Հրանդ Տինք հայու և անոր քաղաքական որոշ հայացքներու մասին
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Հրանդ Տինք հայու և անոր քաղաքական որոշ հայացքներու մասին

Հրանդ Տինք հայու և անոր քաղաքական որոշ հայացքներու մասին

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, այսօր Երևանում կայացած «Հրանտ Դինք. 10 տարի անց» կլոր սեղան-քննարկման ընթացքում ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեանի խօսքը։

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, այսօր Երևանում կայացած «Հրանտ Դինք. 10 տարի անց» կլոր սեղան-քննարկման ընթացքում ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեանի խօսքը։

Հրանդը իսկական թրքահայ էր, աւելի ճիշտ, ինչպէս ինք պիտի նախընտրեր ըսել՝ թուրքիացի հայ էր։ Ան ծնած էր Թուրքիա, Փոքր Հայքի Մալաթիա քաղաքը։ Թուրքիոյ քաղաքացի էր, հաւատարիմ քաղաքացի. իր բոլոր քայլերը ուղղուած էին լաւ, արդար, ժողովրդավարական Թուրքիա մը կերտելուն։ Ան նաեւ հայ էր, որպէս հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը՝ մտահոգ հայութեան խնդիրներով։ Ինք իր մտքին մէջ կրցած էր զուգորդել իր ինքնութեան այս երկու յատկանիշները, եթէ նոյնիսկ հրապարակաւ չուզէր կամ չկարենար այդ մասին միշտ ամբողջապէս բարձրաձայնել։

Ան միաժամանակ ամբողջական հայ էր. մտահոգ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի հարցերով։ Սակայն, իրեն համար գլխաւոր մտահոգութիւնը այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնն էր, սկսած Արեւմտահայաստանի մէջ մնացած բեկորներէն, որոնց Պոլսոյ մէջ հայերէն սորվեցնելով, հայեցի դաստիարակութիւն տալով զբաղած էր իր ընկերոջ հետ. Ապա, սկսած էր կազմակերպել երիտասարդները, որոնց շարժումը թափ առաւ իր՝ Հրանդի սպանութենէն ետք։ Իր բացած ակօսները սկսան իսկապէս բերք տալ յատկապէս իր սպանութենէն ետք։

Կարեւոր է նաեւ շեշտել Տինքի տեսակէտը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան կարգավիճակի մասին։ Ան կ՚ուզէր, որ թուրքիացի հայերը համարուէին ոչ թէ եկեղեցական համայնք կամ կրօնական փոքրամասնութիւն, այլ՝ որպէս ազգային փոքրամասնութիւն։ Իր այս մօտեցումը թէեւ վտանգաւոր կրնար ըլլալ Թուրքիոյ հայութեան համար, ի վերջոյ անոր կրօնական փոքրամասնութիւն ըլլալը ամրագրուած էր 1923֊ի Լօզանի դաշնագրին մէջ, ինչը Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին անոր տուած էր իր իրաւունքները, սակայն, ունէր քաղաքական այլ նպատակներ եւս։

Թուրքիացի այս հայուն, սակայն, չհանդուրժեց Թուրքիան, Թուրքիոյ պետութիւնը։ Չհանդուրժեց, որովհետեւ ան Թուրքիոյ հասարակութեան հետ կը խօսէր իրեն հասկնալի լեզուով, իրեն հասկնալի ոճով եւ ատոր մէջ Թուրքիոյ պետութիւնը վտանգ տեսաւ։ Վտանգ՝ որովհետեւ Հրանդ Տինքը սկսած էր համոզել Թուրքիոյ հասարակութեան, որ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել տասնամեակներ շարունակ իրենց մատուցուած պաշտօնական «իրականութիւնը», սկսած թրքական ինքնութենէն մինչեւ Թուրքիոյ պատմութիւն։ Սպանութենէն երկու ամիս առաջ, մեր վերջին հանդիպումին, Թեհրանի մէջ, Հայ Դատի Թեհրանի յանձնախումբի կազմակերպած «Հայ Դատն այսօր» 4րդ խորհրդաժողովին, Տինք հրաշալի ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցի տագնապը։ Հայոց Ցեաղսպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ ան կը համարէր կարեւորագոյն խնդիր եւ համոզուած էր, որ այդ ճանաչումը տեղի չունենար մէկ մտահոգութեամբ. ան ըսաւ. «Անոնք ունին ուրիշ մտավախութիւն […]. անոնք ստեղծեցին նոր քաղաքացի մը, նոր ինքնութիւն մը, որ կը կոչուի թուրք, եւ ատիկա ունի իր պատմութիւնը, իր մշակոյթը, որ արհեստական պատմութիւն է, արհեստական մշակոյթ է եւ եթէ հիմա այդ ինքնութիւնը [Ցեղասպանութեան ճանաչումով] չեղեալ ըլլայ, երկրաշարժ կ՚անցնէ, եւ եթէ այդ ինքնութիւնը կը տապալի, այդ երկի՛րը կը տապալի»։

