11 Դեկտեմբեր 1946. Մ.Ա.Կ. որդեգրեց Ցեղասպանութեան դատապարտումի որոշումը
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » 11 Դեկտեմբեր 1946. Մ.Ա.Կ. որդեգրեց Ցեղասպանութեան դատապարտումի որոշումը

11 Դեկտեմբեր 1946. Մ.Ա.Կ. որդեգրեց Ցեղասպանութեան դատապարտումի որոշումը

Մին­չեւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ կա­րե­ւո­րու­թեամբ իր օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­հերթ նիւ­թե­րէն մէ­կը դար­ձու­ցած չէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը — իբ­րեւ մարդ­կու­թեան դէմ ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թեան — դա­տա­պար­տե­լու, օ­րէն­քով պատ­ժե­լի հռչա­կե­լու եւ կան­խար­գի­լե­լու մեծ խնդի­րը։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իբ­րեւ մարդ­կու­թեան դէմ ծան­րա­գոյն ո­ճի­րի սահ­մա­նումն ու դա­տա­պար­տու­մը ա­ռա­ջին ան­գամ կա­տա­րո­ւե­ցան ­Դեկ­տեմ­բեր 11ի այս օ­րը, 71 տա­րի ա­ռաջ, երբ այդ օ­րե­րուն նոր կազ­մո­ւած ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման հար­ցը եւ որ­դեգ­րեց իր թիւ 96/1 ո­րո­շու­մը։ Այդ ո­րո­շու­մը հան­դի­սա­ցաւ, ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի պատ­մու­թեան մէջ, հիմ­նա­քա­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իբ­րեւ մե­ծա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն ճանչ­նա­լու, դա­տա­պար­տե­լու, կան­խար­գի­լե­լու եւ պատ­ժե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով մշա­կո­ւած եւ որ­դեգ­րո­ւած հե­տա­գայ բո­լոր մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն՝ յատ­կա­պէս 10 ­Դեկ­տեմ­բեր 1948ին նոյն Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ուխ­տագ­րին։

Պատ­մու­թիւ­նը կը յու­շէ, որ 11 ­Դեկ­տեմ­բեր 1946ին որ­դեգ­րո­ւած Մ.Ա.Կ.ի թիւ 96/1 ո­րո­շու­մին նա­խա­գի­ծը պատ­րաս­տո­ւած եւ ա­ռա­ջադ­րո­ւած էր հրեայ ծա­գու­մով լեհ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­գէտ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քի­նի կող­մէ, որ ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռեզ­րի եւ հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­ւա­գի­տա­կան յղաց­քի հե­ղի­նակ հայրն ու ի­րա­ւա­պաշտ­պան դրօ­շա­կի­րը։

Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քին (1900-1959) ծնած է ­Պեզ­վոտ­նի, ­Լե­հաս­տան (ներ­կա­յիս ­Վոլ­կովս­կիի մեր­ձա­կայ­քը, ­Պե­լա­ռուս), 1900ի ­Յու­նիս 24ին: 14 տա­րե­կա­նին ­Լեմ­քին ար­դէն կը տի­րա­պե­տէր 14 լե­զու­նե­րու, նե­րա­ռեալ ֆրան­սե­րէ­նի, սպա­նե­րէ­նի, եբ­րա­յե­րէ­նի, ի­տի­շի եւ ռու­սե­րէ­նի: ­Պիա­լիս­թո­քի ­Մաս­նա­գի­տա­կան ­Պատ­րաս­տու­թեան ու­սում­նա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, ան լծո­ւած է լե­զո­ւա­բա­նու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման՝ Լ­վո­վի ­Ճոն Քա­զի­մի­րի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Այդ շրջա­նէն իսկ յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն ա­ռա­ջա­ցած է ու­սա­նող ­Լեմ­քի­նի մօտ՝ սահ­մա­նե­լու եւ բնու­թագ­րե­լու այն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, զորս հե­տա­գա­յին ­Լեմ­քին խտա­ցուց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րին ու գա­ղա­փա­րին մէջ։

Ու­շագ­րաւ է, որ ­Լեմ­քին ի­րա­ւա­գի­տա­կան իր պրպտում­նե­րը սկսաւ՝ թուր­քե­րու կող­մէ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու ան­պա­տիժ կո­տո­րած­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լով: ­Լեմ­քի­նի չարչր­կող գլխա­ւոր հար­ցը ա՛յն էր, թէ չկար մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք մը, որ դա­տաս­տա­նի առ­ջեւ կանգ­նեց­նէր ամ­բողջ ազգ մը սպան­նե­լու ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած եւ մե­ծա­գոյն այդ ո­ճի­րին պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րու­թիւ­նը հրա­հան­գած թուրք պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։

Իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով ­Գեր­մա­նիա տե­ղա­փո­խո­ւած եւ Հայ­տել­պըր­կի հա­մալ­սա­րա­նը ըն­դու­նո­ւած ե­րի­տա­սարդ ի­րա­ւա­գէ­տին կեան­քի շրջա­դար­ձա­յին պա­հը ա­ռա­ջա­ցաւ 1921ին, երբ ­Պեր­լի­նի մէջ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ա­հա­բե­կեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ­Թա­լէաթ Փա­շան։ ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան իբ­րեւ ի­րա­ւա­գէտ խորհր­դա­կա­նի մաս­նակ­ցե­լով՝ ­Լեմ­քին լծո­ւե­ցաւ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման տուն տո­ւած պատ­ճառ­նե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ ­Ման­րա­մասն տե­ղա­կա­գիր մը պատ­րաս­տե­լով ­Թա­լէաթ ­Փա­շա­յի կազ­մա­կեր­պած կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին, ­Լեմ­քին յան­գե­ցաւ այն դառն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ դեռ գո­յու­թիւն չու­նէր մի­ջազ­գա­յին ո­րե­ւէ օ­րէնք, որ նման պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար դա­տա­պար­տէր ոճ­րա­գործ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Վ­կա­յու­թեանց հա­մա­ձայն՝ թուրք ցե­ղաս­պան­նե­րու ան­պա­տիժ մնա­լը ­Լեմ­քի­նը «այն­քան կը տագ­նա­պեց­նեն, որ օր մը այդ մա­սին ան բա­նա­վէճ մը կ’ու­նե­նայ իր դա­սա­խօս­նե­րէն մէ­կուն հետ: Ին­չո՞ւ մէկ ան­ձի սպա­նու­թիւ­նը բա­ւա­րար պատ­ճառ է ոճ­րա­գոր­ծը դա­տա­րան քշե­լու,- հարց կու տայ ­Լեմ­քին,- բայց ան­դին մէկ մի­լիոն անձ սպան­նո­ղը հե­ռու կը մնայ դա­տա­կան հե­տապն­դու­մէ: ­Դա­սա­խօ­սը կը պա­տաս­խա­նէ՝ տա­լով օ­րի­նա­կը ա­գա­րա­կա­պա­նի մը, որ օր մը կ’ո­րո­շէ «սպան­նել» իր բո­լոր հա­ւե­րը: Դա­սա­խօ­սը դի­տել կու տայ, որ հա­ւե­րը կը պատ­կա­նին ա­գա­րա­կա­պա­նին, եւ ա­նոր դրա­ցին ի­րա­ւունք չու­նի բո­ղո­քե­լու կա­տա­րո­ւա­ծին մա­սին:

«­Դա­սա­խօս­նե­րուն հետ այս եւ նմա­նօ­րի­նակ վէ­ճե­րու անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ­Լեմ­քին ա­ւե­լի ուշ կը գրէ.- «… Այս հար­ցը քննար­կե­ցի դա­սա­խօս­նե­րու հետ: Ա­նոնք պե­տու­թիւն­նե­րու գե­րիշ­խա­նու­թեան պա­րա­գան մատ­նան­շե­ցին: ­Բայց պե­տու­թիւն­նե­րու գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- կը վե­րա­բե­րի ան­կախ կեր­պով ար­տա­քին եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մշա­կե­լու, դպրոց­ներ եւ ճամ­բա­ներ կա­ռու­ցե­լու, մէկ խօս­քով՝ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան ի խնդիր գոր­ծե­լու: ­Գե­րիշ­խա­նու­թիւն չի նշա­նա­կեր մի­լիո­նա­ւոր ան­մեղ­ներ սպան­նե­լու ի­րա­ւունք»:

