ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Ղեկավարներուն Հետ Քննեց Առաջնահերթ Հարցեր
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Հասարակական » ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Ղեկավարներուն Հետ Քննեց Առաջնահերթ Հարցեր

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Ղեկավարներուն Հետ Քննեց Առաջնահերթ Հարցեր

«Իմ Արցախը» խորագիրով Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի պատկերասփիւռային դրամահաւաքին ընդառաջ, Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեան, Նոյեմբեր 22ին հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ, «Փէշէքէրեան» կեդրոնին մէջ։

 

Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ խորհրդակցութեանց մասնակցեցան ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, Գարմէն Օհանեան եւ Վաչէ Թովմասեան, ինչպէս նաեւ՝ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան։

 

Հանդիպման ընթացքին, Պարգեւ սրբազանը անդրադարձաւ յատկապէս Արցախի քառօրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային զոհերուն եւ վնասներուն, ինչ որ խաթարած է շրջանին համեմատական խաղաղութիւնը։

 

Իր կարգին, փոխվարչապետ Աղաբեկեան անդրադարձաւ սահմանները պաշտպանելու համար Արցախի իշխանութեան որդեգրած քայլերուն՝ աւելցնելով, որ աշխատանք կը տարուի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորող քայլերու ուղղութեամբ։ Ան շեշտեց, թէ այս տարուան պատկերասփիւռային դրամահաւաքէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար որդեգրուելիք վերոյիշեալ աշխատանքներուն։ Աղաբեկեան նաեւ փոխանցեց, թէ Արցախի իշխանութիւններուն ջանքերով, բանակին հարկաւոր տարազներուն եւ այլ կարիքներուն մէկ մասը սկսած է արտադրուելու Արցախի մէջ։

 

Շեշտուեցաւ նաեւ, որ մինչ, ներկայ հանգրուանին, ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Արցախի ժողովուրդի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն վրայ, աշխատանք կը տարուի միաժամանակ Արցախէն ժողովուրդին արտահոսքը կասեցնելու ուղղութեամբ եւ երաշխաւորելու, որ վերջին յարձակումներուն ընթացքին պարպուած գիւղերը վերաբնակեցուին։

 

Աղաբեկեան նաեւ Արցախի կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին, որ կը շարունակէ հաստատակամօրէն նեցուկ կանգնիլ Արցախի բարգաւաճումը ապահովելու նախաձեռնութիւններուն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս նպատակով համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի Արցախի իշխանութեան հետ։

 

Իր կարգին, Տարօն Տէր Խաչատուրեան ողջունեց հիւրերը եւ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կոչ ըրած է իր շարքերուն եւ համակիր կազմակերպութիւններուն, որ առատաձեռն մասնակցութիւն բերեն պատկերասփիւռային դրամահաւաքին, միաժամանակ բացատրութիւններ տալով քառօրեայ պատերազմէն ետք կուսակցութեան կողմէ Արցախի ի նպաստ իրագործուած ծրագիրներուն մասին։

 

Տէր Խաչատուրեան լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներու կողքին» արշաւին բերած նպաստը՝ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, միաժամանակ աւելցուց, թէ նոյն նախաձեռնութեան շնորհիւ, կարելի եղած էր 2000 քնապարկեր հասցնել Արցախի զինուորներուն։

 

Վերջապէս, Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ շրջանին մէջ կայանալիք՝ ՀՅԴ-ի 126ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Արցախին, անոր ազատագրական պայքարին եւ դիմադրական հերոսական ոգիին։

1