Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սիսի Հարցով Դատ Պիտի Բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին Մէջ
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սիսի Հարցով Դատ Պիտի Բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին Մէջ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սիսի Հարցով Դատ Պիտի Բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ ետք, Ապրիլ 28, 2015ին, կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացած էր՝ վերոյիշեալ պահանջով: Սահմանադրական դատարանը իր կարգին դիմած էր Թուրքիոյ արդարութեան նախարարութեան՝ անոր կարծիքը ստանալու: Վերջինս թելադրած էր մերժել դատը՝ զայն Սահմանադրական դատարանին իրաւասութեան սահմաններէն դուրս նկատելով:

Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշեց դիմել Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսա):

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Պրիւքսէլի մամլոյ ակումբին մէջ, տեղական ժամով՝ կէսօրէն ետք ժամը 1ին տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, մասնակցութեամբ տեղական ու միջազգային մամլոյ գործակալութիւններու, քաղաքական պատասխանատուներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու: Մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցին նաեւ վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչը, Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը եւ նշեալ դատը հետապնդող իրաւաբաններու խմբակէն հինգ անձեր

1