Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսական Հզօրանքը Խթանելու Տեսլականով. «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ը (Առի) Ներկայացուց Իր Գործունէութեան Զեկուցումը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Սփյուռք » Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսական Հզօրանքը Խթանելու Տեսլականով. «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ը (Առի) Ներկայացուց Իր Գործունէութեան Զեկուցումը

Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսական Հզօրանքը Խթանելու Տեսլականով. «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ը (Առի) Ներկայացուց Իր Գործունէութեան Զեկուցումը

Քանի մը տարի առաջ խումբ մը լիբանանահայ գործարարներ գեղեցիկ գաղափարը յղացան Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական հզօրանքը խթանող բարգաւաճման  գործառնութեան մը  ձեռնարկելու: Տեսլականը շուտով  «ձեւ ու մարմին»  ստացաւ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) անուան տակ եւ զարկ տրուեցաւ Արցախի հիւսիսը` Շահումեանի Քաշաթաղ շրջանի փլատակ Աղաւնոյ գիւղի (համանուն գետի ափին)  վերակառուցման ու բարգաւաճման:  Հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք, այսօր ԱՌԻ-ն «ծլարձակած» է նոր ԱՌԻ-ներ:

 

Այս մասին յատուկ զեկուցման հանդիպում մը կայացաւ երէկ` հինգշաբթի, 6 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու մեծաթիւ անդամներու եւ պատկան պատասխանատուներուն: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի եռամեայ գործունէութեան եւ նուաճումներուն: «Ներկայիս ԱՌԻ-ի մաս  կը կազմեն հարիւր յիսուն բաժնետէրեր, եւ մեծ յոյս ունինք շուտով հիմնելու նաեւ` ԱՌԻ-4-ը» նշեց Սարգիսեան:

 

Ապա բեմ հրաւիրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ  եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ իր եւ առաջնորդ սրբազանին անունով ողջունեց  ներկաները` նշելով, որ Ազգային առաջնորդարանն ալ մաս կը կազմէ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու կազմին` նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարելու եւ քաջալեր հանդիսանալու միտումով: Տէր Սարգիս այս առիթով յիշեցուց Աստուածաշունչի այրին, որ խոր հաւատքով իր լումաները տրամադրած էր:  «Օրհնեալ ըլլաք բոլորդ եւ վարձքերնիդ կատար», ընդգծեց տէր հայրը:

 

 

 Բենիամին Պչաքճեան կը զեկուցէ

 

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի վարչական կազմէն Մասիս Ալեքսանտրեան, որ սահիկներու օգնութեամբ մանրամասն զեկուցեց ԱՌԻ-1-ի, ԱՌԻ-2-ի եւ ԱՌԻ-3-ի ընդհանուր գործունէութեան մասին` ընդգծելով, որ ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը կ՛ընթանայ յաջող կերպով, հիմնական սկզբունք ունենալով գործունէութեան թափանցիկ ըլլալու հրամայականը: Ալեքսանտրեան աւելցուց, որ ծրագրուած է կառուցել 150 բնակարան` երեք հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանը կը նախատեսուի ամբողջացնել յուլիս 2015-ին:

 

Ան թուեց ԱՌԻ-ի գործունէութեան հիմնական մարզերը, ինչպէս` գիւղատնտեսութիւն, հողագործութիւն, մեղուաբուծութիւն ու ներկայիս` բնակարանային կառուցում, տնաշինութիւն: 143 գիւղեր օգտուած են ԱՌԻ-Ի նախաձեռնած բարգաւաճման ծրագիրներէն: Նմանապէս վարչական կազմի անդամներէն Բենիամին Պչաքճեան իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ ներկայի աշխատանքներուն` նշելով, որ Արցախի պետութեան հետ շատ սերտ գործակցութեամբ կը հետեւին տարուող աշխատանքներուն: ԱՌԻ-ի հրաւէրով անցեալ մարտին Լիբանան ժամանած է Արցախի Հանրապետութեան բնակարանաշինութեան նախարար Կարէն Շահնազարեան եւ գործակցութեան նոր հորիզոններ ծրագրուած են: «Ազգային կառոյցներու մասնակցութիւնը քաջալերող երեւոյթ է եւ վստահութիւն կը ներշնչէ», ընդգծեց Պչաքճեան` կոչ ուղղելով հայ ազգային այլ կառոյցներու եւս` իրենց կարգին մաս կազմելու ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու ցանկին: Ան դիտել տուաւ, որ Աղաւնոյ գիւղի ընտրութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործող ամէն մարդ անպայման պիտի անցնի այս գիւղէն, «անիկա Արցախի դարպասն է», շեշտեց Պչաքճեան:

 

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ Վահան Գասարճեան, որ խօսեցաւ ԱՌԻ-ի իրագործումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն մասին: Իր զեկուցումին մէջ Վահան Գասարճեան հաւանական նկատեց ԱՌԻ-ի բարգաւաճումը, «որ կրնայ հասնիլ մինչեւ ԱՌԻ 144», կատակեց ան: Շրջանի բնակչութիւնը 7 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է: Ենթակառոյցի մարզի բարգաւաճումով սկսած ԱՌԻ-ի գործառնութիւնները ներկայիս նախաձեռնած են բնակարանային կառուցման, յստակացուց ան ընդգծելով ԱՌԻ-ի գործունէութեան մէջ առաջնահերթ սկզբունք նկատուող թափանցիկ գործունէութիւնը, ճշդապահ յանձնառութիւնը: Ան այս առիթով նշեց, որ ներդրումի սատարող նոր գործարար բաժնետէրերու կարիքը կայ, ու առ այդ, ԱՌԻ-ն իր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ համասփիւռքեան տարողութեամբ, ուր հարիւրաւոր բաժնետէրեր տրամադիր են ներդրումկատարելու:

 

Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

 

 

«Ազդակ»

 

1