ԱՄՆ ընդդէմ Համբիկ Սասունեան
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » ԱՄՆ ընդդէմ Համբիկ Սասունեան

ԱՄՆ ընդդէմ Համբիկ Սասունեան

ԱՄՆ ընդդէմ Համբիկ Սասունեան։ Տարօրինակ կրնայ թուիլ այս խորագիրը, սակայն իրականութեան կը համապատասխանէ, երբ նկատի առնենք վերջին ամիսներուն Համբիկի ներման գծով զարգացող իրադարձութիւնները։

Աշխարհի հզօրագոյն պետութեան հզօր կառավարութիւնը բացայայտօրէն միջամտեց եւ ճնշեց սահմանադրականօրէն դատական ինքնիշխանութիւն վայելող Քալիֆորնիա նահանգին վրայ, որպէսզի Սան Քուէնթինի բանտի ճաղերուն ետին պահէ հասարակութեան իր պատժական պարտաւորութիւնը կատարած օրինապահ ու տիպար բանտարկեալ Համբիկ Սասունեանին։

Համբիկ հազիւ 19 տարեկան էր, երբ ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ եւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ 1982ին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոս Քեմալ Արիքանի սպանութեան մեղադրանքով։ Ամերիկացի այս երիտասարդ քաղաքացին 35 տարիէ ի վեր բանտային կալանքի տակ կը գտնուի։ Այսօր ան 54 տարիքը բոլորած հասուն մարդ է։

Կալանքի մեկուսարաններուն մէջ հասուն տարիքի հասած այս երիտասարդ Ամերիկահայն է, որ թիրախ կը դառնայ Թուրքիոյ առջեւ քծնող ԱՄՆի ամենակալ կառավարութեան անարդար միջամտութեան։ Թրամփի վարչութիւնը որոշած էր, ի գին արդարութեան ոտնակոխումի եւ սահմանադրական արգելքներու շրջանցման, համակրելի դառնալ Թուրքիոյ բռնակալ՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին։

Սեդօ Պոյաճեան

Ներման բազմիցս մերժումներէն ետք, անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 14ին Քալիֆորնիայի Ներման Խորհուրդը նոր ունկնդրութիւն շնորհած էր Համբիկին։ Յետ ունկնդրութեան, ուր ներկայացուեցան թեր ու դէմ առարկութիւններ եւ փաստարկումներ, ներման խորհուրդը որոշեց ներում շնորհել Համբիկին։ Խորհուրդի հիմնաւորումները շատ պարզ եւ յստակ էին.- Կալանաւորման իր 34 տարիներով Համբիկ իր պատժական պարտաւորութիւնը լիովին կատարած է Քալիֆորնիայի ժողովուրդին։ Ան կը գիտակցի եւ կը վշտակցի իր գործած արարքին։ Ան շարունակ եղած է տիպար, օրինակելի եւ օրինապահ բանտարկեալ մը։ Ան այլեւս որեւէ վտանգ չի ներկայացնէր հասարակութեան։

Ինչպէս կալանելու վճիռը, նոյնպէս եւ ներման որոշումը անբաժան մասն են Քալիֆորնիոյ քրէական օրէնքներուն եւ արդարադատական գործընթացին։ Ներման խորհուրդի այս որոշումը լիովին կը համապատասխանէ եւ կը յարգէ այդ օրէնքներն ու ընթացակարգը։ Հետեւաբար, Համբիկին համար խորհուրդին ներման վճիռը օրինաւոր էր։ Յաջորդ եւ վերջին քայլը կը պատկանէր Քալիֆորնիայի կառավարիչ Ճէրի Պրաունին, որ ըստ քրէական օրէնքի թիւ 3041.2 պէտք է վաւերացնէր կամ մերժէր ներման վճիռը։

Պրաունի վաւերացումը խուսափելի չէր կրնար ըլլալ։ Նախ ան սերտ յարաբերութիւն ունէր Քալիֆորնիայի հայութեան հետ։ Երկրորդ, անցնող ութը տարիներուն բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին ան յաճախակիօրէն խոստացած էր արդարութիւն կատարել Համբիկին ։ Երրորդ, իբրեւ կառավարիչ ան վաւերացուցած էր ներման որոշումներու աւելի քան 80 տոկոսը։

