Թաթուլ Հաճեանը Պրահայի մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Գաւաթը, Grand Prix
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Թաթուլ Հաճեանը Պրահայի մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Գաւաթը, Grand Prix

Թաթուլ Հաճեանը Պրահայի մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Գաւաթը, Grand Prix

2-3 Նոյեմբեր, 2017 թուականին Չէխիայի մայրաքաղաք Պրահայի մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը։ Թաթուլ Հաճեանը (Կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը։ Թաթուլը վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի Սոնաթա K239 եւ Վիչէնթէ Ասենչոյի La Frisanca բարդ յօրինուածքը։ Եւրոպայէն՝ Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւայլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ։

Յուրախութիւն Հայ ժողովուրդին, Հայաստանը ներկայացնող մեր մասնակիցը՝ Թաթուլ Հաճեանը, սոյն փառատօն-մրցումին դարձաւ Գաւաթակիր Grand Prix, շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին։

Թաթուլը ծնած է Լիբանան եւ 10 տարեկան հասակին ծնողներուն հետ, հայրը՝ յայտնի երգիչ Գէորգ Հաճեան եւ մայրը՝ Բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան, հաստատուած է Հայաստան։

Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Չայկովսկի»ի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ, ուսուցիչ ունենալով Նունէ Պատալեանը, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Կոնսերուաթորիան՝  Փրոֆ. Յակոբ Չաղացպանեանի մասնագիտական ղեկավարութեամբ, եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով։

Ան, 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններուն մէջ, ինչպէս՝ Արմէն Տիգրանեան, Անահիտ Ցիցիկեան, Ալեքսանդր Հէքիմեան  եւ Բարսեղ Կանաչեան, եւ ցայսօր ունի իր անձնական աշակերտները։

Թաթուլը մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ, եւ Փրակայի։ Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող մասնակցութիւնը բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած անոնց մենահամերգներուն։

Ան օժտուած է գերլսողութեամբ․վարպետօրէն կը տիրապետէ Կիթառի ամենանրբագոյն երանգներէն մինչեւ ամենայաղթական հնչողութիւնը, որուն շնորհիւ գերած ու հմայած է իր լսարանը։

Սրտանց կը շնորհաւորենք մուսալեռցի եւ ուրֆացի պապերու ժառանգորդ՝ Թաթուլ Հաճեանը,  մաղթելով իրեն նոր  նուաճումներ եւ վերելքներ՝ յանուն հայ ազգի պատուին եւ պարծանքին։

1