Ճանաչելիութիւն Ապահովելու Խնդիր Ունինք
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Ճանաչելիութիւն Ապահովելու Խնդիր Ունինք

Ճանաչելիութիւն Ապահովելու Խնդիր Ունինք

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յետհաշուարկը սկսած է եւ տակաւին պաշտօնական հայեցակարգ եւ տօնակատարութիւններու, ձեռնարկներու ընդհանուր պատկերացում եւ թէկուզ համալրելի ցանկ չէ հրապարակուած:

Յայտնին այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին արձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ եւ թէ Արամ Մանուկեանի տունը իր ներկայ անմխիթար վիճակէն դուրս պիտի գայ ու յայտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

Ապահովաբար թէ՛ հայեցակարգը եւ թէ՛ տօնակատարութեան հետ կապուած տարբեր բնոյթի ձեռնարկները կը հրապարակուին եւ տեղի կ՛ունենան անպայման.խնդիրը ժամանակի հետ կապուած է եւ նման պատմակերտ իրադարձութիւններու նշումի ընդհանուր ուղղութիւններն ու կազմակերպման ձեւաչափերու ճշդումները կը նախապատրաստուին թուականէն բաւական առաջ. տարիէ մը պակաս ժամանակ մնացած է այս առումով:

Առաջնային այս խնդիրներուն մասին տակաւին բազմաթիւ հրապարակումներ կ՛ըլլան անպայման: Այժմ կեդրոնանանք, մասնակի բանավէճի բնոյթ ստացած Արամ Մանուկեանի արձանին յատկացուելիք տեղին շուրջ տարբեր մօտեցումներու, արժեւորումներու երեւոյթներուն:

Արամ Մանուկեանը անշուշտ գլխաւոր դարբնիչն է, մեր գոյութեան կռիւի ճակատագրական փուլը ղեկավարած եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն ժամանակաշրջանին հունաւորում տուած կեդրոնական դէմքը, Դաշնակցութեան որոշած քաղաքական վարքագիծի գլխաւոր գործադրողը:

Ըստ այնմ ալ նաեւ, այս առիթով անհրաժեշտ է, որ ստանայ իր արդար գնահատականը թէ՛ պատմական, թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ առարկայական իմաստներով:

Խնդիրը այս պարագային հայրենի ժողովուրդին կողմէ անհրաժեշտ ճանաչողութեան բացակայութիւնն է Արամ Մանուկեանի արժէքին հանդէպ: արձաններու տեղադրումը որքան պետական որոշումի մեկնակէտ ունենայ, այնքան նաեւ համաժողովրդային ընկալելիութիւն ամրագրած կ՛ըլլայ: Մանաւանդ երբ ամէնէն կեդրոնական տեղին կը վերաբերի հանրապետութեան ամէնէն գլխաւոր կերտիչի կիսանդրին տեղադրելու հարցը:

Պետութենէն կ՛ակնկալուի անշուշտ, եւ արդարօրէն, համարժէք կեդրոնական տեղը տրամադրելու որոշումի կայացումը: Խնդիրը սուր կերպով կը վերաբերի երկրորդ ուղղութեան:

Երբ չկայ համաժողովրդային ճանաչողականութիւնը, հետեւաբար նաեւ ընկալելիութիւնը, ուրեմն այդ պարագային այս անհրաժեշտութեան ըմբռնելիութիւնը միատեսակ չ՛ըլլար, եւ հետեւաբար տեղի կու տայ տարատեսակ կարծիքներու, մօտեցումներու:

Կարելի է առարկել եւ ըսել, որ կեդրոնական տեղի յատկացումէն եւ արձանի տեղադրումէն տարիներ ու տասնամեակներ ետք, երբ կայանայ առաջադրուած ճանաչողականութիւնը, ժողովուրդը կը գիտակցի, որ ճիշդ որոշում էր Արամ Մանուկեանին ամէնէն կեդրոնական տեղը տրամադրելու պետութեան քայլը:

Հիմա սակայն, մինչեւ 100-ամեակ հեռու ենք համաժողովրդային ճանաչողականութիւն ապահովելու առաջադրանքի իրականացումէն: Այս ուղղութեամբ աշխատանք կար կատարելիք, որ չէ եղած: Այս ուղղութեամբ աշխատանք կայ կատարելիք, որ կը թուի, թէ անհրաժեշտ տարողութեամբ չի կատարուիր նաեւ այսօր:

Առաջադրանքը մէկ կողմէ Դաշնակցութենէն կ՛ակնկալուի, միւս կողմէ նաեւ եւ հիմնականին մէջ պետութենէն, տրուած ըլլալով թէ՛ մայիսեան յաղթանակներու, թէ՛ հանրապետութեան կերտումի համահայկական, համապետական տարողութիւնն ու նշանակութիւնը:

Այս առաջադրանքը անշուշտ չի վերաբերիր միայն Արամ Մանուկեանին: Հանրապետութեան շատ ու շատ կերտիչներ այո՛, ունին ճանաչելի դառնալու խնդիր: Այս ճանաչելիութեան ապահովումը պետութեան խնդիրն է ու անյետաձգելի հրամայականը:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով` 100-ամեակի նշումներու ընդհանուր պետական հայեցակարգի մշակումը, անոնց քաղաքական նշաձողի աստիճանաչափերու ճշդումը եւ` համայն հայութիւնը համակարգումի ձեւաչափերով ներգրաւելը գուցէ աւելի առաջնային են, քան Արամ Մանուկեանի արձանին յաւելեալ կեդրոնական տեղ տրամադրելու այլապէս կարեւոր խնդիրը:

100-ամեակի հայեցակարգային, քաղաքական, եւ գործելաձեւային հիմնադրոյթները ցարդ չեն երեւնար: Երեւցածը արձանի վայրի ճշդումի առիթով տարբեր տեսակէտներն են: Եւ ճիշդ չէ, որ միայն Դաշնակցութիւնը կանգնած ըլլայ նման պահանջի ետին:

Արամի արձան դնելը կարեւոր է, սակայն ոչ պակաս չափով կարեւոր է նաեւ ծրագիրի խնդիրը: Ճանաչելիութեան խնդիրը պետութեան ճշդելի հայեցակարգին առաջնային կէտերէն պէտք է ըլլայ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ ապահովաբար: Արամ Մանուկեանի արձանի հասցէէն կախեալ չէ հայ ազգի շարունակականութիւնը ապահոված ամէնէն աւելի դերակատար ուժին եւ անոր կողմէ ճակատագրորոշ կարեւորագոյն փուլը կերտած գործիչին պատմական արժեւորումը:

100-ամեակին եւ անկէ ետք երկար ժամանակի վրայ ճանաչելիութիւն ապահովելու խնդիր ունինք ազգովին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

aztagdaily.com

1