Ափսոս, Պրաուն կքեցաւ դաշնակցային կառավարութեան ճնշումներուն դիմաց։ Ան վերածուեցաւ կորաքամակ կառավարիչի մը, որ սակարկութեան նժարի վրայ դրաւ Քալիֆորնիայի արդարադատութեան գերիշխանութիւնը։ Ան վերածեց ինքզինք գաճաճ քաղաքական ղեկավարի մը, որ նախապէս հսկայութիւն էր ու ախոյեան՝ ի սպաս արդարութեան։ Ներումը դրժող իր հիմնաւորման մէջ ան թութակի նման կրկնեց թրքական անհիմն վարկածները։

Սակայն, Պրաունի այս տխուր պատկերի ետին ողբերքականն ու հակաօրինականը վերապահուած են ԱՄՆի դաշնակցային կառավարութեան։ Քալիֆորնիայի ներման վճիռներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դաշնակցային կառավարութիւնը ուղղակի կերպով եւ հրապարակաւ կը միջամտէր եւ կը խափանէր սահմանադրականօրէն ճշդուած նահանգային իրաւասութիւն մը։

Նախագահ Թրամփ գործի լծած էր իր վարչութեան պետական քարտուղարութիւնը եւ արդարադատական բաժանմունքը։ ԱՄՆի պետական քարտուղար Ռէքս Թիլլըրսըն եւ ԱՄՆի ընդհանուր դատախազ Ճէֆ Սէշընզ բանաւոր եւ գրաւոր միջոցներով հակակշիռ կը բանեցնէին Քալիֆորնիա նահանգին եւ անոր կառավարիչին վրայ։

Դաշնակցային կառավարութեան այս միջամտութիւնը ուղղակի արհամարհումն է ԱՄՆի սահմանադրութեան եւ դաշնակցային սկզբունքներուն։ Սահմանադրութեան 10րդ յաւելուածը կը տրամադրէ, թէ ԱՄՆի դաշնակցային կառավարութեան կը պատկանին բոլոր այն իրաւասութիւնները որոնք շնորհուած են իրեն սահմանադրութեան ճամբով։ Մնացեալ բոլոր իրաւասութիւնները վերապահուած են նահանգներուն կամ ժողովուրդին։

Ուստի, Քալիֆորնիայի օրէնքներուն դէմ կատարուած թէ՛ յանցագործութիւն եւ թէ ներում վերապահուած են նահանգին, ոչ թէ դաշնակցային կառավարութեան։ Համբիկին դատավարութիւնն ու ներումը կը պատկանէին ու կը պատկանին Քալիֆորնիա նահանգին, ուր այդ հարցին մէջ ոչ մէկ գործ կամ իրաւասութիւն ունի դաշնակցային կառավարութիւնը։

Գոյութիւն ունի նաեւ ազգագրական խտրութեան հարցը։ Համբիկի հարցով իր միջամտութեամբ ԱՄՆի կառավարութիւնը նաեւ կը խախտէ ազգագրական խտրականութիւնը արգիլող սահմանադրական տրամադրութիւնը։ Քստմնելի եւ ահռելի ոճիրներ ու յանցանքներ գործած բազմաթիւ բանտարկեալներ ներումի արժանացած են՝ առանց նկատի առնելու իրենց ազգագրական ծագումը։ Համբիկի պարագային դաշնակցային կառավարութիւնը կը միջամտէ պարզ այն հիմամբ, թե ան հայ ծագում ունի եւ թուրք մը սպանած է։

Այս բոլորը կը կատարուին կառավարութեան մը կողմէ, որուն մայրաքաղաքին մէջ, որուն քթին տակ եւ որուն ականատեսութեամբ նոյն Թուրքիան, մի քանի օր առաջ, իր դեսպանին ու դեսպանատան գիտակցութեամբ, իր հանրապետութեան նախագահին թիկնապահներուն մասնակցութեամբ, վայրագօրէն յարձակում գործեց, ծեծի ենթարկեց եւ արիւնլուայ վիճակի մատնեց ամերիկացի խաղաղ ցուցարարներ։

Այս բոլորին համար է, որ Համբիկին դատը պէտք է վերանուանի «ԱՄՆ ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ»։ Այս դատով ԱՄՆի դաշնակցային կառավարութիւնը պարզապէս ճղճիմցաւ։

Սակայն, Համբիկ մնաց եւ կը մնայ իրենցմէ բարձր եւ հպարտ, եւ միշտ խոնարհ մարտիկ մը, որ կը շարունակէ արդարութիւն փնտռել։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մայիս 18, 2017

1