«Հայրենիք»ի Խմբագրական. 120-ամեայ Խանասորի Հետքերով
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » «Հայրենիք»ի Խմբագրական. 120-ամեայ Խանասորի Հետքերով

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. 120-ամեայ Խանասորի Հետքերով

«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան, որ ընդունակ ենք յեղափոխական կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու:….Ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, թէ հայն ալ գիտէ կռուիլ ազատութեան համար»:
Խանասորի արշաւախումբի հրամանատար՝ Վարդան

Պարզ զինուորական գործողութեամբ մը, կամ արշաւանքով մը պէտք չէ բաւարարուիլ, երբ կը տօնենք ու կը նշենք Խանասորի արշաւանքը:Ընդհակառակը, հայոց պատմութեան էջերը ցոյց կու տան թէ, Խանասորի արշաւանքը այդ անդրանիկ արարքն է, որ կատարուեցաւ պաշտպանելու համար շարունակ ոտնակոխուած հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը: Յուլիս 25,1897-ին կատարուած այս պատմական արշաւանքը, օրինակ դարձաւ եւ դեռ ալ ցայսօր կը դառնայ, որ «երկաթեայ շերեփ»-եան ոճով շարունակուի պայքարը յաչս հայ ազգի պաշտպանման, ազատութեան եւ անկախութեան:Խանասորի սխրանքին արդիւնքն են, պատմութեան էջերուն մէջ, արձանագրուած անկիւնադարձային դէպքեր, որոնց կարգին «խենթերուն գտած Մայիս 28, 1918-ի հնար»ը, Փետրուար 13, 1921-ի հակախորհրդային ապստամբութիւնը՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, Յուլիս 24, 1983-ի Լիզպոն հինգի սուրբ արարքը եւ դեռ աւելին 25 տարիներ առաջ Արցախի ազատագրութեան հերոսական պայքարը:

Ամենայն բծախնդրութեամբ, լաւապէս ուսումնասիրուած գործողութիւն մըն էր Խանասորի արշաւանքը, որ ցայսօր ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած է, իր ստեղծած կարգապահութեան, ռազմական արհեստագիտութեան եւ աւանդին պատճառով եւ կը նկատուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, յիշատակելի գործողութիւն մը իր մտայղացումէն մինչեւ աւարտ:

Շատ մը հարցադրումներ կատարուած էին թէ, ի՞նչ պատճառներով Նիկոլ Դուման, որ իր առաջադրած այս արշաւանքի գաղափարը չէր նշանակուած որպէս արշաւախումբի ղեկավար:

Նոյնինքն հայրենասէր եւ մարտունակ Դումանի համար երկրորդական էին այս հարցադրումները: Պաշտօնը վստահուած էր, անոր գործընկերներուն՝ Վարդան, Իշխան Արղութեան եւ այլ հերոսներու:

Անոնք միասնաբար ժամանած էին փրկելու Վանի հայութիւնը, որ քիւրտ Մազրիկ ցեղի կողմէն շարունակ կը հալածուէր, կը թալանուէր եւ նոյնիսկ կը ջարդուէր:Այս կատարուած արշաւանքը, որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, պոռթկումն էր հայորդիին:

Հայ ֆետայիները «կարկուտ տեղացնելով Խանասորաց դաշտում», կրցան լաւապէս չէզոքացնել արիւնարբու թշնամին եւ զգաստութեան հրաւիրել Մազրիկ ցեղի ղեկավար Շարաֆ Պէյն ու անոր հետեւորդները, որոնք անձնատուր ըլլաով եւ վերջնականապէս տեղի տալով, անգամ մը եւս չհամարձակեցան իրենց հալածանքն ու թալանումը շարունակելու:

Այսպէս, 120 տարիներ թաւալած են եւ հայորդին կ՛ենթագիտակցի ու կ՛ըմբռնէ գոյութիւնը՝ Խանասորեան հերոսամարտի ստեղծած կամքին ու գաղափարականին, որ դուռ բացաւ եւ դարձաւ տիպար օրինակ մը՝ այլ պոռթկումներու, արարքներու եւ հերոսամարտերու:

hairenikweekly.com

1