«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Յաչս պտղատու եւ բերքառատ Արցախին
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » «Հայրենիք»ի Խմբագրական. Յաչս պտղատու եւ բերքառատ Արցախին

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Յաչս պտղատու եւ բերքառատ Արցախին

Քսան տարիէ ի վեր, Նոր Աշխարհ հաստատուած հայորդիին համար «Գոհաբանութեան Օր»ը կը նշանակէ պարզ ու մեկին «Արցախի Օր»:

Այդ օր, մեր կիզակէտը «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած դրամահաւաք- թելեթոնն է, որ ամբողջ ամերիկահայութեան ուղղուած է։

«Հայաստան» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան լոզունգը «Բերքառատ Արցախ» է, որուն նպատակն է խթանել մշակը, բանուորն ու երկրագործը աւելի՛ եւս կառչած մնալու հողին:

Զանազան տարածաշրջաններու ոռոգումն ու ջրաբաշխումը առաջնահերթութիւն են։

Մայր բնութիւնը այնպիսի ձեւով ստեղծած է, որ Արցախի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը օժտուած է գետերով եւ ջրամբարներով, մինչդեռ հարաւ-արեւելեան շրջանը, որ կ՚ընդգրկէ անծայրածիր պտղաբեր hողեր, զրկուած է ՋՈՒՐ կոչեցեալ տարրական սնունդէն:

Երկրաբանական ընդարձակ եւ մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կը տեղեկացնեն, թէ հարաւ-արեւելեան այդ անջրդի շրջանը օժտուած է ընդյատակեայ աղբիւրներով, որոնք աւելի քան երեք հարիւր ոտք խորութեան մէջ կը գտնուին, սակայն յատուկ շինարարական աշխատանքներով կրնան շտապ օգնութեան հասնիլ անառիկ, խոպան ու չոր հողին:

Պարզ բացատրութեամբ, հողն ու ջուրը, որոնք իրարու միանալով կրնան ստեղծել արգասաբեր բնութիւն մը, հեռացած են իրարմէ: Ջուրը յատակն է, իսկ հողը՝ վրան: Հայորդիին եւ յատկապէս արցախցիին համար, անհնար ու անկարելի բան չկայ, եւ Քարինտակ գիւղէն քարին վրայ՝ Շուշի բարձրանալն ու գրաւելը թարմ ու վառ օրինակ մըն է: Այս անգամ հողին տակը՝ յատակն է, որ պէտք է հողին մակարդակին հասցնել:

Այս մէկը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել լայնօրէն բանալով մեր քսակը ու մեր լուման տրամադրելով այս դժուար, սակայն իրագործել ոռոգման ծրագրին:

Այդ երկրաբանական մանրամասն փաստագրութիւնները կը տեղեկացնեն, թէ ցայսօր այդ ընդյատակեայ ջուրի չօգտագործման պատճառով, Արցախի հողերուն 93 առ հարիւրը մնացած է խոպան ու անմշակ:

Նմանօրինակ ջրառաքման ծրագիր կրնայ դուռ բանալ երկրագործութեան լայն ու անհամեմատելի հոսքի, որ ինքնաբերաբար պիտի բարելաւէ տնտեսական պատկերը:

Դեռ քանի մը օր առաջ, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական Խորհրդարանը աննախադէպ կերպով առաջին անգամ ամրագրեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, անգամ մը եւս պարտութեան մատնելով Պաքուն եւ իր սադրիչ քարոզչական մեքենան:

Կրկնութիւն պիտի ըլլայ շեշտել, թէ հերոսական Արցախը հոգեկան անքակտելի կամուրջով կապուած է բոլոր հայորդիներուն հետ՝ ազգային տեսլականներու եւ ակնկալութիւններու հարազատութեամբ: Անշուշտ՝ Արցախը նաեւ համայն հայութեան ներշնչման աղբիւրն է…«Բերքառատ Արցախ»ն ալ:

hairenikweekly.com

1