուլկարիա՝ խոյս տալով թրքական ոստիկանութեան հետապնդումներէն։ Հոնկէ՝ Սեւ Ծովի վրայով անցաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը թէ՛ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ ազգային-քաղաքական բնագաւառներու մէջ։ Այդ շրջանին կարեւոր աշխատակցութիւն բերաւ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրած «Գործ» հանդէսին։ Այդ շրջանին գրեց Սեբաստացի Մուրատի սեւովեան հերոսական ճամբորդութեան նուիրուած յուշավէպը։

Առաջին Աշխարհամարտի վերջին տարին ամբողջապէս նուիրուեցաւ ջարդի ու տարագրութեան հետեւանքով կորսուած հայ որբերը հաւաքելու եւ սեփական ժողովուրդին ծոցը վերադարձնելու Դաշնակցութեան նախաձեռնած դժուարին աշխատանքին։

1919ին, երբ վերըստին հաստատուած էր Փարիզ, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խաղաղութեան համար գումարուած խորհրդաժողովներուն՝ հայոց իրաւունքները յիշեցնելով եւ Արդարութեան մեր պահանջին իրաւատէր կանգնելով։

1920ականներու սկզբնաւորութեան Զապէլ Եսայեան ապրեցաւ իր կեանքին մեծագոյն շրջադարձը։ Նախ՝ ամբողջապէս հիասթափուեցաւ եւրոպական դիւանագիտութենէն եւ մեծապետական շահամոլութենէն, ինչ որ պոլշեւիկեան «արեւածագ»ին նկատմամբ թիւրահաւատութեան մղեց զինք։ Բայց նաեւ թունդ դաւանափոխութիւն ունեցաւ՝ գինիէն դարձած քացախի պէս… ոչ միայն կռնակ դարձուց երէկի իր պաշտամունքին առարկան եղող արժէքներուն, այլեւ՝ կատաղի եւ մաղձոտ պայքար բացաւ անոնց դէմ։

Եթէ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումն ու հայոց նորաստեղծ պետականութեան խորհրդայնացումը, Զապէլ Եսայեան մտաւորականն ու ազգային գործիչը նուիրուեցաւ Աստուծոյ, այնուհետեւ՝ ծառայեց ամբողջապէս Կայսեր, որուն անխնայ հարուածին «արժանացաւ» առ ի «երախտագիտութիւն»… զոհ գնաց 1937ի ստալինեան մաքրագործումներուն։

Զապէլ Եսայեան եղաւ իր ժամանակի արեւմտահայ առաջին գրողն ու ազգային-քաղաքական գործիչը, որ փարիզեան իր հանգիստ կեանքն ու ունեցուածքը ետին ձգեց եւ իր երկու զաւակներով 1934ին փութաց Խորհրդային Հայաստան՝ վերջնականապէս հոն հաստատուելու որոշումով։ Բայց միայն երեք տարի կրցաւ վայելել բերկրանքը հայրենի հողին. 1937ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Ռուսաստանի ծայրամասերը, ուր եւ վախճանեցաւ 1943ին։

Խորհրդայինները այդպէ՛ս, բրտօրէ՛ն, վերջնականապէս լռութեան մատնեցին խիզախ ձայնը Զապէլ Եսայեան Հայրենադարձին։

Ապաժամ ընդհատուեցաւ գրական-ստեղծագործական բեղուն կեանքն ու ազգային-քաղաքական անվհատ գործունէութիւնը մեծատաղանդ հայ գրողին, մարտունակ հայ կնոջ եւ յանդուգն դաշնակցականին՝ Զապէլ Եսայեանին, որուն կորուստը ողբալով մեծն Յակոբ Օշական վկայեց՝

«Մեր գրականութեան մէջ ամէնէն կանացի զգայնութիւնն է անիկա.- քնքշութիւն, գորով, գութ, վայելչութիւն եւ ճաշակ։ Իր գործին երեք մեծ կեդրոնները կազմեցին Փարիզ, Պոլիս, Հայաստան, որոնց գոյները կը պահեն բնականութիւն, որքան տեղական հաստատ նկարագիր։ Զ. Եսայեանի մէջ հայ գրականութեան ամէնէն սխրալի շնորհները, կանացի զգայնութեան ամէնէն սրտայոյզ խռովքները ու մեր ժողովուրդի հոգիին ամէնէն խորունկ սարսուռները իրարու կը միանան։ Անիկա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հաւասար ամրութեամբ ու արդարութեամբ։ Տիկին Եսայեանի գործը ամբողջ մըն է։ Անոր երկու մեծ բեւեռները՝ անհատներու հոգին եւ ժողովուրդներուն հաւաքական զգայնութիւնը ընդմիշտ նուաճուած կը մնան անխորտակելի գործերու մէջ։ Զ. Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ամբողջ յաջողութիւնն է»։

Նաեւ՝ վերապրող հայ ժողովուրդի ուղին լուսաւորող բացառիկ դէմքն է Զապէլ Եսայեան, որ հայ կնոջ ու հայ մօր հոգին թրթռացուց՝ պատգամելով, որ «Մեր հայրերէն մեզի աւանդուած ժառանգութիւններէն ամէնէն շքեղը, ամէնէն իրականը մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ մեծավայելուչ լեզուն է, պէտք է պահպանենք յուզումով, հրայրքով եւ խանդավառութեամբ:

«Ես վստահ եմ, որ կը պաշտպանենք»։

Ն.

1