Այս ուղ­ղու­թեամբ իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը խո­րաց­նե­լով՝ ­Լեմ­քին 1933ին հրա­պա­րա­կո­ւած իր ծա­ւա­լուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ նման կո­տո­րած­նե­րը ա­նո­ւա­նեց «Ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի ­Դէմ»։ ­Լեմ­քի­նի հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քը ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ, երբ ան բա­նակ մեկ­նե­ցաւ 1939ին, գեր­մա­նա­կան եւ լե­հա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով։ Իսկ երբ գեր­մա­նա­կան ­Նա­ցի բա­նա­կը գրա­ւեց ­Լե­հաս­տա­նը, ­Լեմ­քին ա­պաս­տա­նե­ցաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ՝ ծնող­նե­րը ­Լե­հաս­տան ձգե­լով։ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ ան, իբ­րեւ խորհր­դա­տո­ւի, աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ ­Նիւ­րէմ­պուր­կի դա­տա­վա­րու­թեանց, այս ան­գամ ար­դէն նաեւ իբ­րեւ անձ­նա­պէս վնա­սո­ւած կող­մի, ո­րով­հե­տեւ ծնող­նե­րը եւս զոհ գա­ցած էին նա­ցիա­կան կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րուն (concentration camps) մէջ հրեա­նե­րու դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած Ող­ջա­կիզ­ման ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

1944ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիր­քին մէջ, ­Լեմ­քին ա­ռա­ջին ան­գամ օգ­տա­գոր­ծեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը եւ զայն սահ­մա­նեց իբ­րեւ՝ «նպա­տա­կադ­րուած վայ­րա­գու­թիւն եւ կո­տո­րած, ամ­բողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջն­ջու­մի են­թար­կե­լու ա­րարք»։ ­Լեմ­քին յղա­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն («Genocide») այ­սօր ար­դէն հան­րա­ծա­նօթ եզ­րը՝ յու­նա­րէ­նի «genos» (ցեղ) եւ լա­տի­նե­րէ­նի «cide» (սպա­նու­թիւն) ար­մատ­նե­րը միա­հիւ­սե­լով։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման ի խնդիր ի­րա­ւա­պաշտ­պա­նի տեն­դա­գին ու հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քար ծա­ւա­լե­լով՝ ­Լեմ­քին ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղե­ցաւ 1946ին, ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի 11 ­Դեկ­տեմ­բե­րի նիս­տին, օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մի նա­խա­գիծ մը, որ միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ՝ ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի ա­ռու­մով դառ­նա­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը որ­պէս ո­ճիր բնո­րո­շող եւ ա­նոր դա­տա­պար­տու­մը պատ­ժե­լի հռչա­կող ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը։

Մ.Ա.Կ.ի ա­ռա­ջին այդ ո­րո­շու­մը ամ­բող­ջաց­ման կա­րիք ու­նէր, որ­պէս­զի նե­րա­ռէր նաեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գի­լու­մը եւ յան­ցա­գործ հե­ղի­նակ­նե­րուն պատ­ժու­մը։

Լեմ­քի­նի այդ ա­ռա­ջադ­րան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ 1948ի ­Դեկ­տեմ­բեր 10ին, երբ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ըն­դու­նեց եւ հռչա­կեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ուխ­տա­գի­րը։

Թէեւ Մ.Ա.Կ.ի Ուխ­տա­գի­րը օ­րին չհաս­տա­տո­ւե­ցաւ բո­լոր պե­տու­թեանց կող­մէ եւ նոյ­նիսկ մին­չեւ այ­սօր կան մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժեր, ո­րոնք դեռ չեն վա­ւե­րա­ցու­ցած այդ Ուխ­տա­գի­րը, բայց նոյ­նիսկ այդ­պի­սիք, պա­րա­գա­յա­բար եւ պա­տե­հա­պաշ­տօ­րէն, եր­կու չափ, եր­կու կշիռ գոր­ծա­ծե­լով՝ պար­տա­ւոր կը զգան գո­նէ խօս­քով դա­տա­պար­տե­լու ո­րոշ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­ներ…

Մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի այդ պա­տե­հա­պաշտ վար­քա­գի­ծին հե­տե­ւան­քով՝ ան­պա­տիժ մնա­ցած ան­ցեա­լի ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս օ­րի­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, փաս­տօ­րէն խրա­խու­սան­քի աղ­բիւր եւ ան­պատ­ժե­լիու­թեան նա­խա­դէպ կը դառ­նան նո­րա­նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ձեռ­նար­կող յան­ցա­գործ­նե­րու հա­մար։

Ժա­մա­նակն է, որ­պէս­զի Մ.Ա.Կ.ը եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը նե­տեն յա­ջորդ քայ­լը եւ օ­րէն­քով պատ­ժե­լի հռչա­կեն ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ու­րա­ցու­մը՝ նոյ­նինքն ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւն­ներ ըլ­լան այդ ու­րա­ցող­նե­րը (ինչ­պէս ­Թուր­քիան է), թէ ըլ­լան այս կամ այն ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան ի սպաս ի­րենց կո­չումն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ծա­խու հա­նած մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­ներ թէ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Ն.

1