Հայաստանի մէջ վերջին անգամ զինք տեսայ 2006֊ի Սեպտեմբեր 21֊ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15֊ամեակին առիթով զինուորական շքերթին։ Յատուկ եկած էր ներկայ ըլլալու։ Այդ մթնոլորտին մէջ ալ առիթ ստեղծեց իր քաղաքական գաղափաարներէն մէկը փոխանցելու, որպէս խորհուրդ։ Նոյն տեսակէտը ան բարձրաձայնեց Թեհրանի մէջ, վերոյիշեալ խորհրդաժողովի ընթացքին։

Ի՞նչ էր Հրանդի միտ բանին։ Ան կ՚ըսէր, որ անշուշտ կարեւոր է որ տարբեր երկիրներ, եւրոպական երկիրներ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Սակայն, հարց կու տար Տինք. «Արդեօք կարելի չէ՞ ուրիշ բաներ պահանջել անոնցմէ՝ վասն հատուցում անցեալի նկատմամբ։ Եթէ ինծի հարցնէք՝ եւրոպացիները պէտք է այն գիտակցութեան յանգին, որ իրենք պատասխանատու են այս ժողովուրդին նկատմամբ եւ այսօր հատուցում պէտք է վճարեն այս ժողովուրդին»։ Եւ Տինք կ՚առաջարկէր, որ այդ հատուցումը ըլլայ այնպէս, որ Թուրքիոյ Եւրամիութեան անադամակցելու ժամանակ, Հայաստան եւս ընդունուի որպէս Եւրամիութեան անդամ։ «Կը խորհիմ, որ Եւրոմիութեան անդամակցիլ Հայաստանի համար թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ադրբեջանի այդ պաշարումէն ազատուիլ կը նշանակէ, թէ՛ Ռուսիոյ ձեռքէն ազատուիլ կը նշանակէ եւ թէ՛ զարգանալ կը նշանակէ, ապահովութիւն կը նշանակէ, անվտանգութիւն կը նշանակէ»։

Տինքի շարք մը այլ քաղաքական հայեացքներուն նման, այս ալ կարելի է համարել «ռոմանտիկ», ինչպէս ինք կը համարէր ինքզինք։ Սակայն, անառարկելի է, որ իւրայատուկ գաղափար էր։

Տինքի այս ու շարք մը այլ քաղական հայեացքներուն համար մենք ընդդիմախօսներ էինք։ Սակայն, այդ պատճառ չէր որ մենք միասին չգործակցէինք։ Այդ կը պարտադրէր Հրանդի ինքնավստահութիունը, իր գաղափարներուն համոզուածութիւնն ու նուիրուածութիւնը։

Կ՚ուզեմ աւարտել Տինքի հիմնադրած և խմբագրած «Ակօս» շաբաթաթերթի այս՝ 10րդ տարելիցին առիթով բացառիկին համար խնդրած իմ «Տինքին նամակ»ովս, որ լոյս տեսաւ թերթի այսօրուան հայերէն և թրքերէն թիւին մէջ։ Այնտեղ կ՚եզրականացնեմ.

«Վստահաբար ուրիշներ ալ արդէն քեզի տեղեկացուցած կ՚ըլլան, որ այս տասը տարուան մէջ բաւական բան փոխուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, մէկ քայլ առաջ-երկու քայլ ետ կշռոյթով։ Անկեղծ ըսած, վստահ չեմ, որ դուն պիտի ուզէիր այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ ողջ ըլլալ, ֆիզիքապէս՝ ողջ։

«Սակայն, այլապէս, ինչպէս արդէն ըսի, դուն կաս։ Դուն կաս շատերու մօտ եւ իւրաքանչիւրը քեզի կը յիշէ իւրովի։ Շատեր ուրիշ շատերու կողմէ քու մասին ըսածները լսելով, կրնան զարմանալ եթէ բոլորը նոյն մարդուն՝ քու մասիդ կը խօսին։ Ամենայնդէպս, ինծի համար կարեւորը այն է, որ քու մասիդ կը խօսի, կը մտածէ Թուրքիոյ, գոնէ՝ Պոլսոյ հայ երիտասարդութեան մէկ մասը եւ այն ալ՝ խոր յարգանքով, անկեղծ սիրով եւ կարծես որոշեր է վարակուիլ, կամ արդէն վարակուեր է, քու համարձակութեամբ, քու ինքնավստահութեամբ։

«Ի դէպ, 2013-ին այցելեցի քու սպանութեան վայրը, քու աշխատանքի վայրը եւ քու շիրիմիդ։ Չկրցայ չջղայնանալ այդ մեծ անարդարութեան յիշեցումէն։ Խօսակիցներուս կը կրկնէի, որ դուն երկրորդ անձն էիր, որ զիս հրաւիրած էիր Պոլիս։ Առաջինը, ժամանակին իշխող AKP կուսակցութեան երեսփոխան մը, արդէն փախստական էր երկրէն դուրս։ Իսկ դուն… դուն ալ սպաննուած՝ պետութեան կողմէ։ Ամենայնդէպս, կը կարծեմ, որ շատեր պիտի ուզէին գոնէ քեզի պէս ապրիլ այդ երկրին մէջ։

«Հողը դեդեւ գայ, սիրելի Հրանդ։»

1