Կլենտյէլի Մէջ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաաւ ՀՅԴ 127րդ Տարեդարձը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Կլենտյէլի Մէջ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաաւ ՀՅԴ 127րդ Տարեդարձը

Կլենտյէլի Մէջ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաաւ ՀՅԴ 127րդ Տարեդարձը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ «Հայ Սքուլի» հանդիսասրահը դարձեալ յորդեցաւ Դաշնակցութեան Օրուա՝ կուսակցութեան 127րդ տարեդարձի հանդիսութեան ներկաներով, որոնք եկած էին ունկնդրելու կուսակցութեան ներկայացուցիչներու խօսքն ու պատգամը: Համակիրներ, կուսակցութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներ, նահանգային ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, քաղաքական դէմքեր, հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ գրաւած էին հանդիսասրահի 1500է աւելի աթոռները:

Ձեռնարկը, որու մանրամասն թղթակցութիւնը (խօսքերն ու պատգամները) պիտի տանք աւելի ուշ, սկսաւ ՀՄԸՄի փողերխումբի ու դրօշակախումբի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի, Արցախի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու կատարմամբ:

Օրուան հանդիսավարն էր Սիւզի Օհանեան:

Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Փաթիլ Տէրտէրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան մերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի (ԿԿ) պատգամը փոխանցեց ԿԿի անդամ Կարօ Իսփէնճեան , օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:

Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, ՀՅԴ Պատանեկան միութեանց գործունէութեան մասին տեսաերիզներ: Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ անցեալ տարուան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շարքերէն առյաւէտ հեռացած ընկերներուն:

Ներկաները ունկնդրեցին նաեւ ՀՅԴ յայտնի գործիչներ՝ Կարօ Սասունիի եւ Բաբգէն Փափազեանի Լոս Անելըսեան ելոյթներու հարազատ ձայնագրութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին հրամցուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Անի» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավարներ Եղիա Հաշոլեան եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան) Էդգար Յակոբեանի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը, երգիչներ Դրօ Գրիգորեան, Գառնիկ Սարգիսեան:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի աշակերտներու մատուցած (խմբավար Արաքսիա Վարդերեսեան) հայրենասիրական երգերու փունջով, որմէ ետք հանդիսութեան փակումը ազդարարուեցաւ աւանդական դարձած «Արիւնոտ Դրօշ»ով՝ Գառնիկ Սարգիսեանի կատարումով եւ ժողովուրդի յոտնկայս ընկերակցութեամբ:

asbarez.com

1